Ֆրանչիսկոս Ա. Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետի հրամանով՝ անցնող 2021 թուականին Փետրուար 2ին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին ընդգրկուեցաւ Լատինական Եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին մէջ։ Յետ այսու ամէն տարի 27 Փետրուարին Կաթոլիկ Եկեղեցին պիտի յիշատակէ Հայ Եկեղեցւոյ այս մեծանուն վարդապետը։ Յիշենք….12 Ապրիլ 2015-ին թուականին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Սրբազան Պապը Նարեկացին հռչակած էր “ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ վարդապետ”: Երեք տարի անց՝ 5 Ապրիլի 2018 թուականին, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի եւ Մեծի Տանն Կաթողիկոսի հետ, Սրբազան Քահանայապետը օրհնեց՝ Վատիկանի պարտեզներուն մէջ տեղադրուած Նարեկացիի արձանը։ Անցեած 27 Փետրուարին, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ առաջին անգամ յիշատակուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին։ Պատարագէն ետք Վատիկանի պարտեզներուն մէջ Նարեկացիի արձանին շուրջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն մեր նախագահութեամբ, որուն ընթացքին աղօթակից ունեցանք կարտինալներ Լէոնարտօ Սանտրի եւ Քուրտ Քոխը, Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքիեանը։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւորականներ։
Որպէս Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներ՝ հպարտ ենք, որ մեր եկեղեցւոյ սրբակենցաղ եւ հանճարեղ մեծ վանականը կը գնահատուի ու կը մեծարուի՝ որպէս մեծ վարդապետ, Քրիստոնեայ մեր եղբայրներու եւ քոյրերու կողմէ։ Չնայած Նարեկացիի հանճարը ունի լայն տարածում. Անոր «Մատեան Ողբերգութեան» (Նարեկ) աղօթագիրքը եւ իր տաղերը, ինչպէս նաեւ այլ գրութիւնները թարգմանուած են տարբեր լեզուներու։ Ոչ-հայ գիտնականներ բազում ուսումնասիրութիւններով, հրատարակութիւններով եւ դասախօսութիւններով արժեւորած եւ փառաբանած են անզուգական Նարեկացիին հանճարը։
Կ՚ուզենք յիշել Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, 25 Յունիս 2016 թուականին տուած պատգամը, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուած միջեկեղեցական արարողութեան ընթացքին՝ որուն միասնաբար նախագահած էր Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հետ։ Սրբազան Քահանայապետը մէջբերումներ կատարեց Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետէն եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն։ Ան մասնաւորապէս շեշտեց “Ս. Գրիգոր Նարեկացիի բացառիկ աղօթագիրքը՝ «Նարեկը»ը ես կը նկատեմ Հայ Ժողովուրդի հոգեւոր սահմանադրութիւնը։ Աշխարհ պէտք ունի Գրիգոր Նարեկացիի պատգամներուն” ըսելով աւարտեց իր խօսքը։
Այսօր, յետպատերազմեան այս ժամանակաշրջանին, երբ խոցուած եւ ընկճուած հայութիւնը ցաւի եւ խոր ողբերգութիւն մէջ կապրի՝ առաւել եւս պէտք ունինք մեր Սուրբին պատգամներում, Անոր «Ի խորոց սրտէ խօսք ընդ Աստուծոյ» աղօթքներուն եւ աղերսներուն, որոնք պիտի օգնեն մեզի դուրս գալու մեր խորունկ վիշտէն, կորուստներու անդարամ ցաւէն, ստեղծուած զայրոյթի, զիրար մեղադրելու, յուսահատութեան, անմիաբանութեան այս բացասական մթնոլորտէն։ Նարեկացիի աղօթքները մեզի կու տան մխիթարութիւն, հոգիի խաղաղութիւն, համերաշխութիւն, յոյս եւ հաւատք։ Այս ճգնաժամին մէջ անոնցմով մենք պիտի յաղթենք բոլոր բացասական երեւոյթները, վերահաստատելու համար մեր սէրն ու միասնականութիւնը։
Դարձեալ համոզուած ենք, թէ Նարեկացին բոլոր ժամանակներուն համար է։ Արցախի պատերազմին յաջորդած ներկայ ծանր իրավիճակին մեր ականատես դարձած անբաղձալի իրադարձութիւնները, հաւաքական կեանքի բոլոր մտահոգիչ երեւոյթները կը համարուին բարոյական տագնապի եւ հոգեկան անկումի հետեւանքներ։ Հոգեւոր վերականգնումն է, որ մեզ պիտի ձերբազատէ համազգային այս քաոսէն։ Դէպի Հաւատք, դէպի կրօնի խորհուրդ ուղղուելու մեր միտումն ու ջանքերը պէտքէ շեշտուին այսօր ազգային-եկեղեցական մեր կեանքէն ներս։
Ներկայի հայ ազգի հորիզոնը պղտոր է։ Ան պէտք է դուրս գայ այս իրավիճակէն իր հայացքը ուղղելով դէպի հեռաւոր ու նոր հորիզոններ։ Այս պիտի ըլլայ բուժումը եւ միայն այսպէս կը սպիանան վէրքերը։ Ս.Գրիգոր Նարեկացին ընդունակ է մեզ առաջնորդել՝ ձերբազատուելու առկայ կիրքի բռնկումներէն, մարդկային գարշ ու գռեհիկ մոլուցքներու լլկանքներէն եւ ի վերջոյ իր թողած ժառանգութեամբ մենք կրնանք նկատել այնպիսի սեւեռակէտ մը, ուր հոգին ականատես կ՚ըլլայ լուսաւոր եւ գերերկրային գեղեցկութեան մը։ Այդ գեղեցկութիւնը պիտի ըլլայ այն վեհ գաղափարը, որ պիտի համապատասխանէ Աստուծոյ կամ ճշմարտութեան սկզբունքի շողերով լուսաւոր պատկերի մը։ Մեզմէ իւրաքանչիւրի էութեան լոյսն է, որ պիտի կազմէ հայ ազգի ջահը ու զայն պիտի դնէ ճանապարհի մը վրայ, որ պիտի հասցնէ անշեղ կատարելագործութեան։
Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աղօթագիրքը հայ ժողովուրդի խղճմտանքին ու դատողութեան ամենէն ապահով եւ մաքուր միջոցն է՝ գտնելու համար սփոփանք, որ կենսական կարիք դարձած է այս պահուն հայութեան համար։ Ինչպէս Ս. Գրիգոր Նարեկացին կը գրէ. «Ուստի, ամբիծ սրտով բժշկութիւն՝պարտքերու թողութիւն եւ մեղքի կապանքներէ արձակում։ Ո՛վ բարձեալ, Քու արարածներուդ հոգիներուն եւ մարմիններուն ցաւերը բուժելու համար թող կենաց դեղ ըլլայ ըլլայ Քու անունովդ սկսուած ողբերու այս մատեանը»։ «Նարեկ»ը պիտի ըլլայ մեր խոցուած հոգիներու անոյշ բալասանը եւ իր խորհուդով պիտի գայ ազգը կազդուրելու, վերանորոգելու, վերաշխուժացնելու եւ վերակենդանացնելու։
Նարեկացին, աստուածախօս մատենագիրն եւ սուրբ վանականը, հայ ազգի պարծանքն է, որ ներկայ ծանր պահուն կրնայ ներգործել՝ հաւաքական սփոփանք պարգեւելու հայութեան։ Նարեկացին հանճարեղ ուղղեցոյց մըն է, որ մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ նկատմամբ անսահման սէրը։ Իր աղօթքներէն մէկուն մէջ ան կ՚ըսէ “Յիրաւ Քու կամքիդ երկայնամտութեան լոյսին մէջ ծածկուեցաւ ամէնուն չարութիւնը, ինչպէս դոյզն մռայլ մը՝ արեւու տապին մէջ…”:
Այս օրերուն մթագնած հայկական երկնքի տակ, Ս. Գրիգոր Նարեկացին կրնայ դառնալ այն փարոսը, որ մեզ կրնայ առաջնորդող դէպի լոյսը։ Ա՛ն կրնայ ըլլալ այն զուլալ աղբիւրը, որ կրնայ սնուցանել աստուածատեսութեան շողիւններով հայ ժողովուրդի ցաւերը փարատելու ջանքերը ու կրնայ լոյս սփռել անոր առկայ խաւարին վրայ։
Ս.Գրիգոր Նարեկացին հանճար մըն է, մեծութիւն մը համամարդկային ու համաշխարհային։ Ան միայն հայոց չի պատկանիր։ Միջազգային մակարդակով միստիք գրականութեան մէջ ամենէն սրտառուչ եւ անկրկնելի դէմքերէն մին։Մէկ անգամ եւս յիշենք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի խօսքը. «Գրիգոր Նարեկացիի բացառիկ աղօթագիրքը «Նարեկ»ը ես կը նկատեմ Հայ ժողովուրդի հոգեւոր սահմանադրութիւնը: Աշխարհ պէտք ունի Գրիգոր Նարեկացի պատկամներուն»։
Համոզուած ենք, թէ բոլորէն առաջ, նախ մենք պէտք ունինք Ս. Գրիգոր Նարեկացին խորքաթափանց ընկալելու, իր պագմամները հասկնալու եւ անոնցմով ուղղութիւն տալու մեր թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական կեանքին։ Ս. Գրիգոր նարեկացիի պատգամներուն նորովի իւրացումը կրնայ խաղաղութեան առաջնորդել հայութեան էութիւնը եւ այդ անդորրին մէջ մեր ազգը կրնայ ամրապնդել հաւատքը սեփական ուժերու նկատմամբ, կրնայ վերանորոգող եռանդ գտնել նոր մտայնութիւնով պետականանաշինութեան, հայրենակերտման լծուելու եւ ի վերջոյ՝ ապագայի նկատմամբ յոյսի հունտեր ցանելու, որպէսզի անոնք ծիլ տան նոր սերունդի կատարեալ, լիարժէք կրթութեամբ ու դաստիարակութեամբ եւ օր մըն ալ այդ պտուղները քաղուին հայոց անամպ երկնքին ներքեւ։ Միշտ պէտք է յիշենք, որ տասերորդ դարու այս հանճար հայ վարդապետի պատգամները անժամանակ են եւ աւելի խոր ու աւելի բարձր քան արդիական ժողովրդրդական տարբեր գաղափառախօսութիւններ։
Թող Տէրը լուսաւորէ մեր միտքերը ու խորացնէ մեր մտածումները, որպէսզի կարողանանք յայտնաբերել Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հանճարի խորքերը։ Եւ Նարեկացիի «հոգեւոր սահմանադրութեամբ» առաջնորդուինք Բարձրեալն ալ մեզ արժանացնէ յաղթահարել ազգիս բոլոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւերները:
Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան
Հռոմ, 4Մարտ, 2021
İlk yorum yapan siz olun