İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Միհրան Յարութիւնեան Ստացաւ «Ոսկիէ Խաչ» Շքանշան

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, խառն մենամարտերու մարզիկ Միհրան Յարութիւնեան յատուկ շքանշան մը ստացաւ Ռուսիոյ Հայերու միութեան կողմէ:

«Այսօր ստացայ «ՈսկիԷ խաչ» շքանշանը Ռուսիոյ Հայերու միութեան կողմէ: Շնորհակալութիւն` այս յարգալիր ուշադրութեան համար: Սփիւռքը պէտք է կարեւոր դեր խաղայ Հայաստանի զարգացման մէջ, անոր ներուժը պէտք է օգտագործուի բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

«Ներկայիս, դժբախտաբար, սփիւռքի ճամբան Հայաստանի համար դժուար է եւ շատ յաճախփակ: Մենք պէտք է ոչ թէ խօսքով, այլ գործով ստեղծենք միասնական հարթակ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք: Մենք բոլորս ալ հայ ենք, պէտք է օգտակար ըլլանք մեր պատմական հայրենիքին», ըսաւ Յարութիւնեան:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.