İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ՁԵԶԻ ԵՒ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

«Մի երկչիք զի ահաւասիկ 

աւետարանեմ ձեզ ուրախութիւն մեծ»

(Ղկ 2.10)

2021 տարի առաջ փոքրիկ Բեթղեհէմ քաղաքէն քիչ հեռու հովիւներ բացօթեայ կը հսկէին իրենց հօտը՝ աստղազարդ երկնակամարին տակ հիանալով Աստուծոյ ստեղծագործութեան վրայ եւ փառք կու տային իրենց համեստ կեանքին համար: Վարժուած էին իրենց պարզունակ կեանքին, որուն այլընտրանքը չունէին արդէն: Իսկ որեւէ «Նորութի՜ւն» մը չէին ակնկալէր, յատկապէս ա՛յդ գիշեր: Բայց այդ գիշերը, այդ լուռ գիշերը Սու՜րբ գիշեր մըն էր, որուն մէջ Սրբութիւն Սրբոցին մեր աշխարհ այցը կը պատահէր Սուրբ Կոյսէն ծնունդ առնելով: Աստուած հաճեցաւ այս մաքրասիրտ հովիւներուն յայտնել իր Միածնի հրաշափառ ծնունդը: Հրեշտակային երգասան խումբեր յայտնուեցան յանկարծ դաշտին վերեւ եւ անոնց բերին Փրկչին Սուրբ Ծննդեան հիասքանչ աւետիսը:

Այսպիսի փառահեղ տեսարանին առջեւ վախով սարսռած ու զարհուրած հովիւներուն մօտեցաւ Տիրոջ հրեշտակը եւ իր հանդարտեցնող խօսքը ուղղեց. «Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ահաւասիկ ձեզի կ’աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը»:

Նորութիւնը, անսպասելին վախ ազդած էր հովիւներուն, նոյնիսկ բաղձալի եւ հիանալի նորութիւն մը ըլլար ան: «Մի՛ վախնաք…»: Հովիւներուն դողդոջուն սիրտերուն ողղեալ այս թելադրանքը տակաւին այսօր ալ իր այժմէականութիւնը չէ կորսնցուցած ներկայ մարդկութեան համար: Նորութիւնը կը վախցնէ մեզ: Մենք կը նախընտրենք մեր վարժուածը: Հանգիստ ենք հինին հետ ու կ’ողջունենք նորը եթէ ապահով կը զգանք անոր հետ ու ա՛յս ժամանակ կ’առնէ:

2020-ը վախցուց մեզ իր անախորժ ու դժխեմ անակնկալներով: Բոլոր ազգերուն համար մղձաւանջի վերածուած համավարակի աղէտին զուգահեռ մենք Հայերս ունեցանք Արցախի ողբերգութիւնը իր հազարումէկ քաղաքական ծալքաւորումներով: Անցնող տարուան այս նորութիւնները երկիւղ կը պատճառեն բնականաբար եւ այս տարուան ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնի խրախճանքները կը նսեմացնեն՝ զրկելով մեզ աւանդական ու հաւաքական ուրախառիթ կատարումներէն: Որքա՜ն կարիքն ունինք այս օրերուն հրեշտակի քաջալերական յայտարարութեան. «Մի՛ վախնաք…»:

Բարեսիրտ հովիւներու վախն ու սարսափը փարատեցաւ երբ տեսան եւ իմացան որ Աստուած իրենց հետ է եւ իրենց միջոցով նոր ու նորոգող պատգամ մը կը փոխանցէ մարդկութեան եւ գալիք դարերուն:

«Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ահաւասիկ ձեզի կ’աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ ամբողջ ժողովուրդինը պիտի ըլլայ, վասնզի այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, որ օծեալ Տէրն է: Եւ այս թող նշան ըլլայ ձեզի. Խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած մանուկ մը պիտի գտնէք»:

Հանդարտեցան հովիւները ու հաճոյքով դիտեցին գեղատեսիլ տեսարանը եւ լսեցին գեղաձայն երգեցողութիւնը հրեշտակներուն.

«Փա՜ռք Աստուծոյն՝ բարձունքներու մէջ, եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ մարդոց մէջ զոր Ան սիրեց» (Ղկ 2.14):

Հովիւները հասկցան որ Աստուած չէ մոռցած իր զաւակները եւ կը հետաքրքրուի անոնց բարեկեցութեան հետ: Անոնց համար ուղարկած է Փրկիչ մը, որ սիրել պիտի սորվեցնէ աշխարհին որպէս միակ միջոցը փրկութեան: Ասկէ յետոյ չենք գիտեր թէ ի՛նչ պատահեցաւ հովիւներուն: Իրենց չարքաշ կեանքը շարունակեցին ապրիլ: Դժուարութիւնները չգոյացան յանկարծ: Բայց այլեւս իրենց մտադաշտը կը զարդարէր Բեթղեհէմի մանուկը, զոր տեսած էին ու ոտքերը համբուրած: Այլեւս իրենց առջեւ յարուցուող բոլոր խնդիրներու ատեն պիտի հնչէր հրեշտակին մխիթարանքը. «Մի՛ վախնաք…»: Որովհետեւ Աստուած ձեզ նշմարած է ու հաշուի առած: Ձեր անունները գիտէ ու կը կարեւորէ ձեզ անհասկնալի սիրով մը:

«Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յհ 3.16):

Մեր նախնիք Աստուածային Սիրով սիրել գիտցան, սիրով տառապեցան եւ սիրով մահը գրկեցին: Տօները նուիրական ու էական կ’ըլլան, երբ այդ տօներու խորհուրդը կրնանք ապրիլ ու ապրեցնել մեր մէջ: Բեթղեհէմի լոյսը ժառանգ առինք մեր պապերէն ու որպէս անգին ժառանգութիւն մը պիտի թողունք մեր զաւակներուն: Ճիշդ ժամանակն է նայելու դէպի երկինք հայու մաքուր եւ ջինջ հոգիի աչքերով՝ տեսնելու աստղը Բեթղեհէմի, որը նաեւ մեզ պիտի առաջնորդէ մեր աննուաճ երազներուն, ինչպէս մեր հայրերուն ճամբայ ցոյց տուաւ գոյատեւման ու յառաջդիմութեան ուղիներուն վրայ:

Իրապաշտ ըլլանք. բարի մարդոց կեանքը երբեք հեշտ ու դիւրին չէ եղած այս մեղապարտ աշխարհին մէջ: Բեթղեհէմ քաղաքը, ուր Աստուած ուզեց դրախտի մը հիմքերը դնել մարդկային ցեղի համար, չարը կատղեցաւ բնաջնջելու համար Փրկիչը, արմատախիլ ընելով Արքայութեան առաջին տունկը՝ ծաղկած բալենին:

Ինչպէս Քրիստոս միշտ նոր ծնունդներ կ’առնէ փրկուած հոգիներուն մէջ, կարծես Հերովդէսներ ալ մարմին կ’առնեն տարբեր անուններով եւ երեսներով՝ գերազանցելով չարութեան բոլոր չափանիշները։ Բեթղեհէմի ջարդուած մանուկները կը մղեն մեզի մտաբերելու բոլոր անմեղ զոհերը, որոնք անմարդկային վերաբերմունքով, դաժանութեամբ, անկշիռ արդարութեամբ տուժած են չափէն աւելի՝ կորսնցնելով մարդկային արժանապատւութիւնն ու յարգանքը։ Մեղանչած կ’ըլլանք մեր խղճին դէմ եթէ չյիշենք այս Տօնին՝ աղքատը, մենալքուածը, պանդուխտն ու գաղթականը, անպաշտպան ծերը, հիւանդը, անտունը եւ սովածը։ Այս պահուն երդիքներ կան, որոնց տակը սուգ կը տիրէ սիրելիի մը կորուստին համար ու «Ռաքել չ’ուզեր մխիթարուիլ, քանզի անոնք այլեւս չկան» (Մտ 2.18): 2020-ին տխուր ժառանգով բեռնաւորուած ծանրաշուք 2021-ը կ’երեւի թէ հոգեպէս պիտի ճնշէ բոլորիս վրայ անխտրաբար: Ի մասնաւորի ընտանիքները պիտի տուժեն ծանրօրէն: Հացէն ու ջուրէն անդին՝ յոյսի պէտք ունին տոկալու եւ յառաջդիմելու դէպի պայծառ ու բախտաւոր օրեր: Հաւատացեալ Հայ ընտանիքը փաստեց դարերու ընթացքին, որ մինչ իրենց երդիքին ներքոյ մանուկ Յիսուսը ունին եւ իրենց սիրտին մէջ անոր հաւատքը ամուր պահած են՝ կարող են յաղթահարելու ամէն դժուարութիւն եւ կործք տալու բախտին փչած բոլոր քամիներուն համբերատարութեամբ։ Նոր տարին իրապէս բառին բուն իմաստով  մեզի համար վախազդու ու սպառնացող «նորութիւններ»  ունի իր տոպրակին մէջ թաքնուած: Սակայն եւ այնպէս մե՛նք ալ ունինք պէտք եղած ամէն ինչ՝ այս նորութիւնները ողջագուրելու համար. կամեցողութիւնը, միասնականութիւնն ու կորովը: Ուրեմն «Մի՛ վախնաք»: Աստուածային նեցուկն ու օգնութիւնը պիտի հասնի անպայման պատշաճ ժամանակին շնորհիւ հաւատացեալ մեր ժողովուրդի ջերմեռանդ աղօթներուն՝ երկինք շտապող: Պատրաստենք ահա՛ դիմագրաւելու «նոր»ը իր բոլոր ծալքերով եւ կարող ենք կուրծք տալու ապագայի բոլոր անծանօթ հողմերուն: Հոս ենք՝ դիմակալելու 2021-ի բոլոր անակնկալները եւ մարտահրաւէրները խաչակնկելով մեր ճակատը եւ  ապավինելով Բարձրեալին Աստուծոյ, որ է «Էմմանուէլ»:

Նոր տարուայ սեմին, կը մաղթեմ ամենաբարին եւ ամենալուսաւորը ձեր բոլորին։ Երազանքներու իրականացում, յաջուղութեան կատարներ եւ անսասան առողջութիւն կը մաղթեմ ձեզի։ Եղանակի օրհնութիւն ու խնդութիւնը ձեր վրայ թող իջնէ առատապէս եւ այս օրերուն ամբողջ աշխարհին լաւատեսութեամբ բաբախող սիրտին մասնակից դառնանք մենք եւս։ Հրեշտակներ թող թափեն երկինքէն մարդու որդիներուս վրայ աստուածային սէր, եղբայրութիւն խաղաղութիւն եւ բարօրօրութիւն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան կենսանորոգ տօներուն առիթով կ’ողջունենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։ Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ’ողջունենք նաեւ մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Գործածուած իրերու եւ հագուստներու վերարժեւորման յանձնախումբը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով բոլորին երջանիկ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։

Յատուկ օրհնութեամբ կ’ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասն պայծառութեան Աթոռոյս։

Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։

Մեր հայրական սրտագին սէրն ու ողջոյնները կ՚առաքենք սփիւռքի մէջ գործող Ս. Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեան ու Մխիթարեան Վարժարաններու Սանուց Միութեանց Վարչութիւններուն ու մերազն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք նեղ պայմաններու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց աւանդութիւններուն։

Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

Հայրական սիրոյ ողջունիւ եւ աղօթիւք ի Քրիստոս

ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/ամենապատիւ-պատրիարք-սրբազան-հօր-ս-ծնն-3/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın