İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ – ՅԻՇԱՏԱԿ՝ ՉԱՐՉԱՐԱՆԱՑ ԵՒ ԽԱՉԵԼՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան

Աւագ Ուրբաթի գիշերային ժամերգութեան ընդմէջէն, որ է խաւարման արարողութիւնը, հաղորդ կը դառնանք Քրիստոսի մատնութեան տնօրինութեան։ «Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ հզօր, Սուրբ եւ անմահ, որ մատնեցար վասն մեր»ը տարին միայն այս խորհդրաւոր արարողութեան ընթացքին է որ կ՚երգենք։

Իսկ Աւագ Ուրբաթի կարեւոր հանգրուանն է Քրիստոսի մեր փրկութեան համար յանձն առած չարչարանքներն ու խաչելութիւնը, որ կը յիշատակուի «Կարգ Խաչելութեան» արարողութեան ընդմէջէն։ Երբ Աւագ Շաբթուան ընթացքին քայլ առ քայլ կը հետեւինք Քրիստոսին, այս արարողութեան ընթացքին է որ առաջին անգամ կ՚երգուի  «Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ հզօր, Սուրբ եւ անմահ, որ խաչեցար վասն մեր»ը։

Խաչը. մահապատիժի սահմանուած գործիքը։ Քրիստոսի Սուրբ եւ անկրնելի պատարագին շնորհիւ դարձաւ Քրիստոեայ հաւատացեալի «պարծանքի նշան»ը։

«Կարգ խաչելութեան» արարողութիւնը, որ դժբախտաբար ընդհանրապէս շուքի տակ կը մնայ բաղդատմամբ Աւագ Շաբթուան այլ արարողութիւններուն, իսկութեան մէջ շարան մըն է Հին Կտակարանէն եւ Նոր Կտակարանէն ընթերցումներու, պսակուած՝ Սուրբ Ներսէս Շնոցհալի հայրապետի երգերով։

Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ խաչելութեան դէպքերուն մէջ ականատեսը կ՚ըլլանք Պետրոսի ուրացումներուն ու կրած դարձի լացին, քահանայապետներու առջեւ կայացած որպէս թէ դատավարութեան, Քրիստոսի հարցաքննութեան կապակցութեամբ  Հռովմայեցի Պիղատոսին եւ Չորրորդապետ՝ Հերովդէսին միջեւ հաստատուած բարեկամութեան, կրած չարչարանքներուն, փուշէ պսակին, նշաւակ դարձած ծաղրանքներուն, Յեսու Բարաբբայի եւ Քրիստոսի նոյն նժարին մէջ կշռելու արարքին, մարդոց սեղքերու ծանրութեան պատճառաւ առաւել եւս ծանրաբեռնուած խաչափայտը կրելու որպէս օժանդակ կանչուած Սիմոն Կիւրենացիին, խաչափայտին վրայ գամուած Քրիստոսէն հրաշք ականկալող խայտառակ ամբոխին, Քրիստոսի կողքին խաչուած աւազակներէն միոյն դարձին, ։ Սակայն այս բոլորին մէջ կարեւոր է լսել Քրիստոսի խօմքերը արտասանուած խաչին վրայէն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձինն դարձած է եկեղեցւոյ հայրերու խորհրդածութեան։ 

Այս սուրբ օրուան յիշատակութեան առթիւ կը բաժնենք Տիրոջ Խօսքերը, արտասանուած խաչին վրայ մատուցուած պատարագի ընթացքին։

Ա. Հայր ներէ ասոնց, որոմվհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՚ընեն։

Բ. Ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի. Այսօր ինծի հետ դրախտի մէջ պիտի ըլլաս։

Գ. Ահա Որդիդ, ահա Մայրդ։

Դ. Աստուած իմ, Աստուած իմ, ինչո՞ւ լքեցիր զիս։

Ե. Ծարաւի եմ։

Զ. Ամենայն ինչ կատարեալ է։

Է. Հայր քու ձեռքդ կ՚աւանդեմ իմ հոգիս։

Խաչի Պատարագին փրկարար զօրութիւնը կը շարունակուի ու մինչեւ ի կատարած աշխարհի պիտի շարունակուի մեր եկեղցիներուն մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագներով։ Աստուած անսասան պահէ մեր հաւատքը։

https://www.facebook.com/krikor.damadyan/posts/2923648184537030

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın