İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Վազգէն Մանուկեան. «Փաշինեան Ինչպէ՞ս Կրնայ Շարունակել Հայաստանի Ղեկավարութիւնը»

Երէկ` երկուշաբթի, 15 փետրուարին Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան «Ազատութեան» հրապարակին վրայ հանդիպում ունեցաւ քաղաքացիներուն հետ:

Ան դիտել տուաւ, որ 20 փետրուարին տեղի ունենալիք հանրահաւաքին ոստիկանները ուժ պիտի չկիրարկեն, «քանի որ այնքան մեծ հանրահաւաք պիտի ըլլայ, որ ոստիկանական ուժերը բաւարար պիտի չըլլան», որովհետեւ մենք ունեցած ենք սարսափելի խայտառակ պարտութիւն պատերազմին ընթացքին, անկէ ետք ստորագրուեցաւ խայտառակ համաձայնագիր, բայց եւ այնպէս այս ընթացքը այսօր եւս կը շարունակուի:

«Ոմանք ինծի կ՛ըսենխեղճ Նիկոլը ի՞նչ ընէր, միեւնոյնն է պատերազմը պիտի ըլլար, միեւնոյնն էպատերազմին մենք պիտի պարտուէինք: Կ՛ըսեմ լաւ, բազմաթիւ ապացոյցներ կան, թէ պատերազմին ինչե՛ր տեղի ունեցած են եւ ի՛նչ կարելի էր ընել, որ պատերազմը չսկսէր: Հաշուի չառնենք, պատերազմը վերջացաւ, զինադադարի պայմանագիրը կնքուեցաւ, ինչո՞ւ անկէ ետք այլ թուղթ մըն ալ ստորագրուեցաւ, որ մեր զօրքը Կուպաթլուն, Զանգելանը ձգեց10-12 քիլոմեթր յառաջ եկած էր, ու որմէ ետք մենք ունեցանք հարցեր Սիւնիքի սահմանին վրայ: Ատիկա ինչպէ՞ս բացատրել: Լաւ, առաջինի հետ ես համաձայն չեմ, բայց ենթադրենք համաձայն եմ, այս երկրորդը ինչպէ՞ս բացատրել», հարց տուաւ անշեշտելով, որ ներքին եւ արտաքին աշխարհին առջեւ խայտառակ եղած անձ մը Նիկոլ Փաշինեանը, ինչպէ՞ս կրնայ շարունակել Հայաստանի ղեկավարութիւնը:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.