İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ազգային Միացեալ Վարժարանի 308 Ընտանիքներ Թապլեթ-ներ Ստացան

Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը յայտնէ, թէ վարժարան յաճախող աշակերտներու 308 ընտանիքներու յանձնուեցան թապլեթ-ներ` նուիրուած «Աներա» կազմակերպութեան կողմէ:

Նկատի ունենալով «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով մեր իրականութեան մէջ ստեղծուած նոր պայմաններն ու առցանց ուսուցման դրութեան որդեգրումը, նաեւ գիտակցելով, որ բոլոր ընտանիքներն ալ կարելիութիւն չունին այս նոր ոճին յարմարելու պայմաններն ու անհրաժեշտ սարքերը, վարժարանի պատասխանատուները անհրաժեշտ նկատեցին կարելի եղած սահմաններուն մէջ նեցուկ կանգնելու անոնց եւ ապահովելու աշակերտներուն հետեւողական եւ մատչելի ուսուցումը:

Այսպիսով վարժարանի այն աշակերտները, որոնք թապլեթ-ներու չգոյութեան պատճառով դժուարութիւն կ՛ունենային հետեւելու առցանց դասաւանդութեան, ունեցան իրենց սեփական գործիքները:

Վարժարանի տնօրէնութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ «Աներա» կազմակերպութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ օժանդակութեան ձեռք երկարել տնտեսական ծանր կացութիւն դիմագրաւող աշակերտներուն, որոնց իրաւունքն է նաեւ առցանց դասաւանդութեան հետեւիլ հեզասահ եւ մատչելի կերպով:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.