İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Բարի Երթ, Բարի Հովիւ

ՄԱՆՈՒԷԼ ԹՈՔՄԱՃԵԱՆ

Ի՞նչ գրեմչեմ գիտեր… Ուրկէ՞ պիտի սկսիմ չեմ գիտեր… Արդեօք հազարերորդ անգամն ըլլալով պէ՞տք է նորէն յիշեցնենք եւ գրենք այդ դաժան ժահրին մասին, որուն վերաբերող ամբողջ վէպ մըն ալ գրես` բաւարար չէ, կամ ալ յիշեմ այդ աննման մարդը, գլխագի՛ր ՄԱՐԴ-ը, որ իր սուրբ եւ բազմատաղանդ աջը վերջին անգամ բարձրացնելով «մնաք բարով» ըսաւ եւ վերջին շունչը արձակելով հանգչեցաւ հիւանդանոցի անկողինին վրայ:

Վա՜խ սրբազան, ինչ կանուխ էր, ինչ կարճ էր ձեր կեանքը այս աշխարհին վրայ: Դեռ առոյգ, դեռ կայտառ, կեանքով եւ հաւատքով լեցուն էիք, այսպէ՞ս պիտի խոնարհէիք այս անիծեալ ժահրին առջեւ, այսպէ՞ս պիտի ըլլար ձեր երթին աւարտը, ա՞յս պիտի ըլլար վերջը Մեղրիկ սրբազանին…

Կը ցաւիմ, կ՛ողբամ բայց պիտի չլամ, ո՛չ պիտի չլամ, թէեւ սիրտս ու հոգիս կ՛այլայլին, արցունքներս կուլ տալովքիմքս կ՛այրեն ու կը հեծկլտամ, պիտի չլամ… պիտի չլամ քանի դո՛ւք այդ խնդրեցիք, պիտի չլամ քանի դո՛ւք ըսիք, որ քրիստոնեային համար վախճան չկայ, այլ միայն տեղափոխում: Ահա այսօր դուք կը տեղափոխուիք դէպի վերին արքայութիւն, արքայութիւն մը, որուն ձեր ամբողջ հոգիով ցանկացաք եւ ամբողջ կեանքով ձգտեցաք: Ձեր կեանքը եղաւ այդ արքայութեան ի խնդիր, զայն նուիրեցիք բոլոր անոնց, որոնց կրնայիք օգնել, ուղղել եւ առաջնորդել դէպի այդ արքայութիւնը եւ ամէն անգամ, երբ ձեր աչքերը փակեցիք, միշտ դէպի վեր նայեցաք եւ այդպէս` ձեր աչքերը սեւեռած, անշարժ աղօթեցիք, երգեցիք ու լացիք…

Ահա վեր կը նայիմ ես ալ, դէպի այդ արքայութեան, այդ անհունին եւ անյայտին… Բայց հազիւ ակնթարթ մը անցած, կը նայիմ դէպի գերեզմանին, կորուստին ու ցաւին…

Ա՜խ սրբազան, չէի՞նք կրնար անգամ մը եւս «Աստուած օգնական» ըսել ձեզի, չէի՞նք կրնար քիչ մըն ալ ձեզ վայելել եւ ըսել` «Սրբազա՛ն, կ՛ուզեմ այսօր ձեզ տեսնել»:

Գացիք սրբազա՜ն, գացիք, բայց չմեռաք, թողեցիք մեզ, բայց դեռ կաք… Միշտ կ՛ըսէիք` «Աղօթեցէ՛ք տղաք, աղօթեցէ՛ք…»: Ահա կ՛աղօթեմ սրբազան հայր, կ՛աղօթե՛մ եւ զօրութիւն կը խնդրեմ Աստուծմէ, որպէսզի տոկամ այս ցաւին եւ ձեր պատգամը առյաւէտ պահեմ:

Այսօր կը բաժնուիք մեզմէմիանալու վերին Երուսաղէմին հրեշտակաց բնակարանին, ուր ձեր ծնողքը, քոյրը, եղբայրն ու հոգեւոր հայրը ձեզ կը սպասենարժանապէս պայծառացեալ ի դրախտի եդեմական:
Շատ էր ձեր վաստակը
մե՛ծ վարդապետ, դեռ շատ բան ունէիք տալիք, եւ մենք ալ աւելի` ձեզմէ սորվելիք…

Սորվեցուցիք մեզի աղօթել, հաւատալ եւ նուիրուիլ աղօթքի կեանքին, ոչ միայն աղօթքներ արտասանելով, այլ նաեւ ուղղակի հաւատալով, նոյնիսկ եթէ անկարելի կը թուի:

Սորվեցուցիք մեզի աշխատասէր ըլլալ, եւ երբ աշխատանքի մը լծուինքլիուլի կատարենք եւ առանց գանգատելու կամ գովեստ փնտռելու: Սորվեցուցիք նախքան խօսիլն կամ միտքեր արտայայտելը լաւապէս մտածել եւ հնարքներ գտնելով մեր առաջարկը ներկայացնել: Սորվեցուցիք ծառայել եւ ամբողջութեամբ ծառայել ոչ թէ կիսատ կամ ժամանակաւոր:

Եւ տակաւին ինչե՜ր… Սորվեցուցիք ներել, սիրել եւ հասկնալ մեր նմանը, չըլլալ գոռոզ, անձնասէր կամ ալ փառքը սիրող: Մեծ դպրոց մըն էիք, սրբազա՛ն հայր, եւ կը յիշեմ որքան կը պնդէիք ուսման եւ համալսարանի կարեւորութեան եւ կը հաստատէին անոր դերակատարութիւնը թէ՛ մեր եկեղեցւոյ, եւ թէ մեր ընկերային կեանքին մէջ:

Սիրեցիք բարին, լաւը, վսեմը եւ ճիշդը, քննադատեցիք չարը, սխալը, ծուռն ու փտածը, եւ որքա՜ն ալ ծանրացան կեանքի դժուարութիւնները ձեր վրայ, մնացիք անսասան հաւատքով, մնացիք մեղմ ժպիտով եւ մնացիք վեհ հոգիով: Որքան դժուար է կորսնցնել Ձեզի պէս անհատ մը, Ձեզի պէս հոգեւորական մը, հօր մը պէս տուիք ու տուիք, ուր որ գացիք, շինեցիք, նորոգեցիք, վերածաղկեցուցիք, ձեր աջը միշտ օրհնեալ ըլլայ սրբազա՛ն հայր:

Լաւ կը յիշեմ «Թռչնոց բոյն»-ի մեր աննման օրերը, երբ երեկոյեան ժամը 4:30-ին մեզի «Բան ՀԶ.» կը սորվեցնէիք, մենք ալ կ՛ըսէինքսրբազանը ինչպէ՞ս այս բոլորը անգիր սորված է, կամ երբ Մեծ պահքի ատեն «Լոյս» շարականը կ՛երգէիք, եւ մենք ալ կը վերանային եւ ուրիշ աշխարհ կ՛երթայինք ձեր հրեշտակային ձայնով կը յիշեմ մեր աղօթքի պահերը, երբ դուրսը կ՛երգէինք «Փառք քեզի Տէր Աստուած մեր» կամ «Ահա կու գայ», ինչպէս նաեւ կը յիշեմ «Արցախ»-ին եւ «Վրէժ օրի»-ին մկրտութիւնը: Յիշողութեանս մէջ է նաեւ այն, որ մինչ ամբողջ աշխարհը կը տառապէր այս ահաւոր ժահրէն, դուք մանուկները ձեր շուրջ կը հաւաքէիք եւ իրենց «պրէյք» կը բաժնէիք, կամ ալ այդ ձմրան պաղ, բայց ջերմ անհաշուելի գիշերներուն դուրսը կը նստէինք եւ ձեզի հետ հազարումէկ հոգեւոր ու ընկերաբարոյական նիւթերու մասին կը զրուցէինք: Կը յիշեմ, երբ Քրիստոնէական բաժանմունքի անդամներս ձեր գրասենեակը կը հաւաքուէինք եւ աւելի քան երկու ժամ տարբեր նիւթերու մասին կը խօսէինք եւ նորանոր աշխատանքներ կը ծրագրէինք. ինչպէ՞ս մոռնալ 2017-ի եւ 2018-ի Աստուածաշունչի աննախընթաց ճամբարները (Bible Camp), որոնք աւելի քան 200 հայ փոքրեր ու պատանիներ իրենց եկեղեցւոյ եւ իրենց հա՛յ արմատներուն մօտեցուցին կամ ալ երկու փառաւոր Կաղանդի հանդիսութիւնները Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետի տօնին զուգահեռ կամ ալ ամէն ուրբաթ օրուան հրաշալի եւ հոգեպարար «Նարեկեան» աղօթքի պահերը:

Վերջապէս կը յիշեմ ձեր բոլոր փառաւոր Ս. պատարագները, յորդորական քարոզները, զգացական երգեցողութիւնները եւ տակաւին ինչե՜ր…

Անզուգական ՄԱՐԴհամամարդկային սէրով օժտուած, աստուածատուր պարգեւներով լեցուած, անկաշկանդելի հաւատքով զինուած եւ մշակոյթի պահպանութեամբ մտահոգ, յատկապէս երաժշտութեամբ, դեռ չանդրադարձանք այդ իւրայատուկ գործունէութեան, զոր աշխարհիս տարածքին տարաւ` Քանատա, Թեհրան, Եւրոպա եւ այլուր:

Միասին երգեցինք, աղօթեցինք, լացինք ու հրճուեցանք եւ հիմա ժամը հասաւ ըսելու. «Բարի պատերազմը մղեցի, կեանքիս ընթացքը աւարտեցի, հաւատքը պահեցի» (Բ. Տմթ. 4:7):

Շնորհակալութիւն սրբազա՛ն, վարձքդ կատա՛ր. երբ ալ ըլլար ձեր հրաժեշտի պահը պիտի չընդունէինք ու պիտի տխրէինք, քանի աննման էք: Մի՛շտ ձեզ պիտի յիշենք, մի՛շտ ձեր մասին պիտի խօսինք եւ մի՛շտ վեր պիտի նայինք եւ ձեզ փնտռենք:

Ուրախ եմ, որ ձեզի ծանօթացայ, հպարտ եմ ու վստահ եմ նոյնն է զգացումը բոլոր անոնց, որոնք ձեզ ճանչցան, ձեզի հետ աշխատեցան կամ ձեզ որպէս ազգական կամ հարազատ ունեցան:

Վերջին դաս` «Մի՛ լաք անոնց վրայ, որոնք մեռան, այլ լացէք անոնց համար, որ զԱստուած չունին իրենց հոգիներուն մէջ»:

Առանց յուսահատելու եւ առանց մեր հաւատքը կորսնցնելու ձեզի պիտի ըսենք` բարի երթ, սրբազա՛ն… հողը թեթեւ…

«Ելի հօրէ եւ եկի աշխարհ, դարձեալ թողում աշխարհ եւ երթամ առ հայր…» (Յվհ. 16:28):


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.