İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ / RUHANİ MECLİS DUYURUSU

Ծանօթ է թէ համայնքային եւ թաղային մարմիններու վարչութեանց ընտրութիւնները  աւելի քան ութը տարիէ ի վեր չէին կատարուեր։ Բնականաբար այս սպասումը մտահոգութեան դուռ բացած էր թէ վարչութեանց մօտ եւ թէ համայնքային շրջանակներէ ներս։ Պատրիարքական Աթոռը եւս խորապէս կը յուզուէր ի տես այս վիճակին, որ արգելք էր մեր համայնքային ու թաղային հաստատութեանց առողջ մատակարարման։  

Վստահելով արդարութեան, Անգարայի 7րդ Վարչական Ատեանի մօտ բացուած դատը մեր համայնքային ու թաղային մարմիններուն տեսակէտէն դրական ելքի յանգեցաւ, որ գոհունակութեամբ ընկալուեցաւ համայնքային շրջանակներէ ներս, գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Աթոռի։

Ծանօթ է թէ ընտրութեանց կատարման արգելք կը հանդիսանար այն շրջաբերականը, որով կը ջնջուէր ընտրութեան հին կանոնագրութիւնը, զայն նորով փոխանակելու պատճառաբանութեամբ։ Նոյն շրջաբերականը կը տնօրինէր նաեւ պաշտօնի վրայ գտնուող վարչութեանց պաշտօնավարութեանց շարունակութիւնը, մինչեւ որ նոր կանոնագրութիւնը ի զօրու դառնար։ Մինչ այդ երկրորդ շրջաբերականով մը կը տնօրինուէր, թէ պաշտօնի վրայ գտնուող վարչութիւններ մահուան, հրաժարման պատճառներով իրենց կազմերէն ներս թափուր մնացած աթոռներու համալրման համար կրնային նշանակովի անդամներ ընկալել։ Ըստ կայացած որոշման վերոյիշեալ երկու շրջաբերականները կը դադրէին ի զօրու ըլլալէ եւ այսպէսով դուռ կը բացուէր համայնքային ու թաղային մարմիններու վարչութեանց ընտրութեանց կատարման։ Նոյն որոշումը կ՚ապահովէր նաեւ համայնքային ու թաղային մարմիններու վարչութիւններուն ընտրութեամբ կազմաւորումը։

Համայնքային ու թաղային մարմիններու վարչութեանց ընտրութիւններուն ութը տարիէ ի վեր չկատարուիլը դուռ բացած էր որ վարչական մարմիններ դժուարութիւններու հետ դէմ յանդիման մնային եւ մանաւանդ բարոյապէս յոգնած վիճակի մատնուէին։ Վստահ ենք թէ իրաւաբանական գետնի վրայ ձեռքբերուած սոյն որոշումը առիթ պիտի ընծայէ, որ  վարչութեանց անդամներուն վրայ ազդող ժխտական ազդեցութիւնները պիտի չքանան, ընտրութիւններով կազմելի նոր վարչական կազմերով։ Ուստի վստահ ենք թէ մեր համայնքային ու թաղային մարմիններու վարիչները պատկան պաշտօնարաններու մօտ դիմում պիտի ներկայացնեն որպէսզի ընտրութիւնները կատարուին։ 

Բաց աստի ծանօթ իրողութիւն է թէ կարգ մը թաղային մարմիններու վարչութիւնները կը կազմուին թաղային շրջանակներու մէջ, սահմանափակ թիւով ընտրողներու եւ թեկնածուներու մասնակցութեամբ, բան մը որ անպատեհութիւններ ունի։ Նկատի ունենալով սոյն պարագան, կը հաւատանք, որ ընտրութիւնները երբ շրջանային սահմաններու մէջ կատարուին, այդ պիտի յանգի դրական արդիւնքներու։    

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ

24 Մարտ 2021


Sekiz yılı aşkın bir süredir vakıf yönetim kurulları seçimlerinin yapılamamış olmasına bağlı olarak gerek yönetim kurulları, gerekse cemaatimiz endişeli bir beklenti içindeydiler. Vakıfların sağlıklı yönetilmesine engel olan bu durum Patriklik Makamı’nı da derinden üzmekteydi.

Adaletin nihayet tecelli ettiğinden emin olarak Ankara 7. İdare Mahkemesi nezdinde açılan davanın cemaat vakıfları açısından olumlu sonuçlanması başta Patriklik Makamı olmak üzere, cemaatimiz çevrelerinde memnuniyetle karşılanmıştır.

Alınan karar uyarınca seçimlerin yapılmasına engel teşkil eden vakıflar yönetmeliğinin seçimlerle ilgili maddelerinin iptali üzerine yenisi yürürlüğe girinceye kadar mevcut yöneticilerin görevlerine devam edeceklerine dair genelge ve daha sonra ölüm, istifa nedenlerle boşalan yönetim kurullarına atama yoluyla üye almalarına imkân veren genelgenin de iptaliyle vakıf yönetim kurulları seçimlerinin yapılmasının önü açılmıştır. Aynı zamanda, vakıf yönetim kurullarının yapılacak seçimlerle teşkil edilmesi de sağlanmıştır.

Buna göre vakıf yönetim kurulları seçimlerinin sekiz yıldan bu yana yapılamamasına bağlı olarak yönetim kurullarının yaşadıkları zorlukların, özellikle de manevi yorgunlukların yapılacak seçimlerle yeni yönetim kurulları teşkiliyle izale edileceği muhakkaktır. Dolayısıyla vakıf yönetim kurullarımızın seçimlerin yapılması dileklerini resmi makamlara arz edeceklerine eminiz.

Ayrıca bazı vakıf yönetim kurullarının semt çevrelerinde seçmen ve aday sayısının kısıtlı sayıda olmasına bağlı olan mahzurların göz önünde bulundurularak, seçimlerin bölge esasında yapılmasının olumlu sonuçları olacağına inanıyoruz.

PATRİKLİK SEKRETERYASI

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

Kaynak: Türkiye Ermenileri Patrikliği https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın