Լիբանանի մէջ հոկտեմբեր 2019-ին սկիզբ առած տնտեսական եւ քաղաքական տագնապին օր ըստ օրէ վատթարացող անկայուն առողջապահական եւ ընկերային կացութեան ու լիբանանեան թղթոսկիին արձանագրած նահանջին իբրեւ հետեւանք, լիբանանցի քաղաքացին այսօր կը գտնուի մութ անորոշութեան մէջ: Առաւելաբար, 4 օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ահաւոր պայթումէն ամիսներ ետք, հարիւրաւոր ընտանիքներ տակաւին կը դիմագրաւեն կենցաղային բազմաթիւ դժուարութիւններ:
Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) Լիբանանի տագնապին առաջին օրէն ի վեր իր աշխուժ մասնակցութիւնը բերաւ լիբանանահայութեան օժանդակութեան: 2020 տարուան ընթացքին սկիզբ առած մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրները Լիբանանի մէջ տակաւին կը շարունակուին մեծ թափովի պատիւ ՀՕՄ-ի համակիրներուն առատաձեռն նուիրատուութիւններուն եւ ՀՕՄ-ի միաւորներուն ճիգերուն: Լիբանանահայ օգնութեան խաչը (ԼՕԽ) ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հետ աշխատանքները համադրելով
ճիգ չի խնայեր ձեռք երկարելու տասնամեակներ շարունակ հայութեան բաբախող սիրտը եղած լիբանանահայ գաղութին:
Առաջին հերթին 8000 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ սննդեղէնի տուփեր բաժնուեցան 100 կարիքաւոր ընտանիքներու՝ ԼՕԽ-ին կողմԷ: Իսկ յաջորդող ամիսներուն, «Քորոնա» ժահրին եւ 4 օգոստոսի պայթումին հետեւանքով, շաբաթական 200 բաժինի փոխարէն 1600 բաժին տաք ճաշ սկսաւ տրամադրուիլ կարիքաւոր պարագաներու: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին, ընդհանուր 224.426 ամերիկեան տոլար յատկացուած է սոյն ծրագիրին:
Սղաճին պատճառով, առօրեայ այլ կարիքներու պէտքը բնականաբար աւելի զգալի եղած է: Պայթումէն ետք երկրին մէջ ժահրին տարածումը անխուսափելի էր, իսկ մաքրութեան պիտոյքներու եւ հականեխիչ հեղուկներու կարիքըմեծ: Հետեւաբար, 3000 ընտանիքներ ստացան մաքրութեան իրեր
ընդհանուր 28.522 ամերիկեան տոլարի արժողութեամբ: Իսկ ձմրան ամիսներուն 11.000 արժողութեամբ ծածկոյթներ բաժնուեցան ընտանիքներու:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքով, երեք փուլով առաքուեցան անմիջական օժանդակութեան իրեր եւ դեղորայք, որոնք օգտակար եղան ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոն դիմողները խնամելու համար: 300 մանուկներ ստացան կաթ եւ շոր, իսկ 310 տարեցներ օգտուեցան կենցաղային իրերէ: Մարտ 2020-փետրուար 2021-ին, ՀՕՄ-ի Լիբանանահայութեան շտապ օժանդակութեան ֆոնտէն 126.985 տոլար տրամադրուած է ընդհանուր 3151 պարագաներու դեղորայքի, շտապ օգնութեան, բժշկական, ընկերային եւ հիւանդանոցային ու տարրալուծարանի քննութիւններու կարիքներուն հասնելու համար:
Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն վնասներ կրած հայորդիներուն աջակցելու նպատակով Լիբանանի մէջ կազմուած է ԿԱՄՔ-ը (Արտակարգ իրավիճակներու մարմին), որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ԼՕԽ-ը: ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ 2978 պարագաներու մատուցուած են «Քորոնա» ժահրի քննութիւններ, որոնց ընդհանուր գումարը կը հաշուէ 27.917 տոլար: Նոր տարուան շրջանին, ԿԱՄՔ-ի ճամբով եւ ԼՕԽ-ի 90.000 տոլարի մասնակցութեամբ, 5200 ուտեստեղէնի տուփեր պատրաստուեցան եւ բաշխուեցան հայ ընտանիքներու: Առաւելաբար, ՀՕՄ-ուհիներու մասնակցութեամբ, բնակարանային այցելութիւններ տեղի կ՛ունենան Պէյրութի պայթումէն վնասներ կրած ընտանիքներուն: Անոնց բնակարանային պէտքերը քննելէ ետք, ցարդ 33.000 տոլարով ՀՕՄ-ը իր մասնակցութիւնը բերած է 180 ընտանիքներու նիւթական յատկացումներ կատարելու եւ/կամ տնային գործիքներ գնելու համար:
Նկատի ունենալով Լիբանանի ներկայ իրավիճակը, որուն պատճառով բազմաթիւ հայ ընտանիքներու եկամուտը նուազած կամ դժբախտաբար բոլորովին չքացած է, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատելով Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին դերը հայեցի դաստիարակութեան գործունէութեան մէջ, Կեդրոնական վարչութիւնը 25.000 ամերիկեան տոլար տրամադրեց Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի ՀՕՄ-ի «Նորսիկեան» մանկապարտէզին:
Լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան կարիքը այսօր աւելի քան երբեք զգալի է լիբանանահայ գաղութին մէջ, որ գոյատեւման խիստ խոչընդոտներ կը դիմագրաւէ: Երախտապարտ ենք ՀՕՄ-ի բոլոր համակիրներուն, նուիրատուներուն եւ միաւորներուն, որոնց ներդրումը այս դժուար պայմաններուն մէջ առիթը կ՛ընծայէ գործադրելու բարեսիրական ծրագիրներ, թիկունք կանգնելով սփիւռքի անդրանիկ եւ հայահոծ գաղութի մեր հայրենակիցներուն:
Նուիրատուութիւններու համար կարելի է այցելել https://ars1910.org/4lebanon կայքէջը:
Հայ օգնութեան միութիւնը հիմնուած է 1910-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ: Անիկա ինքնավար, ոչ կառավարական եւ ոչ յարանուանական մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը հոգայ հայ ժողովուրդի մարդկային կարիքները եւ կը ձգտի պահպանել հայ ազգի մշակութային ինքնուրոյնութիւնը:
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Yorumlar kapatıldı.