İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայ Համայնքը Պելճիքայի Վարչապետին Կոչ Ուղղած Է Դատապարտելու Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Կողմէ Ահաբեկչութեան Հովանաւորութիւնը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը եւ Պելճիքայի Հայերու կոմիտէն Պելճիքայի վարչապետ Ալեքսանտր Տէ Քրոոյին ուղղած նամակով կոչ ուղղած են դատապարտելու ահաբեկչութեան որեւէ պետական հովանաւորչութիւն` յիշեցնելով, որ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը վարձկաններ ներգրաւած են:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ նամակը Պելճիքայի վարչապետին յղուած է ի յիշատակ Պրիւքսելի մէջ 2016 թուականին տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններու 5-ամեակին:

«Նամակին մէջ Պելճիքայի հայ համայնքը իր կարեկցանքն ու համերաշխութիւնը կը յայտնէ Պելճիքայի կառավարութեան եւ Պելճիքայի քաղաքացիներուն, որոնք դարձան այս ողբերգական իրադարձութեան զոհըշեշտելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ այդպիսով ազատ ու ժողովրդավար հասարակութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը: Պելճիքայի վարչապետին ուղղուած նամակին մէջ կը մատնանշուի, որ Արցախի բնիկ հայ բնակչութիւնը նոյնպէս ահաբեկչութեան զոհ դարձած է սեպտեմբեր-նոյեմբեր 2020-ի պատերազմին ընթացքին յիշեցնելով պատերազմին մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ վարձկաններու ներգրաւման մասին: Նամակը Պելճիքայի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` կտրուկ կերպով դատապարտելու ահաբեկչութեան որեւէ պետական հովանաւորչութիւն, եւ կը շեշտէ, որ Պելճիքայի շահերէն չի բխիր համագործակցիլ այնպիսի երկիրներու հետ, որոնք իրենց աշխարհաքաղաքական շահը յառաջ կը մղեն նման դատապարտելի եւ կործանարար միջոցներով», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.