«Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի չորս մրցումներուն դարձի ճակատումները կը կատարուին այսօր` հինգշաբթի, եւ անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան կիսաւարտականին հասնող չորս խումբերը:
Այսօրուան չորս մրցումներուն կարգին պիտի ըլլայ Ա. Էս. Ռոմա-Այաքս Ամսթերտամ ճակատումը, որուն ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Հիւրընկալ կազմէն Ա. Էս. Ռոմայի ընդհանուր խումբին մէջ պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Հռոմեան կազմի մարզիչ Փաուլօ Ֆոնսեքա իր ընտրած 21 ֆութպոլիստներուն շարքին առած է նաեւ Մխիթարեանը, որ երթի մրցումէն բացակայեցաւ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Նշենք, որ երթին, Ա. Էս. Ռոմա Այաքս Ամսթերտամի դաշտին վրայ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Yorumlar kapatıldı.