İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ազրպէյճան Ոչնչացուցած Է Մեխակաւանի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին

25 մարտին «Պի.Պի.Սի.» լրատուական ծառայութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ լրագրող Ճոնա Ֆիշըրի կողմէ պատրաստուած տեսանիւթ մը, որուն մէջ փաստացի տուեալներով կը ներկայացուի Մեխակաւանի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնայատակ աւերումը, որ կատարուած էր շրջանին` Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնելէն ետք: Նոյն եկեղեցին Արցախի վրայ ազրպէյճանական վերջին յարձակումին ընթացքին արդէն իսկ ենթարկուած էր սրբապղծման:

Դէպքին արձագանգեցին եւ զայն դատապարտեցին հայկական զանազան կառոյցներ, որոնց կարգին հիմնականօրէն` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, Հայաստանի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովը եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման յանձնախումբը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որի հեճուկս աշխարհին իբրեւ «հանդուրժողականութեան եւ բազմամշակութայնութեան կեդրոն» ներկայանալու ջանքերուն Ազրպէյճան առ այսօր ամրագրած է իր դիրքը` իբրեւ քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացման յառաջամարտիկ:

«Խստագոյնս դատապարտելի է Ազրպէյճանի կողմից կրօնական ատելութեան հիմքով իրականացուած յանցագործութեան հերթական այս դէպքը: Միաժամանակ առաւել անհանգստացնող է ազրպէյճանական ղեկավար շրջանակների կողմից այս բարբարոսութիւնը հիմնաւորելու փորձերը, ինչը ցոյց է տալիս, որ վանտալիզմի այս հերթական դրսեւորումն ունեցել է միտումնաւոր բնոյթ եւ իր կազմակերպուածութեամբ յիշեցնում է Նախիջեւանի պատմամշակութային ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացումը», կը յայտնէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ ազրպէյճանական իշխանութիւններունքրիստոնէական մշակութային արժէքներու պահպանման վերաբերեալ հաւաստիացումներուն սին ըլլալը: «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է օր առաջ միջոցներ ձեռնարկի Ազրպէյճանի կողմից նախորդ տարուայ Սեպտեմբերի 27-ից սկսուած եւ մինչ օրս շարունակուող յանցագործութիւնների, այդ թւում մշակութային ցեղասպանութեան դադարեցման եւ դատապարտման ուղղութեամբ», յայտնեց Աննա Նաղդալեան:

Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արտակ Ապիտոնեան տեսակապի միջոցով այս մասին զրուցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի գրասենեակի ղեկավար Նիքոլա Քասիանիտեսի հետ: Ան ընդգծած է ԱրցախիԱզրպէյճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային, կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու հրատապութիւնը նկատի ունենալով հայկական յուշարձաններու դիտաւորեալ ոչնչացման, անոնց սրբապղծման եւ ինքնութեան խեղաթիւրման ուղղութեամբ Ազրպէյճանի հետեւողական քայլերը:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան դիտել տուաւ, որ Մեխակաւանի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ աւերումը յաւելեալ ապացոյց է, որ Արցախի մէջ հայերուն նկատմամբ գործադրուած է ցեղային զտումներու ու ցեղասպանութեան քաղաքականութիւն:

«Դեռ պատերազմի ժամանակ էին ազրպէյճանական զինուորականները հրապարակել տեսանիւթ, թէ ինչպէս են նրանք ցինիզմով անարգանքի, վանտալիզմի ենթարկում հայկական եկեղեցին: Հայաստանի մարդու իրաւունքների պաշտպանի աշխատակազմը թարգմանել ու վերլուծել է տեսանիւթը, որը բացայայտ վկայում է կրօնական ատելութեան եւ հայկական եկեղեցին քանդելու մտադրութեան մասին», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Արման Թաթոյեան ցցուն նկատեց այն փաստը, որ եկեղեցին աւերուած է ոչ թէ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին, այլ անոնց դադրելէն ետք:

«Տեղի ունեցածը Ազրպէյճանում հայատեացութեան եւ կրօնական հիմքով ատելութեան քաղաքականութեան հերթական արդիւնքն է, միջազգայնօրէն երաշխաւորուած կրօնական ազատութեան կոպիտ ոտնահարում», շեշտեց Հայաստանի մարդու իրաւուքններու պաշտպանը:

Իր կարգին, Հայաստանի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովը դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ Մեխակաւանի հայկական եկեղեցին հիմնայատակ վերացնելու փաստը:

Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման յանձնախումբ դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները եւ մասնաւորաբար նախագահ Իլհամ Ալիեւ, անտեսելով միջազգային մարդասիրական ու մշակութապահպան կազմակերպութիւններու, պատմաբաններու, հնագէտներու, պետական այրերու կոչերն ու յորդորներըկը շարունակէ կեղծիքի տարածման իրենց քաղաքականութիւնը Արցախի դարաւոր հայկական սրբավայրերը ներկայացնելով իբռեւ «հին ուդիական կրօնական ժառանգութիւն», ինչպէս նաեւ պղծելով եւ աւերելով հայկական եկեղեցիները:

«Ազրպէյճանի կողմից գրաւած տարածքներում, որտեղից վտարուել է հայկական բնակչութիւնը, հազարաւոր խաչքարեր, մատուռներ, եկեղեցիներ ու վանքեր, որպէս հայ հոգեւոր ժառանգութեան անձայն վկաներ, որոնք դարեր շարունակ կանգուն են եղել, դեռ սպասում են քրիստոնեայ հայորդիների աղօթքին: Խստօրէն դատապարտելով Ազրպէյճանի իշխանութիւնների այս քաղաքականութիւնըվերստին կոչ ենք ուղղում միջազգային հանրութեանը կասեցնելու համաշխարհային ժառանգութեան մաս կազմող Արցախի հոգեւոր-մշակութային յուշարձանների ոչնչացումը», կը նշէ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման յանձնախումբը:

Եկեղեցւոյ աւերման վերաբերող «Պի. Պի. Սի.»-ի տեսերիզը կարելի է դիտել` այցելելով https://www.facebook.com/Armenianombudsman/videos/185288743400581/


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.