İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Վառնաւա» Հիմնադրամը Բրիտանիոյ Վարչապետին Կոչ Ուղղած Է Պաշտօնապէս Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

«Վառնաւա» միջազգային հիմնադրամի ղեկավար Փաթրիք Սուքխտէոն նամակ գրած է Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընինկոչ ուղղելով պաշտօնապէս ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեաներու ցեղասպանութիւնը, որուն պատճառով զոհուած է 3,75 միլիոն քրիստոնեայ հայեր, ասորիներ, սուրիացիներ եւ յոյներ:

«Քրիստոնեաներու ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի օգնէ կանխարգիլել ապագայ ցեղասպանութիւնները քրիստոնեաներուն եւ յատկապէս հայերուն, որոնք այժմ նոյնպէս վտանգի տակ են», կը նշուի նամակին մէջ:

«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ճիշդ եւ արդարացի քայլ պիտի ըլլայ, որ ցոյց պիտի տայ, թէ ցեղասպանութիւնները չեն անտեսուիր, եւ անոնց կրկնութիւնը անթոյլատրելի է», կը նշուի նամակին մէջ:

Սուքխտէօ նաեւ յիշեցուցած է Ճոնսընի թուրք լրագրող պապիԱլի Քեմալի մասին, որ փորձած է քայլերու ձեռնարկել հայերու ցեղասպանութեան դէմ եւ ի պատասխան 1922-ին «Օսմանեան կայսրութեան անհաւատարիմ ըլլալու համար խոշտանգումի դատաստանի ենթարկուած է»:

Նամակը Տաունինկ Սթրիթ ուղարկուած է 18 մարտին:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.