İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայրենիք Վերադարձան 5 Գերիներ` Ազրպէյճանցի 1 Գերիի Դիմաց

Պաքուէն Հայաստան վերադարձան 5 գերիներ` Էդիկ Յարութիւնեան, Սէյրան Մաթեւոսեան, Կարէն Վարդանեան, Արմէն Նազրամադեան եւ Աշոտ Վարոսեան, որոնք Շիրակի մարզի 62 զինուորներուն խումբէն են:

Գերութենէ վերադարձած զինուորներուն վիճակը բնական նկատուեցաւ, անոնք փոխադրուեցան հիւանդանոց` ընդհանուր քննութեան համար:

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար զօր. Ռուստամ Մուրատով յայտնեց, որ Հայաստան մէկ գերի յանձնած է Ազրպէյճանին` հինգ հայ գերիներու դիմաց:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.