İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ազրպէյճանի Կողմէ Գերեվարուած Լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան Ազատ Պիտի Արձակուի

Միջազգային կարմիր խաչին կողմէ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտնուած է, որ յառաջիկայ երկու օրերուն ազատ պիտի արձակուի ազրպէյճանական բանակին կողմէ գերեվարուած լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան: Անցնող շաբաթներուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի մօտէն հետապնդեց այս աշխատանքը` մնայուն կապի մէջ մնալով Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Շարպել Ուեհպէի հետ: Վերջինս պարտականութիւն տուած է դիւանագէտի մը եւ պահանջած Հայաստանի, Իրանի եւ Մոսկուայի մէջ Լիբանանի դեսպաններէն, որ այս ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանք ծաւալեն: Ասոր զուգահեռ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիմած է նաեւ Միջազգային կարմիր խաչին, ինչպէս նաեւ բողոք եւ ազատման պահանջ ներկայացուցած է Ազրպէյճանի դեսպանատան: Ազրպէյճանի դեսպանատունը, սակայն, չէ պատասխանած արտաքին գործոց նախարարութեան դիմումին եւ բողոքին: Վերջաւորութեան, լիբանանեան կողմի պահանջով եւ Միջազգային կարմիր խաչի միջամտութեամբ Մարալ Նաճարեանի ազատ արձակման որոշումը տրուած է: Այս ուղղութեամբ լիբանանեան կողմը պատրաստած է նաեւ իրաւական յատուկ թղթածրար, ուր հաստատուած է, որ Նաճարեան լիբանանցի է, եւ Լիբանան կ’արտօնէ երկքաղաքացիութիւնը: Այս փուլին նաեւ մնայուն կապ պահուած է ենթակային հարազատներուն հետ, եւ անոնք իրազեկ դարձած են աշխատանքի բոլոր փուլերուն:

Այսօրուան դրութեամբ որոշումը եւ խոստումը առկայ են, եւ կ’ակնկալուի, որ ան ազատ արձակուի եւ ուղղակիօրէն փոխադրուի Լիբանան:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.