İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Նախագահը Պիտի Չստորագրէ Արտակ Դաւթեանի Նշանակման Հրամանագիրի Նախագիծը Եւ Պիտի Չդիմէ Սահմանադրական Դատարան

Հանրապետութեան նախագահը 11 մարտ 2021-ին իր առարկութիւններով վերադարձուցած է Արտակ Դաւթեանը Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար նշանակելու մասին վարչապետի առաջարկութիւնը եւ կից հրամանագիրի նախագիծը: Նոյն օրը ստացուած են վարչապետի հիմնաւորումները նախագահի առարկութիւններուն վերաբերեալ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն. հանրապետութեան նախագահը պիտի չստորագրէ հրամանագիրի նախագիծը եւ պիտի չդիմէ Սահմանադրական դատարան:

Միւս կողմէ, վարչապետի մամլոյ քարտուղար Մանէ Գէորգեան յայտնած է, որ կառավարութիւնը չ՛ընդունիր նախագահին առարկութիւնները զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնին Արտակ Դաւթեանը նշանակելու` վարչապետի առաջարկին, եւ հիմնաւորումներով ետ կ՛ուղարկեն միջնորդութիւնը նախագահին:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.