İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ – ՅԻՇԱՏԱԿ ԱՆԱՊԱԿԱՆ ԹԱՂՄԱՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան

Աւագ Ուրբաթ երեկոյեան կատարուած ժամերգութեամբ կը յիշատակենք Քրիստոսի անապական թաղման յիշատակը։

Իսկութեան մէջ այս թաղման արարողութիւնը ունի Աւագ Շաբաթ օրուան նախատօնակի բնոյթ, քանի որ թաղման թափորը կը կատարուի Աւագ Շաբաթ օրուան շարականներու երգեցողութեամբ եւ այս շարականներու մէջ կը նկարագրուի թաղման դէպքը։

Այս արարողութեան ընթացքին է որ յարդարուած խորհրդանշական թաղման առջեւ ծունկի եկած կ՚երգենք «Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ հզօր, Սուրբ եւ անմահ, որ խաչեցար վասն մեր»ը։ Իսկ Սուրբ Աւետարանէն ընթերցուած թաղման բաժինէն յետոյ «Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ հզօր, Սուրբ եւ անմահ, որ թաղեցար վասն մեր»ը առաջին անգամ  այս խորհդրաւոր արարողութեան ընթացքին է որ կ՚երգուի։

Քրիստոսի թաղումը տարբեր է հասարակ մահկանացուներու թաղումէն։ Քրիստոսի թաղումը կ՚որակուի «անապական» ածականով։ Սաղմոսաց Գիրքին մէջ կը կարդանք.  «Վասն զի իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս Ու քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս» (Սաղմոսք, 15/16.10)։

Երբ կը յիշենք Քրիստոսի անապական թաղումը, կը հանդիպինք երկու ազնուական եւ յառաջադէմ դէմքերու. Յովսէփ Արիմաթացին եւ Նիկոդիմոս։

Յովհաննու Աւետարանէն կը կարդանք Քրիտսոսի անապական թաղման բաժինը եւ կը ծանօթանանք այս երկու անձերու հետ.

«Ասկէ ետք Յովսէփ, որ Արիմաթիայէն էր, (Յիսուսի աշակերտը եղած՝ բայց գաղտուկ՝ Հրեաներուն վախէն,) խնդրեց Պիղատոսէն որ Յիսուսին մարմինը վերցնէ։ Պիղատոս ալ հրաման տուաւ. ուստի եկաւ, վերցուց Յիսուսին մարմինը։ Նիկոդիմոս ալ եկաւ (որ առաջուընէ գիշերով իր քով եկեր էր,) ու բերաւ հարիւր լիտրի չափ զմուռսի ու հալուէի խառնուրդ մը։ Յիսուսին մարմինը առին, խունկերով փաթթեցին զանիկա կտաւներու մէջ, ինչպէս Հրեաները սովորութիւն ունին։ Այն տեղը, ուր խաչուեցաւ, պարտէզ մը կար ու այն պարտէզին մէջ նոր գերեզման մը, որուն մէջ ամենեւին մարդ դրուած չէր։ Հրեաներուն ուրբաթին համար հոն դրին Յիսուսը, վասն զի գերեզմանը մօտ էր» (Յովհաննէս, 19.38-42)։

Յովսէփ Արիմաթացին իր անձնական գերեզմանը յատկացուց Փրկչի թաղման համար։ Այդ գերեզմանը առժամեայ բնակարանն էր, խաչի վրայ իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդած Քրիստոսին։ Առժամեայ որովհետեւ երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէր։

Օր մը Հրեաները իր մօտ եկած էին ու յայտնած՝ հրաշք մը տեսնելու իրենց փափաքը։ Քրիստոս անոնց ըսած էր. «Քակեցէ՛ք այս տաճարը ու երեք օրուան մէջ զանիկա պիտի կանգնեցնեմ»։ Հրեաները ըսած էին. «Քառասունըվեց տարուան մէջ շինուեցաւ այս տաճարը եւ դուն երեք օրուան մէ՞ջ պիտի կանգնեցնես զանիկա»։ Քրիստոս այս խօսքը ըսած էր, ակնարկելով իր մարմնին տաճարին։ Իր աշակերտները այս խօսքին իմաստը պիտի յիշէին ու հասկնային երբ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն պիտի առնէր ու պիտի հաւատային գրքին եւ Յիսուսին ըսած խօսքին» (Յովհաննէս, 2.18-22)։

Մենք Քրիստոսի հետ թաղուեցանք մեր մկրտութեան պահուն երբ մկրտիչ քահանան մեզ ջուրին մէջ ընկղմեց եւ Քրիստոսի հետ յարութիւն առինք երբ ջուրէն դուրս հանեց։ Քրիստոսի հետ յարութիւն առածներս նոր կեանքով վերստին ծնած ենք։ նոր  կեանքի պարգեւած շնորհներուն մէջ առատանալու համար պարտինք  մեր սրտերը յատկացնել յաւէտ ապրող եւ կեանքի աղբիւր Քրիստոսի, Անոր խօսքին, զԱյն թաղել ու ընդմիշտ թաղուած պահել մեր սրտերուն մէջ որպէսզի Անոր լոյսովը առողջ կեանք ունենանք, լուսաւոր ճանապարհներու մէջ ընթանալով։

Աստուած բոլորիս պարգեւէ իմաստութիւն եւ կարողութիւն որպէսզի Քրիստոսը կրենք մեր սրտերուն մէջ, առանց մոռնալու թէ «Քրիստոսի լուծը քաղցր է եւ բեռը թեթեւ» (Մատթէոս, 11.30)։

https://www.facebook.com/krikor.damadyan/posts/2923988954502953

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın