Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի բոլորին կոչ կ՛ուղղէ` միանալու «Չէյնճ.օրկ» հարթակին վրայ նախաձեռնուած «Այո՛, ասիկա ցեղասպանութիւն է» ստորագրահաւաքին, որուն նպատակն է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Ես Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթին եմ, եւ այստեղ եմմիանալու հազարաւորներու պարզ կոչին, որ է
ճշմարտութիւնը ըսելու ժամանակն է: Ժամանակն է յիշել պատմութեան ողբերգութիւնները, որպէսզի մենք ատոնք այլեւս չկրկնենք: Ժամանակն է, որ բոլորս, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, Լոս Անճելըսի վարչակազմը, Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի իշխանութիւնները միաձայնութեամբ յայտարարեն«մենք կը ճանչնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը»: Մենք կը սգանք մահը այն 1,5 միլիոն հայերուն, որոնք դաժանօրէն սպաննուած են կանոնաւոր ահաբեկման արշաւի ընթացքին: Մենք միշտ պիտի կանգնինք հայերու կողքին, որոնք արդարութեան, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ջատագովն են: Ես բոլորին կոչ կ՛ուղղեմ
միանալու «Չէյնճ.օրկ» հարթակին վրայ նախաձեռնուած «Այո՛, ասիկա ցեղասպանութիւն է» անունով ստորագրահաւաքին: Բոլորս պէտք է յիշենք մեր անցեալի իրականութիւնը` աւելի լաւ ապագայ կերտելու համար», ըսած է Կարսեթի:
Yorumlar kapatıldı.