İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ

Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան

Աւագ Շաբթուան այս օրը եւս Սուրբ Գրական ընթերցումներու ուղիով կը ներկայնայ որպէս առիթ Քրիստոսի քայլերուն հետեւելու։ Ինչպէս Աւագ Երկուշաբթիին, այնպէս ալ Աւագ Երեքշաբթիին՝  Արեւագալի Ժամերգութիւն չկատարուիր եւ Ս. Պատարագ չմատուցուիր։ Բացառութիւն է այն պարագան երբ Ապրիլի 7-ի Աւետման անշարժ տօնակատարութիւնը զուգադիպի Աւագ Երեքշաբթիին։ 

Հոգեւոր ծնողիս՝ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք Հօր բառերով, Աւագ Երեքշաբթիին կը յիշենք «մարդկային ցեղի չարացումը եւ անոր ջնջումը ջրհեղեղով ու մարդուն նոր սկզբնաւորութիւնը Նոյ Նահապետով։ Կը յիշենք նաեւ «Քրիստոսով պիտի սկսէր նոր մարդկութիւնը, ազատագրուած մեղքի ջրհեղեղէն, եկեղեցիի տապանով։ Եւ ով որ մտնէ եկեղցիի տապանէն ներս, այսինքն հոգւով եւ ճշմարտութեամբ անոր մաս կը կազմէ, անոնք միայն պիտի  արժանանան փրկութեան շնորհքին» (Շնորհք Պատրիարք, Աւագ Շաբաթ)։

Աւագ Երեքշաբթի օր Առաւօտեան Ժամերգութեան ընթացքին ընթեռնելի Սուրբ Աւետարանի բաժինները կը ներկայանան իրենց կարեւոր դասերով։

Ա. Հարցում՝ Կայսրին տրուելիք հարկին մասին (Մարկոս, 12.13-17)

Այս հարցումը Քրիստոսի ուղղուած էր կեղծաւորութեամբ եւ զԱյն  ծուղակը ձգելու նպատակաւ։  Հարցումը այն էր, թէ օրինաւո՞ր էր կայսեր տուրք տալ։  Քրիստոսի տուած պատասխանին միջոցաւ կը սորվինք, թէ աշխարհի՚ վարիչներու նկատմամբ մեր ունեցած պարտականութիւնները կատարելու առընթեր, պարտ է նաեւ կատարել Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած մեր պարտականութիւնները։ Քրիստոս իբրեւ վերջաբան ըսաւ. «Գացէ՛ք, տուէ՛ք կայսրինը՝ կայսեր եւ Աստուծոյնը՝ Աստուծոյ»։ 

Բ. Հարցում մեռելներու յարութեան մասին (Մարկոս, 12. 18-27)

Սուրբ Աւետարանի այս բաժնին մէջ խնդրոյ առարկայ էր յետ մահու յարութեան չհաւատացող Սադուկեցիներու մէկ հարցումը։ Յիսուս «Քանզի երբ մեռելներէն յարութիւն առնեն, ո՛չ կին կ՚առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի հրեշտակներուն պէս կ՚ըլլան» ըսելէ յետոյ, Հին Կտակարանէն յիշեցուց, թէ Հրեաներու նահապետները՝ Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ մահացած ըլլալով հանդերձ կ՚ապրէին, քանի որ Աստուած Աստուած էր անոնց որոնք կ՚ապրէին։

Գ. Մեծ պատուիրանի մասին (Մարկոս,12.28-34)

Այս բաժնին մէջ «Ո՞րն է բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը» հարցումին Քրիստոսի տուած պատասխանը կը կարդանք։ Քրիստոս ըսաւ. « Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է’. 30 ‘Եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Ասիկա է առաջին պատուիրանքը։ 31 Ու երկրորդը ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’. ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրանք չկայ»։ 

Դ. Մեսիան որո՞ւն որդին էր (Մարկոս, 12:35-37)

Այս բաժնին մէջ դպիրներու «Քրիստոս, Դաւիթի որդին է» համոզումին դէմ կը պատասխանէ Սաղմոսաց Գիրքի համարներով, որուն համաձայն Քրիտսոբս չէր կրնար Դաւիթի որդի ըլլալ։ Մարկոսի Աւետարանի առաջին համարը այս առումով լաւագոյն պատասխանը կը հանդիսանայ. «Յիսուս Քրիստոսի՝ Աստուծոյ Որդիին Աւետարանին սկիզբը»։  

Ե. Քրիստոս, ժողովուրդը կը հրաւիրէ, զգոյշ ըլլալ դպիրներէն (Մարկոս, 12.38-40)

Այս բաժնին մէջ Յիսուս կը ձաղկէ երկերես ու կեղծաւոր փարիսեցիդպիրներու վարքը։ Անոնք կը քնմանէին ներքինը աղտոտ սակայն արտաքինը մաքրուած գաւաթներու. կամ շքեղ գերեզմաններու, որոնք աչքի հաճոյ ըլլալ կը թուին, սակայն իրենց մէջը լեցուն են ոսկորներով ու ապականութեամբ. անոնք ծանր օրէնքներով կը ծանրաբեռնէին ժողովուրդի կեանքը, սակայն իրենց մատերն իսկ չէին շարժեր այդ բեռները թեթեւցնելու համար. Անոնք աշխարհը կը շրջէին նորադարձ մը ապահովելու համար, սակայն եթէ յաջողէին զայն իրենցմէ աւելի դժոխքի կ՚արժանացնէին։    

Զ. Այրի կնոջ լուման  (Մարկոս, 12:41-44)

Քրիստոս գնահատեց աղքատ եւ այրի կնոջ տաճարի գանձանակին մէջ նետած նուէրը, որ արժէքի տեսակէտէն շատ փոքր էր։ Ըստ Քրիստոսի գնահատնանքին հարուստներ իրենց աւելիէն նուէրներ յատկացուցած էին, սակայն այրի եւ աղքատ կինը իր չքաւորութեան մէջ ձգած էր ինչ որ ունէր, իր բոլոր ապրուստը։

Աւետարանի այս բաժնէն կը սորվինք, թէ մեր ձեռքը ունեցած արժէքները պէտք չէ զլանանք Աստուծոյ փառքին ընծայելու համար։ Առանց նկատի ունենալու թէ մեր ի ձեռին ունեցած արժէքները ոեծ կամ փոքր են, սիրով եւ հաւատքով պէտք է բերենք ու ընծայենք Աստուծոյ։

Աւագ Երեքշաբթի Երեկոյեան Ժամերգութեան ընթացքին Հին Կտակարանի Ծննդոց Գիրքէն կը կարդանք (6:9-9:17) բաժինը, որ կը նկարագրէ Նոյ Նահապետն ու ջրհեղեղը եւ ջղհեղեղէն յետոյ արձանագրուած դէպքերը։ Նաեւ եկեղեցին սահմանած է որպէս Սուրբ Գրական ընթերցում Առակաց Գիրքի (9:1-10:6) եւ Եսայի Մարգարէի (40:9-17) բաժինները։

Իսկ Երեկոյեան Ժամերգութեան վերջին բաժնին մէջ կը կարդանք Մատթէոսի Աւետարանէն  (24:1-26:2) բաժինը, որ ստորեւի գլխարկումներով կու գայ ներկայացնել կարեւոր պատգամներ։

 Ա. Կանխասացութիւն տաճարի կործանման մասին (Մատթէոս, 24.1-35)

Այս բաժնին մէջ Քրիստոս Ձիթենեաց Լերան վրայ իր աշակերտներուն Երուսաղէմի ու տաճարի աւերման ու աշխարհի վախճանի նշաններուն մասին կը խօսի։ Կ՚ըսէ, թէ տաճարի շէնքէն քար քարի վրայ պիտի չմնայ որ քակուած չըլլայ։ Նաեւ Իր խօսքին յաւիտենականութեան մասին կ՚ըսէ. «Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։

Բ. Չսպասուած օրուան եւ ժամուան մասին (Մատթէոս, 24.36-51)

Քրիստոս իր փառաւոր երկրորդ գալստեան եւ աշխարհի վախճանին մասին երբ կը խօսի, կը բացայայտէ, թէ այդ օրը եւ ժամը ծանօթ է միայն Երկնաւոր Հօր։ Գիշեր ատեն գաղտնի կերպով տուն կողոպտելու եկող գողին օրինակովը կը խօսի եւ կ՚ըսէ թէ եթէ տնաննուտէրը գիտնար գողին գալու ժամը, կը սպասէր եւ թոյլ չէր տար որ տան պատը ծակէր։ Այս օրինակով կը թելադրուի Քրիստոսի երկրորդ գալստեան սպասումով միշտ պատրաստ ըլլալ եւ ըստ այնմ ապրիլ։

Գ. Տասը կոյսերու առակը (Մատթէոս, 25.1-13)

Քրիստոս այս առակով կ՚ուսուցանէ, թէ պէտք է խելացի վարուինք եւ միշտ ունենանք պահեստի իւղեր ի պահանջել հարկին գործածելու համար։ Այս առակին մէջ երկնքի Արքայութիւնը կը նմանցուի  իրենց կանթեղներով փեսան դիմաւորելու պատրաստուած հինգ իմաստուն եւ հինգ յիմար կոյսերու։ Իմաստունները անոնք էին, որ իրենց քով պահեստի իւղ ունէին։ անոնց պահեստի իւղերը իրենց համար օգտակար եղաւ եւ խաւարի մէջ չմնացին  երբ փեսան ուշացաւ։ Յիմարները իմաստուններու իւղէն օգտագործուիլ ուզեցին, սակայն իրենց այդ խնդրանքը մնաց անպատասխանի։ Երբ իրենց համար իւղ գնելու գացին, փեսան եկաւ ու չռները փակուեցան։ Յիմար կոյսերը մնացին դուրսը։

Դ. Քանքարներու առակը  (Մատթէոս, 25.14-30)

Քրիստոս այս առակով կ՚ուսուցանէ, թէ Աստուած բոլորիս որոշ չափերով շնորհներ պարգեւած է եւ այդ շ,նորհները պէտք է գործածուին Աստուծոյ փառքին եւ Աստուածահաճոյ գործերու համար։ 

Ե. Վերջին դատաստանի մասին (Մատթէոս, 25.31-46)

Այս բաժնին մէջ մենք կը սորվինք, թէ մեր անձնական կեանքին առընթեր պէտք է ծառայութիւն բերենք բոլոր անոնց որոնք մեր ծառայութեան կամ օժանդակութեան կարիքը ունին։ Քրիստհոս կը սորվեցնէ, թէ կատարուած աստուածահաճոյ բարիքները վատնուած արժէքներ չեն եւ իրենց վարձքը կը վերադառնայ բոլոր անոնց վրայ որոնք բարիք կը գործեն։ Այդ բարեգործութիւնները Աստուած իրեն համար կատարուած կ՚ընդունի։ Նաեւ հակառակն ալ  ի զօրու է սոլոր անոնց համար, որոնք կրնան բարիք գործել սակայն կը զլանան այդ բարիքները գործելէ։ Այդ ալ Ասուծոյ աչքին կ՚արջեւորուի ըստ այնմ։ Աստուած բարիքի բացակայութիւնը կ՚ընդունի իրեն համար չկատարուած գործեր։

https://www.facebook.com/krikor.damadyan/posts/2921539028081279

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın