İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Քննչական Կոմիտէ. «Վազգէն Մանուկեանի Քրէական Գործը Մեղադրական Եզրակացութեամբ Ուղարկուած Է Ընդհանուր Դատախազութիւն»

Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէի Յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան ընդհանուր վարչութեան կեդրոնին մէջ աւարտած է 12 եւ 20 փետրուար 2021-ին Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքներու ժամանակ Վազգէն Մանուկեանի կողմէ` իշխանութիւնը զաւթելու, սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու, բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր կատարելու դէպքերուն առիթով յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:

Քննչական կոմիտէի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի. «Աւելի կանուխ տեղեկացուցած էինք, որ անոր մեղադրանք առաջադրուած էՀայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածով (իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչերը), եւ իբրեւ խափանման միջոց կիրարկուած է ստորագրութիւն չհեռանալու մասին: 9 մարտ 2021-ին Վազգէն Մանուկեանին առաջադրուած մեղադրանքը լրացուած է` 26 փետրուարի 2021-ին Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ժամանակ Վազգէն Մանուկեանի կողմէ հնչեցուած կոչերով, որոնք եւս կը բովանդակեն իշխանութիւնը զաւթելու եւ սահմանադրական կարգը տապալելու բռնի կոչեր:

Նախաքննութիւնը աւարտած է, եւ քրէական գործըմեղադրական եզրակացութեամբ, ուղարկուած է Հայաստանի ընդհանուր դատախազութիւն մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատելու եւ գործը դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ»:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.