İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը Բաց Նամակով Կոչ Ուղղած Է Վարչապետին` Պաշտօնապէս Ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը

Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին ընդառաջ, Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը տեղւոյն հայկական համայնքին անունով բաց նամակ յղած է վարչապետ Սքոթ Մորիսընին` կոչ ուղղելով ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու, ինչպէս նաեւ ասորիներու ու յոյներու դէմ իրականացած ցեղասպանութիւնը:

Յանձնախումբը յորդորած է վարչապետին` հաւատարիմ մնալ տակաւին 2011-ին խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին, որուն մէջ ան յատկապէս յայտարարած էր. «Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ իրականացած ամէնէն սարսափելի յանցագործութիւններէն է: Կարեւոր է, որ մենք ճանչնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը այնպէս, ինչպէս որ է»:

Ի տարբերութիւն խորհրդարանական տարիներու գործունէութեանարդէն վարչապետ Մորիսըն, որ պաշտօնը կը զբաղեցնէ 2018-էն, հրաժարած է կիրարկել «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը տեղի տալով արտաքին ճնշումներուն:

«Հիմա Ցեղասպանութեան ճանաչման ժամանակն է: Աւստրալիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին շուրջ փոփոխուող քաղաքական մթնոլորտը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ միջազգայնօրէն կատարուող դրական քայլերը կը ստիպեն մեզի հաւատալու, որ հիմա է ժամանակը», նշուած է նամակին մէջ:

Յանձնախումբը նշած է, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելը պէտք չէ պատճառ դառնայ, որ փոխուին անձի արժեհամակարգն ու տեսակէտները:

Նշելով, որ Սպիտակ տունէն եւս կան դրական ազդակներ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ, յանձնախումբի անդամները շեշտած են, որ հիմա ճիշդ ժամանակն է մերժելու սպառնալիքները, զորս կը կիրարկէ բռնապետական Թուրքիան:

«Աւստրալիոյ 50 հազարնոց հայկական համայնքին անունով մենք կոչ կ՛ուղղենք ձեզի1915-ի դէպքերը պաշտօնապէս կոչելու իրենց անունով Ցեղասպանութիւն», նշուած է նամակին մէջ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.