Ռուսիան ամէն ձեւով կ՛ողջունէ մարդասիրական բնոյթի նախաձեռնութիւնները, որոնք կու գան ազրպէյճանցի եւ հայ հասարակական գործիչներու կողմէ: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին ուրբաթ օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան:
«Մենք ամէն ձեւով պիտի ողջունենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի մտաւորականութեան միջեւ ուղիղ երկխօսութեան հաստատումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն կողմէ միացեալ մարդասիրական քայլերու կատարումը:
«Մեր կարծիքով, նման նախաձեռնութիւնները կը նպաստեն հաշտեցման, վստահութեան, փոխըմբռնման մթնոլորտի ձեւաւորման, օգուտ կը բերեն թէ՛ ազրպէյճանցի, թէ՛ ալ հայ ժողովուրդներուն, եւ, սկզբունքով, Հարաւային Կովկասի ամբողջ շրջանին, հետեւաբար նաեւ Ռուսիոյ: Ռուսական կողմը, անշուշտ, պիտի աջակցի նման մարդասիրական քայլերու, եթէ Պաքուն եւ Երեւանը ցուցադրեն այդ ուղղութեամբ շարժելու անկեղծ տրամադրուածութիւն», ըսաւ ան:
Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի զարգացման հարցերով աշխատանքային խումբը պէտք է մինչեւ 1 մարտ ներկայացնէ միջազգային փոխադրումներու կազմակերպման համար փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու վերականգնման եւ կառուցման քայլերու ցանկը:
Ըստ Զախարովայի, կ՛ենթադրուի, որ աշխատանքի առանցքային ոլորտներուն մէջ պիտի ստեղծուին փորձագիտական ենթախումբեր, որոնք պիտի զբաղին բովանդակային հարցերով:
«Կասկած չկայ, որ այդ նախագիծերու իրագործումէն պիտի շահին թէ՛ հայկական, թէ՛ ազրպէյճանական կողմերը, թէ՛ ամբողջ Հարաւային Կովկասի շրջանը: Պիտի ապահովուին բոլոր պետութիւններուն շահերը: Մասնաւորաբար, Հայաստանը Ազրպէյճանի տարածքով երկաթուղային մուտքի կարելիութիւն պիտի ունենայ դէպի Ռուսիա եւ Իրան, փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւնը Ազրպէյճանը Հայաստանի տարածքով պիտի կապէ Նախիջեւանի հետ», եզրափակեց Զախարովա:
Yorumlar kapatıldı.