İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արամ Մանուկեանի Ծննդեան Օրուան Առիթով ՀՅԴ Ընտանիքին Անունով Ծաղկեպսակ Զետեղուած Է Անոր Յուշարձանին Դիմաց

19 մարտը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր, ազգային, պետական, հասարակական եւ կուսակցական գործիչ Արամ Մանուկեանի ծննդեան օրն է: Ազգային-պետական գործիչի ծննդեան 142-ամեակին առիթով Երեւանի կեդրոնին մէջ վեր խոյացող անոր յուշարձանին դիմաց ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքին անունով ծաղկեպսակ զետեղուած է:

Օրուան ընթացքին անոր յուշարձանը այցելած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի, ՀՅԴ մարզային կառոյցներու, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական եւ Հայաստանի երիտասարդական միութիւններու անդամները:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան Արամի յուշարձանը այցելած երիտասարդներուն հետ զրուցած է նաեւ Հայաստանի պետականութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակէն դուրս գալու ելքերուն մասին` այդ ամէնը ներկայացնելով Արամի փոթորկալից կեանքի բազմաթիւ դրուագներու խորապատկերին:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.