İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ասորի Եկեղեցւոյ Պատրիարք Աֆրամ Բ. Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Կիրակի, 4 ապրիլ 2021-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Իգնատիոս Աֆրամ Բ. ասորի եկեղեցւոյ պատրիարքին, որուն կ՛ընկերանային Լիբանանի ասորի համայնքի երկու առաջնորդներ եւ այլ հոգեւորականներ: Հանդիպման վեհափառ հայրապետին կողքին էին Օշական արք. Չոլոյեան, Շահան արք. Սարգիսեան եւ Մակար եպս. Աշգարեան:

Եղբայրական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու եկեղեցիներու առնչուած հարցեր ու յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ անոնց գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու, ինչպէս նաեւ շրջանի միւս եկեղեցիներուն հետ կապերը աւելի սերտացնելու կարելիութիւնները:

Զատկուան առիթով պատրիարքը իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց վեհափառին, մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին:

Յայտնենք, որ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով Արամ Ա. շնորհաւորական նամակներ ստացաւ Ֆրանսիս պապէն, կաթողիկէ, ուղղափառ եւ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերէ, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներու դեսպաններէ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.