İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Փութին Ալիեւի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Իրավիճակը

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Զրուցակիցները շարունակած են քննարկումները Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին եւ անոր հետագայ կայունացման մասին` համապատասխան Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի առաջնորդներու 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի յայտարարութիւններուն:

Յատկապէս, առարկայական դիտարկուած են խաղաղութեան ապահովման, անվտանգութեան եւ շրջանի ընկերային-տնտեսական աստիճանական զարգացման հարցերը, ինչպէս նաեւ փոխադրական հաղորդակցութիւններու վերականգնման աշխատանքներու ընթացքը:

Միաժամանակ, հաշուի առնուած են Մոսկուայի մէջ 7 ապրիլին տեղի ունեցած ռուս-հայկական բարձր մակարդակի բանակցութիւններու արդիւնքները:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է աշխուժացնելու կապերը տարբեր ձեւաչափերով:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.