İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՅՐԵՆԻՈՎ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՎԵՐ Է ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ

Պէտք է ապահովել իւրաքանչիւր քաղաքացիի՝ մայրենի լեզուով առողջապահական ծայառութեան հասնելու կարելիութիւնը։

Sağlık ve Sosyal Hizmet Emekçileri Sendikası (SES) Şişli Şubesi, 21 Şubat Dünya Anadili Günü’nde anadilde sağlık hakkı talep etti.

Kürtçe’nin Kirmanckî ve Kurmanci lehçeleri ile Türkçe, Süryanice, Arapça ve İngilizce olmak üzere altı dilde yapılan açıklamanın Ermenicesi şöyle:

Առանց որեւէ խտրականութեան, հաւասար պայմաններով, առողջապահական ծառայութեան հանրային մատչելիութիւնը մարդկային հիմնական իրաւունք մըն է։ Պէտք է ապահովել իւրաքանչիւր քաղաքացիի՝ մայրենի լեզուով առողջապահական ծայառութեան հասնելու կարելիութիւնը։
ԵՈՒՆԵՍՔՕ, 2000-ին 21 Փետրուարը հռչակեց Մայրենի լեզուի միջազգային օր։ ԱՆկասկած, այս որոշումի ընդունման համար իրենց դերը ունեցած էին Պանկլատեշի ուսանողական զանգուածային ցոյցերը, որոնց առանցքին էր մայրենի լեզուն։

Թուրքիոյ պետական մտածողութեան՝ միալեզուութեան քաղաքականութեան վրայ յամառիլը ամօթալի է, երբ նկատի ունենաք աշխարհի վրայ միաժամանակ տասնեակ պաշտօնական լեզուներ ունեցող պետութիւններու առկայութիւնը, եւ այլ մոլորակներու վրայ նոր կեանքեր ծրագրելու պայմանները։ Որպէս հետեւանք այս մօտեցումին, որ ամբողջապէս կ՚արժեզրկէ մարդկային կեանքը, ազգային տարբեր պատկանելիութեան տէր տասնեակ միլիոնաւոր քաղաքացիներ չեն կրնար օգտուիլ կանխարգելակիչ կամ բուժիչ առողջապահական ծառայութիւններէ։ Նոյն այս ծիրէն ներս, յատկապէս Սուրիայէ եւ այլ երկիրներէ Թուրքիա ապաստանած միլիոնաւոր փախստականներ ու գաղթականներ կը զրկուին առողջապահական տարրական իրաւունքէ։

Մայրենիով որակեալ առողջապահական ծառայութիւն մատուցելու եւ առողջապահական տարրական իրաւունքէ օգտուելու նիւթը, քաղաքական նեղմիտ պարտադրանքէ դուրս, պէտք է քննարկուի մարդկային իրաւունքի ծիրէն ներս։ Առանց հեռուները երթալու, Թուրքիոյ հարեւան Իրանի, հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ ու Իրաքի Դաշնակցային Քիւրտստանի տարածքին առողջապահական ծառայութիւններու մէջ մայրենիի գործածութեան վերաբերեալ փորձառութեան ուսումնասիրումը կրնայ ուսանելի ըլլալ։ Կոչ կ՚ուղղենք ամենակերճ ժամանակի մէջ կատարել օրինական ու գործնական կարգադրութիւններ, որպէսզի, պահպանելով Անատոլուի ու Միջագետքի բազմերանգ, բազմազգ մշակոյթը, քիւրտերու, արաբներու, հայերու, ասորիներու, չերքեսներու, լազերու, վրացիներու, պոսնիացիներու, ատրպէյճանցիներու, ալպանացիներու գլխաւորութեամբ, բոլոր ժողովուրդները իրենց մայրենի լեզուով օգտուիլ կարենան հաւասար, որակեալ, մատչելի առողջապահական հանրային ծառայութիւններէ։
(RT)


bianet

Yorumlar kapatıldı.