ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Կար ժամանակ, որ աղանդներու գործունէութեան լուրերը ողողած էին հայ իրականութիւնը, մասնաւորաբարհայրենիքի մէջ: Հակառակ զգուշացումներու եւ հերթական բարձրաձայնումներու
անոնց վտանգաւոր գոյութեան ու ազգաքանդ աշխատանքին մասին, միայն ծիծաղի ու հեգնանքի արտայայտութիւններ կը լսուէին այս ու այդ կողմ, պատասխանատուի(ներու) կամ հոգեւոր պետի(երու) բերնէն:
Կարծես, ոչինչ կը պատահէր` հայ կեանքը յուզող կամ ալեկոծող երեւոյթներու դէմ յանդիման: Ազգային կեանքի թերութիւններն ու ղեկավար մակարդակի տարբեր տեսակի ապիկարութիւնները կուրցուցած էին հայ հասարակութիւնը ու զինք մղած յանձնապաստան կեանքի, անտարբերութեան եւ անձնասիրութեան:
Իսկ ժամանակ մը ետք, աղանդաւորներու կողքին ի յայտ սկսան գալ, եկան աւելի վտանգաւոր ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, որոնց, այսպէս ըսած, «բարեկիրթի» ու «մարդասէրի» պահուածքը կլանեց, յափշտակեց, ոգեւորեց, այս պարագային, երիտասարդութիւնը, որ, իր կարգին ունէր արդարացի պահանջներ, մտահոգութիւն, ընդվզում, ազատ խօսքի ու քննական մտքի ծարաւ, հինը մերժելու տրամադրութիւն, նոր արժէքներ ներմուծելու եռանդ, գործի ասպարէզի պատեհութիւն եւ այլն:
Սակայն, մէկ կողմէ, մերթ ընդ մերթ յստակացաւ, որ աղանդաւորները կը միտէին հարուածել ընկերային կարգն ու սարքը, կասկած, շփոթ ու խարխափում սերմանելով շուրջ բոլոր, եւ, միւս կողմէ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ` սպառազինուած իրենց նիւթական հսկայական միջոցներով ու թաքուն ծրագիրներով, կը փորձէին կամաց-կամաց ներգրաւել երիտասարդ տարրեր ու լծուիլ պետութեան քանդումի աշխատանքին:
Ու մարդկութիւնը համակ ականատես եղաւ գունաւոր յեղափոխութիւններու հարսանիքի մը, որ կրցաւ ցնցել ու արժեզրկել դասական ըմբռնումները, կենսակերպն ու հայեցակարգերը:
Մեր դատումին մէջ չափազանցած չենք ըլլար, եթէ հաստատենք, որ նոր օրերու այս «խաչակրութեան» պատերազմին դէմ փոքր կամ «խեղճացած» ժողովուրդներ ու պետութիւններ արդէն պարտուած են, ինքնալուծարուած եւ բարոյազրկուած:
Պատերազմ, որ չունի յաւակնութիւն մրցելու Ա. եւ Բ. Աշխարհամարտի այս կամ այն յաղթանակին կամ կորուստին հետ, այլ կը նպատակադրէ երկրագունդի ամբողջ պատկերը փոխուած տեսնել գալիք տասնամեակներուն:
Իսկ պատերազմ յայտարարողները հանրային կեանքի մէջ կ՛ընկալուին իբրեւ մարդկային արժէքներով առաջնորդուող կազմակերպութիւններ (քարոզչութիւն եւ ուղեղալուացք), որոնց ծնունդը արդարացի է եւ հրամայական պահանջ: Անոնք աշխարհին ծանօթ են իրենց խայտաբղէտ կառուցուածքով, նպատակներու այլազան ու շատ անգամ անսովոր ներկայութեամբ (միասեռականներու տեսականի եւ այլն):
Փաստօրէն, անոնց աշխատանքի ամենացայտուն հարթակը ժողովուրդներու ծառայութիւնն է, նիւթապէս, բարոյապէս եւ գիտութեամբ օժանդակութիւնը` յանուն նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման, ժողովրդավար կարգերու պայծառացման եւ նորահաս սերունդի առողջ դաստիարակութեան: Հզօր պետութիւններու որոշումի ճարտարապետները վերջին տարիներուն իրենց ռազմաքաղաքական հաշուարկին մէջ վճռորոշ դերն ու ազդեցութիւնը վերապահած են այս տիպի քաղաքականութեան որով կը յաջողին հասնիլ իրենց բացայայտ ու թաքուն ծրագիրներու իրագործման:
Ներկայ ժամանակներու ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական կեանքի բոլոր տուեալները կ՛ապացուցեն, որ այսօրինակ պարտերազմ(ներու) դէմ կրնան յաղթել բոլոր անոնք, որոնք քայլ կը պահեն արդի կեանքի պարտադրանքներու հետ եւ հեռու կը մնան ժողովուրդներու շահագործման ու ստրկացման գործելակերպերէ:
Աւելի՛ն. անոնք կը յաղթեն, երբ ոչ մէկ ատեն կ՛արհամարհեն երիտասարդութեան արդար բողոքը, ընդվզումը, պոռթկումն ու պահանջատէրի զգացողութիւնը, նամանաւանդ` ազգային բացմիտ կրթութիւնն ու մտածողութիւնը:
Արդ, «հին»-երու ափսոսանքը ի զուր կը հնչէ թշուառ նիկոլականներու դիմաց:
Պարզապէս մենք չքնաղ Արցախը կորսնցուցինք եւ ոչ միայն:
Yorumlar kapatıldı.