İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ԽԱՒԱՐԻՆ ՄԷՋ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԸ ԿԸ ՇՈՂՇՈՂԱՅ ՄԱՀՈՒԱՆ ԴԷՄ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՅՔԱՐԻ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

«Սա է կեանք, յոյս, ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ, քաւութիւն եւ թողութիւն մեղաց»։

Գոհութիւն եւ փառք անզուգական Յարուցելոյն, որ տարի մը եւս Քրիստոնէական հաւատքի ամենէն հարազատ եւ հիմնական աւետիսը ամենայն ազդեցութեամբ կ՚արձագանգէ մեր օճախներէն ներս.

«ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ»։

Կարճ սակայն նշանակալից ու նոյնքան սրտաշարժ տողերով կազմուեր են մեր անմոռանալի ու կենարար այս դաւանանքը։ Կեանքի բոլոր դժուարութեանց, փոթորկալից մահաստուեր խոցերուն մէջ միշտ սպասուած աւետը եղեր է ան Քրիստոնեայ հաւատացեալին։ Իսկ, հոգեւոր վերածնունդին նոր շունչը այս տարի կարծէք առաւել եւս կը պատէ բոլորս ու որպէս զովացուցիչ զեփիւռ կը փորձէ խաղաղութիւն շնորհել նեղութեամբ հալած ու մաշած ապաշխարողներուս։ Կարծէք, բնութեան գարնանային վերածնունդը, անգամ մը եւս արեւաշող մեր դաշտերուն մէջ, դալարապատ բերանով կը խօսի յարութեան ներկայութեան եւ ազդեցութեան մասին։ Տակաւին բազում գեղահիւս արտայայտութիւններով կրնան նշուիլ յարութեան եւ վերածնունդի նշանակութիւնը աշխարհէ ներս, իսկ մենք եկէ՛ք ընտրենք համաքրիստոնէական այս մեծ տօնին արժէքը ներկայացնող մեծ աւետիսի հետեւեալ տողերը. «Փա՜ռք յարութեան Քո, Տէ՛ր. ես ոչ դադարեցայց, Փրկիչ, փառաւորել զքեզ զամենայն աւուրս կենդանութեան իմոյ»։

Բազում ժողովուրդներ, թէ՛ բանաւոր եւ թէ՛ գրաւոր, իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ անդրադարձած են յարութեան մշուշոտ գաղափարին։ Հոգիի անմահութիւնը, յաւիտենական կեանքի գաղափարը նոյնիսկ եղեր է նախաքրիստոնէական շրջաններուն հաւատալիքը եւ բազում անձինք անկախ իրենց հաւատքէն, տարբեր հասկացողութիւններով թեկուզ հետեւորդները եղեր են այս փիլիսոփայութեան։ Հեթանոսներ, կռապաշտներ, Հին Ուխտի ժողովուրդներ եւ տակաւին շատեր, միշտ իղձն ունեցեր են յաւիտենապէս ապրելու։ Եգիպտոսի պատուակալ փարաւոնները նոյնիսկ փափաքն ունենալով անմահանուն դառնալու, յատուկ ձեւով կազմաւորեր են իրենց գերեզմանները։ Անմահութեան գիտակցութիւնը, տարբեր դարերուն, տարբեր մշակոյթներուն, տարբեր հաւատալիքներուն մէջէն ժայթքելով իր կնիքը դրոշմեր է պատմութեան։ Քրիստոնէական հաւատքը եւս անմասն չէ մնացած յարութեան գաղափարէն եւ իր ներդրումը բերած է համամարդկային պատմութեան, սակայն ունենալով շատ հզօր, շօշափելի եւ ուրոյն տարբերութիւն մը։ Քրիստոսի խաչելութեան յաջորդած է թաղումը եւ յաղթական Ս. Յարութիւնը, բան մը որ մշուշոտ, անորոշ ու վերացական գաղափարները պատմական իրողութեան վերածած է։ Պատմական տուեալներու լոյսին ներքեւ մանրամասնութիւններով հանդերձ որպէս վկայութիւն կը յիշատակուի Քրիստոսի մեծ յաղթանակը՝ մեռելներէն յարութիւն առնելն ու ժայռափոր գերեզմանը թափուր թողուլը։ Քրիստոսի Յարութիւնը թէ՛ եղած է պատմական յեղաշրջում Ս. Երուսաղէմ քաղաքին մէջ եւ թէ՛ Քրիստոսի հետեւորդներուն համար դարձած՝ զօրաւոր յոյսի աղբիւր մը։ «Գիտենք թէ Քրիստոս յարութիւն առած ըլլալով մեռելներէն՝ այլեւս չի մեռնիր, եւ մահը այլեւս չի տիրեր անոր վրայ» (Հռովմ. 6.9)։ Առ հասարակ, մեռելներէն յարութիւն առած Տէրը, Ս. Յարութեամբ կը հռչակէ թէ՝ մահը այլեւս անզօր է հոգիներու ապրելու կամքին դիմաց։ Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ, մարդու մեղքին պատճառաւ գոյացած հսկայ խորխորատը այլեւս իր ազդեցութենէն կը մերկանայ։ Երկինքն ու երկիր կը միանան Ս. Գերեզմանին մօտ եւ կը յայտարարեն թէ՝ սատանայի ամենէն զօրաւոր չարիքը՝ մեղքը, այլեւս պարտուած է Յարուցելոյն լոյսով ու փառքով։ Իսկ այժմ, Տիրոջ պահապան աջոյն ապաւինելու համար, լաւ առիթ մըն է Ս. Յարութեան Տաղաւարը, յատկապէս երբ արար աշխարհ կը պայքարի «Քորոնա» կոչուած աւերիչ հիւանդութեան հետ։

Հայ Եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան մէջ արտասանուած քարոզներէն միոյն մէջ հաւատացեալներ կը հրաւիրուին  մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը ու Ամենակալ Աստուածը փառաւորելու, քանի կիսամահութեան գիշերային քունի ժամերը բոլորելէ յետոյ խաղաղութեամբ հասած ենք առաւօտեան։ Խաւարի եւ լոյսի, մահուան եւ կեանքի իրերամերժ գաղափարներուն մրցակցութեան որպէս հետեւանք, առաւօտ մը եւս յաղթական ելած է լոյսը եւ կեանքը. «Եւ առաջնորդեաց մեզ ի խաւարէ ի լոյս. ի մահուանէ ի կեանս»։ Որքա՜ն գեղեցիկ արտայայտութիւն մը, որով կը յիշատակենք Աստուծոյ հիանալի առաջնորդութիւնն ու ընկերակցութիւնը դէպի բարիին, լաւին եւ գեղեցիկին։ Սաղմոսերգու Ս. Դաւիթին ներբողով. «Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, չարէն պիտի չվախնամ, վասն չի դուն ինծի հետ ես, Քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն» (Սղմ. 23.4)։ Մեղապարտ մարդկութիւնը, որ Աստուծմէ հեռու կը թափառի հոգեւոր անապատներու աւազներուն վրայ, Ս. Յարութեան Տօնին յանկարծ իր մօտ կը գտնէ Փրկիչ մը, որ զինք պիտի առաջնորդէ հանդարտ ջուրերու քով, ուր պիտի զովանայ։ Քրիստոս նոյնինքն անձնապէս, որպէս Յարուցեալ, պատրաստ է բոլորս խաւարէն ու մահէն փրկելու, բաւ է որ դոյզն հաւատքը ունենանք, իր հսկայածաւալ սուրբ առաքելութեան նկատմամբ։ Միշտ նկատի ունենանք թէ՝ Քրիստոսի Ս. Յարութեան պատմական իրողութիւնը Քրիստոնէական կեանքի հիմնաքարը եղաւ ու առաքեալներու քարոզութեան ուղն ու ծուծը դարձաւ այս խորհրդաւոր աւետիսը։ Ինչպէ՞ս չնշմարել թէ՝ Քրիստոսի Յարութիւնը Կեանքի յաղթանակն է մահուան վրայ, լոյսի յաղթանակը՝ խաւարին վրայ, սիրոյ յաղթանակը՝ ատելութեան վրայ, բարութեան յաղթանակը՝ չարին վրայ, արդարութեան յաղթանակը՝ անարդարութեան վրայ եւ յատկապէս խաղաղութեան յաղթանակը՝ պատերազմներու վրայ։   

Սակայն իրաւ է թէ՝ նիւթական աշխարհի մէջ, դժուարալոյծ է հասկնալ Ս. Յարութեան յաղթանակի նշանակութիւնը, երբ պատերազմներու ձայներ կը շարունակեն, հիւանդութիւններ իրենց դառնագին երեւոյթներով մարդկութեան առօրեան կը խանգարեն, սովեր ու երաշտներ կը հալածեն բնութենական կեանքը եւ տակաւին պէս պէս արհաւիրքներ կը պատեն աշխարհը։ Յատկապէս, սկսեալ անցեալ տարուան Ս. Զատիկէն, մինչեւ օրս դառն փորձառութիւններով լի օրեր կ՚ապրինք եւ հետեւաբար անպայման պէտք է կանգ առնենք ու մտածենք մեր ուղղութեան մասին։ Մեր հաշուեյարդարը անհրաժեշտօրէն պէտք է կատարենք Քրիստոսի անշեղակի կշիռքով։ Ուստի եկէ՛ք հարց տանք մենք զմեզ. Հաւատացեալի մը կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին, իրեն հանդիպած վշտալից եւ դառն պարագաները ի՞նչ հետեւանք կը յառաջացնեն, երբ հաւատացեալը կը դիմադրէ անոնց Յիսուսի ընկերակցութեամբ։ Նոյնպէս ի՞նչ հետեւանք կ՚ունենայ, երբ կը փորձէ առանց Յիսուսի դիմակալել զանոնք։ Ահա, խաւարի եւ լոյսի, մահուան եւ կենաց միջեւ մեծագոյն ընտրանքը. Քրիստոսով եւ կամ առանց Քրիստոսի ընթանալ։ Համամարդկային չափանիշներով երբ մարդկային անսահման ազատութեան լոզունքները կը շրջին աշխարհի չորս կողմերը, կրնան երկու պարագաներն ալ նոյնը ըլլալ թուիլ, սակայն Ս. Յարութեան Տօնին եկեղեցին յստակ ձեւով կը դնէ տարբերութիւն մը Քրիստոնեայ անհատի կեանքէն ներս. «Քանի որ ինծի համար կեանքը Քրիստոս է» (Փլպ. 1.21)։ Կեանքը ո՛չ թէ սոսկ բառացի իմաստով ապրելակերպն է ու առօրեան, այլ՝ ապրելու կամք, նեղութեան մէջ համբերելու կարողութիւն, կորուստէ փրկուելու ճանապարհ։ Այլ խօսքով, նոր կեանք մը վերիմաստաւորուած է Քրիստոսի անձնապէս Աստուածային ներդրումով։ «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. Ով որ կը հաւատայ ինծի, թէպէտ մեռնի ալ, պիտի ապրի. իսկ ով որ կենդանի է եւ կը հաւատայ ինծի՝ յաւիտեան պիտի չմեռնի» (Յվհ. 11.25)։ Եկէ՛ք ներկայի տխրահռչակ օրերուն տոկուն մնալու համար օգտագործենք Ս. Յարութեան յոյսը, քանզի միայն այդ յոյսի զօրութեամբ մենք Աստուածային նախախնամութեամբ պիտի վերագտնենք մեր ներուժը տոկալու, համբերելու եւ առանց սայթաքելով քալելու դէպի ապագայ։  

Հոգեւորական կեանքէ ներս ընդունուած իրողութիւն է թէ, յոյսի նախապայմանը հաւատքն է։ Անձ մը, առանց Աստուծոյ հանդէպ կատարեալ վստահութիւն կամ հաւատք ունենալու, չի կրնար ըմբռնել, թէ իր յոյսին գոյատեւման հաւաստիքը Աստուած է։ Մարդկային առօրեային մէջ նոյնիսկ նոյնն է պարագան, ըստ որում անձեր եւ կամ հաւաքականութիւններ, իրենց յոյսը կը դնեն այն մարդոց վրայ, որոնց հանդէպ կատարեալ վստահութիւն ունին։ Մեր յոյսն ու հաւատքը իրարու համընթաց կը գործեն։ Որքան որ զօրաւոր ըլլայ վստահութեան զգացումը մեր մէջ, այնքան եւ աւելի հաստատ կը դառնայ մեր յուսադրութիւնները։ Քրիստոնէական տեսակէտէ, Աստուածային պատուիրաններուն, աւետիսներուն, խոստումներուն վրայ դրուած յոյսը կենդանի է եւ կը մնայ անփոփոխելի ու անկորնջելի։ Եւ աւելի սրտախօսիկ պատգամն է թէ՝ «Յոյսը չ՚ամչցնէր բնաւ» (Հռով 5.5)։ Այս այն յոյսն է որուն դրդապատճառը նոյնինքն Աստուած է եւ մեր մէջ որպէս ներչնշող զօրութիւն ի կեանս է, որքան ատեն որ մենք հաւատքով կը սնուցանենք զայն։ Մեզմէ ո՞վ է այն անհատը, որ ներկայիս նեղութիւն պատճառող մթնոլորտէն դուրս գալու յոյսը չունի։ Ո՞վ է այն անհատը, որ չմտածէր իր բարւոք ապագային մասին։  

Հապա, կարելի՞ է, մտածել Քրիստոնեայ մը որ ունենայ մեծ յոյսեր իր կեանքի նկատմամբ եւ տատամսի Քրիստոսի Յարութեան ճշմարտութեան մասին վկայելու։ Յիշենք մեր յոյսը հանդէպ Աստուծոյ, որ երբեք չխաբեր մեզ, ամօթով չի ձգեր։ Քրիստոնէութեան առաջին օրերուն եւ դարերուն յատկապէս, հաւատքի վեմի վրայ բարձրացած Յարութեան հաւատքը, դարձաւ շատերուն կեանքի յոյսը։ Շատերուն հաւատքն ու նուիրուածութիւնը ի Քրիստոս, դարձաւ շօշափելի կեանքի վկայութիւններ։ Հաւատքի ցոլքերէն ճառագայթած անշիջանելի լոյս մը, որ արագընթաց ձիու նման ընթացաւ սիրտէ սիրտ եւ տարածուեցաւ համայն աշխարհ։ Այլ խօսքով, նոյն յոյսով մենք կը ջանանք գտնել մխիթարութիւն ու կը փորձենք արժեւորել մեր ներկան։ 

Սիրելի հաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս, պատմութեան մեծագոյն թշնամիին՝ սատանային գլուխը ջախջախող Յարուցեալ Տէրը, կարող է յաղթել բոլոր դժուարութիւններուն։ Լաւ առիթ է նաեւ յիշատակելու Ս. Պատարագի այն պահը, երբ Պատարագիչ քահանան, «Մարմին եւ Արիւն Յիսուսի Քրիստոսի» ի ձեռին ունենալով ժողովուրդին կը դառնայ եւ կ՚ըսէ. «Սա է կեանք, յոյս, ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ, քաւութիւն եւ թողութիւն մեղաց»։ Այս յուսադրիչ տողերը, միանալով Ս. Յարութեան աւետիսին բազմիցս պիտի կրկնուին Աւագ Շաբթուան եւ յատկապէս Ս. Յարութեան Տաղաւարին առիթով։ Նոյնիսկ եթէ համավարակի պատճառաւ ակամայ հեռու կը մնանք մեր աղօթքի տուներէն, հաւաքական աւանդութիւններէն եւ ազգային-եկեղեցական եռուզեռէն, գոնէ չարտօնենք որ մեր մեծասքանչ յոյսը մարած մնայ մեր տուներուն մէջ։ Նոյնիսկ եթէ մեր վարժուած ձեւով կարող չենք տօնելու Աւագ Շաբաթը, գոնէ արտօնենք որ մեր տուներուն մէջ ապրի Ս. Յարութեան հոգենորոգ ներկայութիւնը։ Ուստի, եկէ՛ք մեր աչքերը սեւեռենք մեր Տիրոջ եւ առանց վհատելու եւ վախնալու մեր Քրիստոնէական հաւատքը դաւանինք ու միասնական ոգիով ըսենք.

«ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ»։

Աղօթահայց մաղթանօք՝

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

ՔԱՐՈՉԻՉ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ՝ ԻՇԽԱՆԱՑ ԿՂԶԵԱՑ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın