İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ – ՈՏՆԼՈՒԱՅ

Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան

Աւագ Շաբթուան օրերէն Աւագ Հինգշաբթին որքան որ կարեւոր է Սուրբ Պատարագի Խորհուրդի հաստատումով, ունի նաեւ այլ կարեւոր եւ խորհրդաւոր տեսարան մը, որ Քրիստոս կու տայ խոնարհութեան գերագոյն դասը։

Վերջին Ընթրիքի սեղանին վրայ էր որ տրուեցաւ այս դասը։ Քրիստոս որ սիրոյ մարմնացումն էր, կը սիրէր իր աշակերտները։ Անոնց մէջն էր նաեւ մատնիչը՝ Յուդա Իսկարիովտացին։

Քրիստոս, որ աշակերտներուն հետ սեղան նստած էր, յանկարծ ելաւ սեղանէն, վրայէն հանեց իր զգեստները եւ իր մէջքին ղենջակ մը կապեց եւ կոնքին մէջ ջուր առնելով սկսաւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալ։

Գիտէ՞ք թէ ինչ կը նշանակէր այս դասը։ Արեւելքի մէջ երբ մարդիկ փողոցները կը շրջէին, բնականաբար իրենց ոտքերը փոշիէն եւ այլ շրջանային ա-տերով կ՚աղտոտէին։ Եւ եթէ ընթրիքի կամ այլ ընդունելութեան մը հրաւիրուած էին, տանտէրը կը լուար իր հիւրերուն ձեռքեռն ու ոտքերը։ Եւ եթէ ազնուական դասակարգի կը պատկանէր տանտէրը այդ լուացման գործը կը կատարէին իր ծառաները կամ սպասաւորները։ Քրիստոս գեր ի վեր է մարդոց ազնուականութենէն։ Աստուծոյ Որդի է Ան։ Աստուածային փառքէն մերկանալով եկած էր աշխարհ մարդոց փրկութեան համար։ Եւ Աստուածորդին կը խոնարհէր հողեղէն արարածներու առջեւ ու կը լուար անոնց ոտքերը։

Ոտնլուան պարզ արարողութիւն մը չէ։ Այս արարողութիւնը ունի խորհրդաւոր կողմ մը։ Քրիստոս, խոնարհեցաւ ու ոտքերը լուաց այն առաքեալին որ քանի մը ժամ յետոյ զինքը մահուան պիտի մատնէր։ Անոր համար է որ կ՚երգէ ոտնլուայի արարողութեան ծանօթ տաղը. «Սիրտ իմ սասանի, սարսափ զիս ունի, վասն Յուդայի»։ 

Քրիստոս խոնարհեցաւ մարդոց առջեւ եւ օրինակ տուաւ որ անոնք ալ նոյնը ընեն իրարու նկատմամբ։

Սիրելիներ, մենք բոլորս աղօթենք որ Աստուած մեզի պարգեւէ իմաստութիւն եւ կարողութիւն, որպէսզի ամէն բանէ առաջ գիտնանք խոնարհիլ Աստուծոյ առջեւ։ Յովհաննէս Առաքեալի ընդհանրական նամակին մէջ արտայայտած բառերով «Աստուծոյ նկատմամբ մեր սէրը ցոյց տանք մեր նմանները սիրելով»։

Խոնարհութեան եւ սիրոյ օրինակը թող արմատ բռնէ մեր կեանքերէն ներս ու պտղաբերելով արժանացնէ բոլորս Աստուծոյ օրհնութեան։

https://www.facebook.com/krikor.damadyan/posts/2922710421297473

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın