İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մինչ Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սրի. Երկիրը Աստիճանաբար Վերաբանալու Քայլերը Առնուած Են, Իսկ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստումի Արշաւը Կը Շարունակուի

Մինչ տնտեսական տագնապը քայլ առ քայլ կը խեղդէ լիբանանցիները, «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու պետական շտապը երկիրը աստիճանաբար վերաբանալու քայլեր կ՛առնէ, իսկ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի արշաւը կը շարունակուի իր դանդաղ թափով:

Կենցաղային առումով լիբանանցիին կը սպառնան աւելի դժուար եւ ծանր պայմաններնկատի ունենալով լիբանանեան դրամանիշին յաւելեալ արժեզրկումը, իբրեւ հետեւանք ամերիկեան տոլարի արձանագրած բարձր սակին, որ երէկ երեկոյեան հասաւ 9.800, այլ խօսքով 10.000-լիբ. ոսկիի:

Հետզհետէ աւելի սրող տնտեսական այս տագնապը պիտի դրսեւորուի ո՛չ միայն տարբեր ապրանքատեսակներու սղութեան վրայ, այլ կը նախատեսուի, որ անիկա իր դրսեւորումը ունենայ նաեւ վառելանիւթի սակերուն վրայ:

Այս իմաստով երէկ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ լուր մը, թէ ելեկտրածին շարժակներուն բաշխած ելեկտրական հոսանքը ստանալու համար լիբանանցին 730 լ. ոսկի պիտի վճարէ իւրաքանչիւր քիլոուաթի համար: Այսինքնայս ամսուան համար լիբանանցիին վճարելիք սակը բաղդատած անցեալ ամսուան, 60 առ հարիւրով պիտի սղի:

Հակառակ անոր որ այս լուրը հերքուեցաւ Ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն կեդրոնական խորհուրդին կողմէ, այսուհանդերձ կարգ մը շրջաններու մէջ քաղաքացիներ ստացան կարճ նամակներ, որոնց համաձայն, 3 ամփերի համար անոնք պէտք է վճարեն 120.000 լ. ոսկի, 5 ամփերի համար200.000 լ. ոսկի, 6 ամփերի համար 240.000 լ. ոսկի եւ 10 ամփերի համար` 400.000 լ. ոսկի:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու նպատակով յայտարարուած ընդհանուր փակումը աստիճանաբար կը մեղմանայ` երկիրը վերադարձնելով «սովորական» կեանքին:

Ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ յայտարարեցին, որ արդէն իսկ սկսած է գործադրուիլ ժամանակացոյց մը, որուն համաձայն, երեկոյեան ժամը 8:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 կրակմարի ժամ է:

Այս ժամերուն մէջ չեն ներառուիր բացառութիւն նկատուող մարզերուն պաշտօնեաները:

Ներքին ապահովութեան ուժերուն համաձայն, ծովեզերքի մայթերուն վրայ հաւաքները արգիլուած են, բացի` մարզիկներուն կատարելիք փորձերէն, իսկ հանրային պարտէզները կը մնան փակ:

Կրօնական կամ այլ առիթներով հաւաքները կը շարունակեն մնալ արգիլուած:

Իսկ բնակարաններէն դուրս գալու պարագային արտօնութիւն ստանալու պէտք է դիմել միայն այն պարագաներուն, երբ փոքր հանրախանութներ, հանրախանութներ, մեծ վաճառատուներ` 15 քառ. մեթր եւ աւելի, առեւտրական համալիրներ (մոլ), դրամատուներ եւ դահուկարշաւի կեդրոններ ուղղուելու ծրագիրներ ըլլան:

Փոքր հանրախանութներուն արտօնուած է գործել առաւօտեան ժամը 6:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, հանրախանութներունշուրջօրեայ դրութեամբ, մեծ վաճառատուներուն եւ առեւտրական համալիրներուն առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, դրամատուներունառաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00 եւ դահուկարշաւի կեդրոններուն առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00:

Երկրի աստիճանաբար վերաբացումին կողքին պատուաստումի արշաւը կ՛ընթանայ իր դանդաղ քայլերով:

Այս շրջագիծին մէջ, Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիան նախապէս յայտնած էր, որ Չինաստանի պետութիւնը որոշած է 50 հազար «Սինոֆարմ»` «Քորոնա» ժահրին դէմ չինական պատուաստ տրամադրել Լիբանանին:

«Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի լիբանանեան պետական շտապի նախագահ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ շտապը համաձայնութիւն յայտնած է, որ «Սինոֆարմ» պատուաստը տրամադրուի լիբանանեան բանակին:

ՆՇԵՆՔ, որ առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցան «Քորոնա» ժահրով 1888 վարակուածներ եւ 51 մահացածներ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.