Ռուսիան ու Իրանը Կարեւոր կը նկատեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քաղաքական-դիւանագիտական մնայուն լուծումը եւ այս ծիրին մէջ քննարկած են շրջանային երկիրներու հաւանական դերակատարութիւնը:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ իր հանդիպումի աւարտին:
Ան յայտարարած է, որ Զարիֆի հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը եւ այնտեղ Ռուսիոյ կողմէ գործադրուող միջնորդական ջանքերը, որոնց շնորհիւ կը պահպանուի կրակոցի դադրեցման համաձայնութիւնը:
«Մենք ընդգծած ենք տագնապի հետեւանքներու յաղթահարման եւ ընդհանուր առմամբ քաղաքական-դիւանագիտական մնայուն լուծման հասնելու կարեւորութիւնը` արդար հիմքի վրայ եւ ի շահ հայ ու ազրպէյճանցի ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ քննարկած ենք, թէ այս հոլովոյթին մէջ ի՛նչ դերակատարութիւն կրնան ունենալ շրջանի երկիրները», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Yorumlar kapatıldı.