İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ

«ԻՒՆԷՍՔՕ»ի ներդրումով, 1999էն սկսեալ ամէն տարի 21 Փետրուարին աւանդութիւն դարձած է յիշատակել «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»ը։ Այս առիթով, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, պատգամ մը հրապարակեց եւ շնորհաւորեց «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»ը ու խօսեցաւ Արեւմտահայերէնի գործածութեան մասին։

Պատրիարք Հայրը, նախ ներկայացուց լեզուի կարեւորութիւնն ու ազդեցութիւնը, որով ազգեր կը կաղապարուին եւ կը ձեւաւորուին։ Լեզուն մշակոյթի տունն է եւ մշակոյթի մը հետ առընչուած ամէն ինչ լեզուի մէջ կը կատարուի։ Մինչ այդ, բոլոր ազգերը իրենց մշակոյթը, գեղարուեստը, գրականութիւնը, գիտութիւնը եւ ամէն տեսակ գործունէութիւնը, իրենց լեզուներուն մէջ կը կատարեն։

Մեր Հոգեւոր Պետը, աւելի վերջ անդրադարձաւ, Հայերէն լեզուի, պատմութեան ընթացքին Հայեցի կեանքէն ներս ունեցած կարեւորութեան եւ շեշտադրեց թէ՝ ներկայ սերունդը իրաւունք չունի  իր մայրենին կորսնցնելու։ Պոլսոյ իրականութենէն քաղելով, յիշեցուց թէ Արեւմտահայերէնը, դժբախտաբար կորստեան վտանգին մատնուած լեզուներու շարքին մէջ կը գտնուի։ Այս խնդրի կապակցութեամբ, յայտնեց թէ՝ Պոլիսը ներկայիս սփիւռքեան պայմաններու մէջ պահպանելու եւ պաշտպանելու կոչուած է Հայերէնը։ Այնուհանդերձ, Մեր Հոգեւոր Պետը նաեւ յիշեցուց թէ՝ այս բոլորին մէջ Պոլսեցին խոր արմատներու տէր է եւ տակաւին չեն ջորցած այդ արմատները։

Պատրիարք Հայրը, Արեւմտահայերէնի գործածութիւնը անուանեց լաւատեսութեան եւ յոռետեսութեան միջեւ խնդիր մը։ Իրատեսութեամբ նիւթին մօտենալով, յայտնեց թէ Հայերէնի գործածութիւնը օր ըստ օրէ կը նուազի։ Մեծածախս ջանքերով, միլիոնաւոր լիրաներու հասած ծախսերով բաց կը պահուին համայնքային վարժարանները, որպէսզի մեր զաւակները հայեցի դաստիարակութեամբ զարգանան։ Այս առումով, Պատրիարք Հայրը վճռակամօրէն թելադրեց, որ Մայրենի Լեզուի տեսակէտէ դպրոցական գիտութիւնը պէտք է ապրիլ շարունակէ նաեւ տուներէն ներս եւ այս ուղղութեամբ ամէն ջանք պէտք է ի գործ դրուի։ Արեւմտահայերէնը նաեւ Հայ մամուլի միջոցով, պէտք է մուտք գործէ մեր օճախներէն ներս։

Մայրենի բառին նշանակութեան եւս անդրադառնալով, Պատրիարք Հայրը յիշեցուց մայրենիին հանդէպ բոլորիս յանձնուած պարտականութիւնը։ Ինչպէս որ զաւակներ իրենց մայրերը կը սիրեն եւ իրենց տկարութեան օրերուն անոնց նեցուկ կը կանգնին, նոյնպէս ալ մեր մայրենին ներկայիս օգնութեանը պէտք ունի իր զաւակներուն։ Դպրոցական շրջանին արտասանուած ոտանաւորները, մեծասքանչով երգուած երգերը, որպէս ուխտ որակելով, ժողովուրդը հրաւիրեց հաւատարիմ մնալու իր ուխտին։ Պատրիարք Հայրը, վճռակամօրէն յիշեցուց որ Հայերէնը  գործնականապէս ողջ կը մնայ այնքան ատեն, որքան Հայեր կը շարունակեն գործածել զայն որպէս մայրենի լեզու։ Հայախօսութիւնը նաեւ կարեւորագոյն ազդակը պէտք է դառնայ, որպէսզի լեզուն ձեւաւորէ, կաղապարէ բոլորս եւ կաղապարուինք Հայեցի դիմագիծով։

Նորին Ամենապատուութիւնը, մաղթեց որ ներկայ սերունդի բերանները չդառնան մայրենի լեզուի գերեզմաններուն եւ ըսաւ. «Մեր բերնին վրայ կեանք պէտք է առնէ մայրենի լեզուն եւ պէտք չէ դաւաճանողներ ըլլանք։ Նայեցէ՛ք հազարաւոր տարիներ այս գեղեցիկ լեզուն մեզի հասած է։ Սերունդներ ինչեր վճարած են, որպէսզի այս լեզուն մեզի փոխանցեն։ Դրօշակը մեր ձեռքն է, այդ լեզուն մեր բերնին մէջը։ Պէտք չէ մեր սերունդը, Հայերէն լեզուի՝ Արեւմտահայերէնի դագաղը դառնայ։ Ճիշտ հակառակը ջահակիրներ եւ դրօշակակիրներ պէտք է դառնանք, յառաջ տանելու, որպէսզի արեւուն տակ Արեւմտահայերէնը հնչէ, խօսուի, երգուի եւ այդ լեզուով մարդիկ մտածեն»։

Իր պատգամի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը ունկնդիրներուն ուշադրութեան յանձնեց որ, Հայ Ժողովուրդը Քրիստոնեայ է եւ կը հաւատայ Ս. Յարութեան գաղափարին ու ուժին։ Մաղթեց որ զանազաններուն կեանքերէն ներս գործել սկսի նորոգող այս հոգին ու Արեւմտահայերէնի համար յարութեան առիթ դառնայ սոյն հանգրուանը։

Պատգամը տես՝ https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/videos/2908277216083984

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/մայրենի-լեզուի-միջազգային-օրուան-առթ/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın