İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Երանի Կարենայինք Պահ Մը Փակել Մեր Մարմնաւոր Աչքերը, Որպէսզի Մեր Սրտերուն Մէջ Երեւէին Միայն Հոգեւոր Իրականութիւններ

«Հերովդէս թագաւորի օրերուն էր‚ որ Յիսուս ծնաւ
Հրէաստանի Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ:
Եւ ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ եւ հարցուցին.
– Ո՞ւր է հրեաներու նորածին թագաւորը. մենք տեսանք
անոր աստղը արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագելու իրեն»:
Մտթ. 2:1-2

Ծանր խոհերով փակեցինք 2020 թուականը եւ մեզ շրջապատող կեանքի տեսակաւոր դժուարութիւններուն մէջ բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք, որ կարիքը ունինք Աստուծմէ եկող փրկաւետ լոյսին, որպէսզի մեր ապրած յուսախաբութիւններն ու յուսաբեկումները շրջանցելով, կարենանք մեր կեանքին մէջ հաստատել նոր եռանդ ու նոր խանդ:

Արդարեւ, աշխարհի հարցերը կարենալ լուծելու համար, հարկաւոր է ունենալ նաեւ ներքին լոյս, եւ այդ լոյսը մեզի կրնայ շնորհել միայն Աստուած, որ ահաւասիկ կրկին աշխարհ կու գայ, որպէսզի լուսաւոր ճամբայ ցոյց տայ մարդուն:

Սուրբ Ծնունդը, Աստուծոյ հետ դէմ յանդիման կանգնելու եւ երկնային լոյսին մէջ մենք զմեզ դիտելու առիթ է: Աստուած մեզի կու գայ, մեզի հետ ըլլալու համար: Նախախնամութեան տնօրինումով, Արարիչն ու արարածը իրար կը հանդիպին այստեղ` այս աշխարհի պայմաններուն մէջ, որպէսզի կեանքին մէջ մարդուն կողմէ արձանագրուած շեղումները սրբագրուին ու ամէն բան դարձեալ ընթանայ համաձայն տիեզերական ծրագիրին:

Ս. Ծնունդը, երկնաւոր լոյսին պարգեւը աշխարհին բերող առիթ է: Աստուած դարձեալ կը յայտնուի մեզի, որպէսզի մենք աշխարհի պատահարները կարենանք տեսնել հոգիի ձգտումով: Եւ միայն Աստուծոյ ապաւինող մարդը կրնայ բացատրել, թէ ինչպիսի՜ բարձունքներ կարելի է նուաճել կեանքին մէջ Տիրոջ պարգեւած լոյսին զօրութեամբ: Սուրբ Ծնունդը, հոգեւոր կենդանութիւն պարգեւող առիթ է. եւ միայն Աստուծոյ օգնութեան կարօտը զգացողը, անոր քաղցն ու ծարաւը ունեցողը կրնայ հասկնալ, թէ որքանո՜վ մեր կեանքը կախեալ է Աստուծմէ:

Առհասարակ, մեր առօրեայի ընթացքին, այնքան գրաւուած ենք այս աշխարհով, որ շատ անգամ կը մոռնանք մեր հոգիին պէտքերը եւ կեանքի ժխորին մէջ նաեւ ակամայ կ՛անտեսենք մեր խորագոյն կարիքներն ու պակասները:

Այո՛, արդի կեանքի պայմաններուն մէջ վստահաբար կրնանք արուեստականօրէն ամէնէն շքեղ լոյսերով լուսաւորել մեր շրջապատը, սակայն կրնա՞նք մեր սիրտը բանալ երկինքին դիմաց եւ առիթ ընծայել, որ մեզի եկող մեր Աստուածը, իր լուսաւոր ներկայութեամբ պայծառացնէ մեր ներաշխարհը եւ փարատէ մեր հոգիի ծալքերուն մէջ բոյն դրած խաւարը:

Երանի կարենայինք Արեւելքէն Երուսաղէմ եկող իմաստուն մոգերուն նման, Ս. Ծննդեան առիթով երկնային աստղին տեսիլքը ապրիլ ու անոնց օրինակին հետեւելով, նաեւ փութալ երկրպագելու մեզի եկող մեր երկնաւոր Թագաւորին: Երանի կարենայինք սուրբ սիրտ մը հաստատել մեր մէջ, որպէսզի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով մենք ալ արժանանայինք Աստուծոյ տեսութեան: Երանի կարենայինք այս առիթով մեր ներաշխարհը մաքրել ամէն տեսակի արատներէ ու ախտաւոր վիճակներէ, որպէսզի այնտեղ յայտնուէր ջինջ ու մաքրամաքուր Աստուծոյ լոյսին ցոլքը: Երանի կարենայինք պահ մը փակել մեր աչքերը եւ անջատուիլ երկրաւոր կեանքի երեւոյթներէն, որպէսզի մեր սրտերուն մէջ երեւէին միայն հոգեւոր իրականութիւններ, այնտեղ փայլատակէր Բեթղեհէմի աստղին ճառագայթն ու մեր դիմաց բացուէր լուսաւոր նոր շաւիղ:

Տօնական այս օրերու պայմաններուն մէջ, երանի նաեւ կարենայինք երկնաւոր լոյսին տեսիլքը նշմարել մեր հայրենիքի երկնակամարին վրայ: Անկասկած, ներկայ տագնապահար պայմաններուն մէջ, Բեթղեհէմի լոյսը առաւելաբար հարկաւոր է մեր ժողովուրդին, որ յատկապէս արցախեան վերջին պատահարներուն հետեւանքով այսօր մատնուած է ծանր վիճակի եւ անմիջականօրէն կարիքը ունի հաւատքի, հոգեւոր խրախոյսի ու հայրենասիրական նոր զարթօնքի:

Ուստի, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով սրտանց կը մաղթենք, որ ամէն մարդ, ամէն տուն ու աշխարհի բոլոր անկիւնները ողողուին երկնային լոյսով: Թող այդ լոյսը շարունակաբար ներկայ ըլլայ մեր ազգային մտածումներուն, կամքին, հայրենական երազներուն ու մեր հայրենասիրական ձգտումներուն մէջ, որպէսզի աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդը, յանձնառութեամբ ու նուիրումով, դարձեալ վերաշինէ իր կեանքն ու վերականգնէ իր վիրաւորուած արժանապատուութիւնը:

Ներկայ տնտեսական, ընկերային, քաղաքական ծանր կացութեանց ու համաճարակի պայմաններուն մէջ, շարունակենք մարդկային մեր ճիգերը ուղղել նաեւ դէպի մեր ընկերութեան կարիքաւորներն ու չքաւորները, որպէսզի տօնական օրերու պայմաններուն մէջ, Աստուծոյ սիրոյն քաղցրութիւնը հասնի բոլորին:

Եւ վերջապէս, զԱստուած մեզի հետ ունենալու անշեղ վստահութեամբ, մենք ալ մեր կարգին, գալիք պայծառ օրերու տեսիլքով դարձեալ խրախուսուինք ու մեր հայեացքները ուղղենք դէպի մեր եկեղեցիները, մեր վարժարանները, մեր մամուլը, մեր համայնական տուներն ու ակումբները, որպէսզի միահամուռ գործակցութեամբ, նոր ամրութիւն ու կենսունակութիւն ներարկենք մեր համայնական կեանքին:

Վերոյիշեալ մտածումներով, Ամանորի ու Ս. Ծննդեան բարեբաստիկ տօներուն առիթով, սրտագինս կը շնորհաւորեմ ձեզ բոլորդ եւ կը մաղթեմ, որ 2021 թուականին նոր բարիք հաստատուի բոլորի կեանքին մէջ:

Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս: Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:

Մնամ սիրոյ ողջունիւ աղօթարար`

ՇԱՀԷ ԱՐ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.