İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ – ՅԻՇԱՏԱԿ՝ ՄԱՏՆՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան

Քայլ մը եւս կը մօտենանք Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարին։

Աւագ Ուրբաթ. Օր՝ մատնութեան, օր՝ չարչարանաց, օր՝ խաչելութեան Փրկչին աշխարհի։

Վերնատան վերջին ընթրիքի սեղանէն յետոյ Քրիստոս «իր աշակերտներուն հետ գնաց  Կեդրոնի ձորին միւս կողմը, ուր պարտէզ մը կար. այնտեղ մտան ինք եւ իր աշակերտները» (Յովհաննէս, 18.1)։

Գեթսեմանիի մէջ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «նստեցէք այստեղ մինչեւ ես աղօթեմ։ Իր հետ առնելով Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը սկսաւ տխրիլ եւ տագնապիլ»։ Այս երեք առաքեալները Պայծառակերպութեան լերան վրայ ականատեսը եղած էին Քրիստոսի այլակերպութեան, Անոր Աստուածութեանա յայտնութեան։ Հիմա նոյն անձերը կը տեսնէին Քրիստոսը տագնապի մատնուած։ Այդ տագնապալի պահուն էր, որ Քրիստոս կ՚ըսէր. «Հայր, հեռացուր ինձմէ այս բաժակը, բայց ոչ թէ իմ կամքս, այլ քուկդ ըլլայ»։ Այս տագնապալի պահերուն, երբ այս երեք յառաջադէմ առաքեալները եւս տկարացան, չկրցին արթուն մնալ, չկրցին արթուն մնալով աղօթել։ Ի վերջոյ Քրիստոս երրորդ անգամ գալով անոնց ըսաւ. «Քնացէք այսուհետեւ, վասնզի վախճանը հասած է» (Մարկոս, 14.32-42)։

Յուդա Իսկարիովտացին, եկաւ իր հետ ունենալով քահանայապետներէն, ժողովուրդի  ծերերէն ղրկուած մեծ ամբոխ մը՝ սուրերով ու մահակներով։

Յուդայի նշանը մատնութեան. համբոյր մըն էր, դրոշմուած աշխարհի Փրկչին երեսին։Այս համբոյր մըն էր, որով կը պղծուէր սիրոյ եւ բարեկամութեան նշանին արժանապատուութիւնը։ Համբոյր մը, գնուած՝ երեսուն արծաթի փոխարէն։ Բարեկամութիւն՝ վաճառուած երեսուն արծաթի փոխարէն։

Եւ Քրիստոս մատնուեցաւ։

Այս մէկը կարեւոր քայլ մըն էր մարդուն փրկութեան համար Աստուծոյ մշակած փրկագործութեան խորհրդաւոր ծրագրին։

Այլ ցաւալի երեւոյթ մըն ալ այն էր, թէ Երուսաղէմ մուտքի «Ովսաննա» գոչող հաւաքականութիւնն էր, որ պիտի բարձրաձայնէր, ըսելով «Խաչը հանէ, խաչը հանէ»։

Մատնութեան խորհրդաւոր այս պահը կը հրաւիրէ մեզ հաւատարիմ մնալու մեր մկրտութեան ուխտերուն, կեանքի բոլոր պարագաներուն մէջ։ Կեանքի ժխտական երեւոյթներ երբ կու գան վատ ազդել մեր վրայ, նոյնիսկ անտանելի դարձնել մեր շնչառութեան ամէն մէկ վայրկեանը, մենք այդ բոլորին մէջ Քրիստոսը չմատնենք անոնց ձեռքը, որոնք ուրախութեամբ կը գոչեն «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։

Օրհնեալ է Աստուած եւ փառք Անոր պարգեւած բոլոր պահերուն, որոնց ընթացքին առանց մեր զգալուն Ան, որպէս տիեզերքի Արարիչը կը վերանորոգէ մեր մարմնի իւրաքանչիւր բջիջը, պարգեւելով կեանքի շարունակականութիւնը, ըստ Իր կամքին։

https://www.facebook.com/krikor.damadyan/posts/2923625244539324

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın