Աւագ Շաբթուան այս օրը ունի մեծ կարեւորութիւն եկեղեցւոյ համար։
Քրիստոս երեք տարուան վարդապետութեան ընթացքի վերջին Զատիկին առթիւ կը փափաքի իր աշակերտներուն հետ ընել Պասէքի ընթրիքը։
Այս Ընթրիքի Սեղանին վրայ հաստատուեցաւ Սուրբ Պատարագի Խորհուրդը եւ Քրիստոս ուղղակի իր աշակերտներուն եւ այդ գծով ալ Եկեղեցիին յանձնեց այս խորհուրդին կատարումը։ Քրիստոս Պատարագամատոյցի բառերով «անսահման բարերարութեամբը, մարդացաւ, եւ յայտնուեցաւ իբրեւ մեր Քահանայապետը։ Եւ իբր բոլորին Տէրը՝ անարիւն զոհագործման սպասաւորութիւնը եւ քահանայութիւնը աւանդեց մեզի»։
Այս Ընթրիքի Սեղանին վրայ էր, որ Քրիստոս անխմոր հացը առնելով իր սուրբ աստուածային, անմահ, անարատ եւ արարչագործ ձեռքերուն մէջ, օրհնեց, գոհացաւ, կտրեց եւ տուաւ իր ընտրեալ եւ բազմած աշակերտներուն ըսելով. «Առէ՛ք՝ կերէ՛ք. այս է իմ Մարմինս, որ կը բաշխուի ձեր եւ շատերու մեղքերու քաւութեան եւ թողութեան համար»։
Նոյնպէս բաժակն առնելով, օրհնեց, գոհացաւ, խմեց եւ տուաւ իր ընտրեալ եւ բազմած աշակերտներուն ըսելով. «Խմեցէ՛ք ասկէ ամէնքդ, այս նոր ուխտի իմ Արիւնս է, որ կը թափուի ձեր եւ շատերու մեղքերու քաւութեան եւ թողութեան համար»։
Սուրբ Պատարագի Խորհուրդին կատարման ընթացքին կը յիշենք Քրիստոսի Խօսքը. «Ով որ Մարմինէս կ՚ուտէ եւ Արիւնէս կը խմէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի» (Յովհաննէս, 6.54)։ Նաեւ «Ով որ Մարմինէս կ՚ուտէ եւ Արիւնէս կը խմէ՝ մէջս կը բնակի, եւ ես՝ անոր մէջ» (Յովհաննէս, 6.56)։
Եկեղեցին միշտ կը յիշեցնէ այս բառերը եւ հաւատացեալներուն կը թելադրէ Սուրբ Պատարագի Խորհուրդին առաւելագոյն կարեւորութիւնը ընծայել եւ աղօթքով միշտ մասնակցիլ այս խորհրդակատարութեան եւ նաեւ ստանալով Սուրբ Սեղանէն Սուրբ Հաղորդութիւնը, վերանորոգել՝ Սուրբ Մկրտութեան ուխտերը, յիշել՝ որ Քրիստոսի Սուրբ Արեան գնով ազատած ենք մեղքի ծառայութենէն, ընդունուած՝ Աստուծոյ որդեգիրներ ըլլալու պատիւին, նաեւ ժառանգակից՝ Քրիստոսի։
Իրաւ է թէ այս տարի Աւագ Շաբթուան եւ Սուրբ Զատկի արարողութիւնները կը կատարուին դռնփակ։ Սակայն այս պէտք չէ պատճառ դառնայ որ զրկուած մնանք Սուրբ Հաղորդութենէն։ Սիրով կը թելադրենք, որ եկեղեցւոյ արարողութեան ժամերէն դուրս դիմէք ձեր եկեղեցիները եւ խոստովանելով ստանաք Սուրբ Հաղորդութիւն Ձեր հոգեւոր կեանքի շինութեան եւ մխիթարութեան համար։
Աստուած ընդունի մեր բոլորին աղօթքները։
https://www.facebook.com/krikor.damadyan/posts/2922701811298334
İlk yorum yapan siz olun