İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՒԱԳ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ

Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան

Աւագ Շաբթուան ընթացքին ամէն օր կը հետեւինք Քրիստոսի քայլերուն, Սուրբ Գրական  ընթերցումներով կը թափանցենք օրուան խորհուրդին իմաստին։

Աւագ Շաբթուան ընթացքին կը դադրի արեւագալի ժամերգութիւնը։

Աւագ Երկուշաբթի, Աւագ Երեքշաբթի եւ Աւագ Չորեքշաբթի օրերուն Սուրբ Պատարագ չմատուցուիր։ Բացառութիւն կ՚ըլլայ այն պարագաներուն եթէ Ապրիլ 7ի Աւետման Տօնը զուգադիպի այս օրերուն։

Աւագ Երկուշաբթին յատկացուած է ստեղծագործութեան խորհուրդին եւ Զեբեթեան եղբայրներուն խնդրանքին, նստելու համար Յիսուսի աջ եւ ձախ կողմերը Անոր արքայութեան մէջ։

Աւագ Երկուշաբթի օրուան առաւօտեան ժամերգութեան Սուրբ Աւետարանի բաժնին մէջ կը կարդանք

Ա. Անիծուած թզենիին չորնալու մասին (Մատթէոս, 21.18-22)

Աւետարանի այս բաժինը կ՚ընդգծէ հաւատքի եւ հաւատքի զօրութեան կարեւորութիւնը։ Քրիստոս կ՚ըսէ. «ամէն ինչ որ հաւատքով խնդրէք աղօթքի մէջ՝ պիտի ստանաք»։ 

Բ. Յիսուսի իշխանութեան հարցադրուիլը (Մատթէոս, 21.23-27)

Այս բաժինը կապուած է Երուսաղէմ մտնելէ յետոյ Յիսուսի Տաճարը մաքրագործելու գործունէութեան հետ։ Քրիստոսի իշխանութիւնը հարցադրած էին քահանայապետները եւ ժողովուրդին ծերերը։

Գ. Երկու որդիներու առակը (Մատթէոս, 21.28-32)

Մարդու մը երկու որդիներուն իրենց հօրը հրահանգին նկատմամբ ցուցաբերած կեցուածքը կը ներկայացնէ։ Առաջինը՝ նախ ընդունած ըլլալով հանդերձ,  հրաժարած էր կատարել։ Իսկ երկրորդը՝ նախ մերժած ըլլալով հանդերձ, զղջալով կատարած էրհօրը հրահանգը։ Այս երկու զաւակներու առակով Քրիստոս շեշտը դրաւ զղջումի կարեւորութեան վրայ։ Մաքսաւորներ ու պոռնիկներ Հրեաներէն առաջ պիտի հասնէին Աստուծոյ արքայութիւն, քանի որ անոնք ոչ միայն չէին հաւատացած Յովհաննէս Մկրտիչի քարոզութեան, այլ նաեւ չէին ապաշխարած ։ 

Դ. Չար մշակներու առակը (Մատթէոս, 21.33-46)

Այս առակին կեդրոնական տեղը կը գրաւեն այգիի ոը տէրը, այգիի մշակները, եւ այգիի տիրոջ ծառաները եւ ի վերջոյ իր որդին։ Այգիէն պտուղ ստանալու համար ծառաները կը ղրկուին, սակայն մշակները անոնցմէ ոմանք կը ծեծեն, ոմանք ալ կը սպաննեն։  Ի վերջոյ այգիին տէրը իր որդին կը ղրկէ. մշակները կը յանդգնին նաեւ զայն սպաննել։ Առակի եզրակացութիւնն է հետեւեալը. Ինչպէս որ այգետէրը չար մշակները պիտի սպաննէ եւ ուրիշ մշակներու պիտի յանձնէ այգին, նոյն օրինակով Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի առնուի հրեաներէն եւ պիտի տրուի ազգի մը, որ պահանջուած պտուղը պիտի տայ։

Ե. Հարսանեկան խրախճանքի առակը (Մատթէոս, 22.1-14)

Առակը կը դառնայ թագաւորի մը իր զաւկին համար հարսանիքի սեղան սարքելու շուրջ։ Հրաւէրներ կ՚ուղղէ, սակայն հրաւիրուածներ զանազան պատճառներով կը մերժեն հրաւէրը։ Անտեսեցին թագաւորին ծառաները, անոնցմէ ոմանք անպատուեցան, ոմանք ալ՝ սպաննուեցան։ Թագաւորը ի վերջոյ իր ծառաները օրկեց որպէսզի ով որ գտնեն կանչեն հարսանիքի։ Չարերը եւ բարիները իրենց ներկայութեամբ լեցուցին հարսանիքի սեղանը։ Առակի եզրակացութեան մէջ կը սորվինք, թէ չի բաւեր հրաւէրը ընդունիլ, այլ նաեւ պէտք է հարսանիքի վայել հագուստով մասնակցիլ։ Հարսանիքի հագուստները  կը խորհրդանշեն կատարուած Աստուածահաճոյ գործերը։ անոնք որոնք չունին այս հագուստը դուրս կը հանուին։ Քրիստոս կ՚ըսէ. «կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ»։

Իսկ Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին կը կարդացուին Ծննդոց Գիրքի առաջին երեք գլուխները, որոնք կը խօսին տիեզերքի եւ մարդու ստեղծագործութեան, նախածողաց  անկման մասին։

Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին կը կարդանք Զեբեթեան եղբայրներուն Յիսուսի արքայութեան մէջ անոր աջ եւ ձախ կողմերը նստելու մասին (Մատթէոս, 20.17-28)։

Յիսուս առաքեալներուն կ՚ըսէ, թէ Երուսաղէմ կ՚երթան եւ անոնց կը յայտնէ Աւագ Շաբթուան ընթացքին պատահելիք դէպքերը, այսինքն մատնութիւնը, ծաղրանքի եւ չարչարանքի ենթարկուիլը, խաչ հանուիլը եւ երրորդ օրը յարութիւն առնելը։ Այս յայտնութեան վրայ էր որ Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը Յիսուսի մօտենալով խնդրեց որ իր զաւակները արքայութեան մէջ Անոր աջ եւ ձախ կողմերը նստին։

Աւետարանի բաժնին վերջաւորութեան Յիսուս մեծութեան հասնելու ճամբան ցոյց կու տայ ըսելով. «Ձեզմէ ով որ կ՚ուզէ մեծ ըլլալ՝ ձեր սպասաւորը պէտք է ըլլայ. Եւ ձեզմէ ով կ՚ուզէ առաջին ըլլալ՝ ձեր սպասաւորը պէտք է ըլլայ. ինչպէս որ մարդու Որդին ալ չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու եւ իր անձը որպէս փրկանք տալու շատերու փոխարէն։

https://www.facebook.com/krikor.damadyan/posts/2920566638178518

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın