Այսօր Աւագ Շաբաթ։ Եկեղեցւոյ բոլոր շարականները կը խօսին Քրիստոսի անապական թաղման մասին։ Մանաւանդ կը շեշտուի Հրեաներու վախը, որ կը ներկայացուի Սուրբ Աւետարանի համարներուն մէջ։
Միասնաբար ընթերցենք Սուրբ Աւետարանի այս բաժինը, որ կը ներկայացնէ Քրիստոսի գերեզմանին կնքումը։
«Հետեւեալ օրը, որ ուրբաթէն յետոյ էր, քահանայապետներն ու փարիսեցիները ժողվուեցան Պիղատոսին քով ու ըսին. «Տէ՛ր, կը յիշենք թէ այն մոլորեցուցիչը իր կենդանութեան ատեն կ՚ըսէր թէ՝ ‘Երեք օրէն յետոյ յարութիւն պիտի առնեմ’, ուստի հրաման ըրէ, որ մինչեւ երրորդ օրը գերեզմանին զգուշութիւն ընեն։ Չըլլայ թէ իր աշակերտները գիշերով գան զանիկա գողնան եւ ժողովուրդին ըսեն թէ՝ ‘Մեռելներէն յարութիւն առաւ’. ու ետքի մոլորութիւնը առաջինէն գէշ ըլլայ»։ Պիղատոս անոնց ըսաւ. «Դուք ունիք պահապան զինուորներ. գացէ՛ք, զգուշութիւն ըրէք, ինչպէս որ կ՚ուզէք»։ Անոնք ալ գացին գերեզմանին զգուշութիւն ըրին, քարը կնքելով ու պահապան զինուորներ դնելով» (Մատթէոս, 27.62-66)։
Այս բոլորը մարդկային միջոցառումներ էին, ու անոնք չէին գիտեր թէ Աստուածայինը պիտի յաղթահարէր աշխարհիկ միջոցառումներուն։ Ինչպէս որ գերեզմանը Քրիստոսի մարմնին առժամեայ բնակարան էր դարձած, այնպէս ալ այս բոլոր միջոցառումները ի վերջոյ յայտնի պիտի ըլլար թէ առժամեայ էին։
Աստուած յաղթական դուրս պիտի գար։
Այդ առժամեայ միջոցառումները արժէք պիտի չունենային Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան հրաշալի դէպքին առջեւ։
Փառք Աստուծոյ, որ Իր աստուածային ծրագիրը մշակեց մեղաւոր մարդուն փրկութեան համար։
Փառք Աստուծոյ որ Իր Միածին Որդւոյն միջոցաւ մահը կոխոտուեցաւ ու նոր կեանքի դուռը բացուեցաւ։
https://www.facebook.com/krikor.damadyan/posts/2924482087786973
İlk yorum yapan siz olun