İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ամերիկացի Ծերակուտականները Պայտընին Կոչ Ուղղած Են` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Միացեալ Նահանգներու 37 ծերակուտականներ միացած են Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտեսի նամակին` նախագահ Ճօ Պայտընին կոչ ուղղելով հետեւելու Քոնկրեսի օրինակին եւ ամբողջութեամբ ու պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Մենենտես նամակին մէջ Պայտընին յիշեցուցած է, որ նախապէս, այդ թուականին եւ 2020 թուականի նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ ան ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Մենք կը յորդորենքնոյնը ընել արդէն նախագահի պաշտօնին վրայ յստակացնելով, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը ճանչնայ այս սարսափելի ճշմարտութիւնը», կը նշուի նամակին մէջ:

Ծերակուտականը յիշեցուցած է, որ դեկտեմբեր 2019-ին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը, իսկ ապրիլ 2020-ին նաեւ Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրած էին համապատասխան բանաձեւեր, որոնցմով 1915 թուականին կատարուածը կը ճանչնային իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւն: Ան ընդգծած է, որ ժամանակն է, որ գործադիր մարմինը եւս ճանչնայ պատմական իրողութիւնը:

«Դուք ճշմարիտ կերպով յայտարարած էք, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմը պէտք է ըլլան մեր արժէքները, ներառեալ յարգանքը համաշխարհային իրաւունքներու նկատմամբ: Այդ արժէքները կը պահանջեն, որ մենք ճանչնանք ճշմարտութիւնն ու կարելի ամէն բան ընենք կանխարգիլելու ապագայ ցեղասպանութիւններն ու մարդկութեան դէմ միւս յանցագործութիւնները:

«Ինչպէս նշած էիք նախորդ ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան ընթացքին կատարուած ձեր յայտարարութեան մէջ«յատկապէս կարեւոր է խօսիլ այս մասին ու ոգեկոչել այս պատմութիւնը այնպիսի պահու մը, երբ մենք ամէն օր աւելի կը գիտակցինք ճշմարտութեան ուժին եւ մեր հաւաքական պատասխանատուութեան կանգնելու ընդդէմ ատելութիւնը, որովհետեւ լռութիւնը մեղսակցութիւն է»: Երկու կուսակցութիւններու վարչակազմերը լուռ եղած են Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան հարցին մէջ: Մենք ձեզի կոչ կ՛ուղղենք կոտրելու մեղսակցութեան այս օրինաչափութիւնը եւ պաշտօնապէս ճանչնալու, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ցեղասպանութիւն էր», կը նշուի նամակի եզրափակիչ հատուածին մէջ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.