Պոլսահայ գաղութի բազմաշատ, եռանդուն, մշակոյթի մշակ ՄՈՒՐԱՏ ՊԷՊԻՐՕՂԼՈՒ ի մահուան 4- րդ Տարելիցի Առթիւ. (1942- 17 Փետրուար 2017)17 Փետրուար 2021 թուականին կ՛ամբողջանայ մեր սիրելի բարեկամ Պոլսահայ գաղութի բազմաշատ,եռանդուն, մշակոյթի մշակ Հայ Թերթ-Hye Tert լրատուական կայքէջի հիմնադիր -խմբագիր ողբեցեալ ՄՈՒՐԱՏ ՊԷՊԻՐՕՂԼՈՒ ի մահուան 4-րդ տարելիցի.
Խունկ եւ աղօթքով կը յիշատակենք անոր բարի յիշատակը.
Ով էր՞,ՄՈՒՐԱՏ ՊԷՊԻՐՕՂԼՈՒՄուրատ Պէպիրօղու ծնած է 1942 թուականին Մալաթիա-Արաբկիր, միջնակարգի կրթութեան առաջին տարիներուն ,ընտանիքին հետ միասին գաղթեց Իսթանպուլ իր ուսումին շարունակեց Սբ.Խար Դպրեվանքի մէջ, ան եղաւ Սբ.Խաչ Դպրեվանքի երրորդ կրթաշրջանի շրջանաւատներէն մին: Բարձրագոյն ուսումը ստածաւ Իսթանպուլ Տնտեսագիտութեան Բարձրագոյն դպրոցի մէջ.Բարձրագոյն ուսումտ աւարտելէ վերջ շրջան մը աշխատեցաւ արեւտրական ասպարէզի մէջ,իսկ աւելի վերջ ,իր գործընկերներու հետ հիմնադրեց “Գովազդային Գործակալութիւն” մը եւ իր աշխատանքները շարունակեց գովազդի ազպարեզի մէջ:
Մուրատ Պէպիրօղլու միեւնոյն ժամանակ հեղինակն է “Բարենորոգումէն-Թանզիմաթէն- մինչեւ երկրորդ Սահմանադրութիւն-Մէշրութիյէդ- Հայոց Կանոնակարգը-Նիզամնամէ-” եւ “Օսմանեան Իշխանութեան Ոչմահմետականներու Կանոնակարգը” վերնագրեալ գիրքերուն.Ուշիմ,իմաստուն,բարեսիրտ նկարգիրի տէր Մուրատ Պէպիրուղլու Հայ համայնքի մէջ ծանօթ է,իր ողջամիտ ու արժէքաւոր գաղափարներով:
Մուրատ Պէպիրօղլուի մահով ,համայնքը կորսունցուց իր շատ արժէքաւոր զաւակը.Ան իր ետին համայնքին ժառանգ թողուց աշխատանքներու ու գաղափարները.Ամէնակալ Տէրը, հոգին իր երկնային լուսաւոր օդեաններուն արժանի ընէ, իսկ ընտանեկան պարագաներուն ալ հոգւոյն սրբոյ մխիթարութիւն պարգաեւէ.Յիշատակն արդարոց , Օրհնութեամբ Եղիցի եւ Վաստակն ապրողաց օրհնեալ եղեցի Ամէն:Աստուած Հոգին Լուսաւորէ.
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
İlk yorum yapan siz olun