İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Նոր Տարի, Նոր Ծնունդ, Նոր Յոյս

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

2020 տարին Հայաստանին ու հայութեան համար եղաւ ձախողութիւններու շարունակական շրջափուլ մը: Տնտեսական սուր տագնապ, «Քորոնա» ժահրի տարածում, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթում, Ազրպէյճանի յարձակում Արցախի վրայ ու պարտութիւն յաջորդեցին իրարու: Վերջինը, իր աւարտը աւետող արձանագրութեամբ, եղաւ ամէնէն աղէտալին: Կորսնցուցինք Արցախի Հանրապետութեան երեք քառորդը, ունեցանք տակաւին վերջնականապէս չճշդուած համրանքով, սակայն հինգ հազարը գերազանցող զոհեր, տասնեակ հազար վիրաւորներ ու դեռ հարիւրաւոր անհետ կորածներ, ռազմագերիներ:

Աղէտը այնքան մեծ է, այնքան տարողունակ, որ հայ հանրութիւնը չի յաջողիր զայն խորաչափել, կ՛իյնայ տեղատուական թմբիրի մէջ, ու նոյնիսկ ոմանք ռուսական միջամտութեան մէջ կը տեսնեն իրենց ցաւերուն դարմանը, արցախեան շարժման սկիզբէն ի վեր ու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութենէն ետք ստեղծուած տագնապներուն երջանիկ հանգուցալուծումը:

Արդեօ՞ք ականատես ենք ռուս-թրքական հերթական դաւադրութեան մը իրականացման: Արդեօ՞ք վկաներն ենք գործարքի մը, ի հաշիւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու հողային ամբողջականութեան, հայութեան բնօրրանին մասնատման: Արդեօ՞ք մեզի կը հրամցուի դիպաշար մը, որուն աւարտը Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու անկախութեան վերացումն է:

Այս մտածումները, որոնք շրջանառութեան մէջ կը գտնուին, կը պահանջեն սթափ, լուրջ ու բազմակողմանի քննարկում: Սակայն հայ ազգային լսարանը ողողուած է խժալուր աղմուկով մը, որ առնուազն անյարիր է պարզուած կացութեան:

Ազգային մեծագոյն աղէտով պայմանաւորուած անփառունակ տարուան ողջերթ մաղթելու պահուն մեր հայեացքը կը սեւեռենք գալիքին` Նոր տարուան: Նոր տարին կը սկսինք Ծննդեան տօնով, որ նորոգումի, նոր կենդանութեան ցուցանիշ է: Է՛ նաեւ ճշմարիտի, սուտի ու սխալի յաղթահարման գրաւական:

Աշնանային պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, եղերական նոյեմբեր 9-էն ետք եւս, ճշմարտութեան բացայայտումը չեղաւ պատահածին համահունչ լրջախոհութեամբ, պատմական վտանգալից հանգրուանին համարժէք մօտեցումով ու պատասխանատուութեան գիտակցումով:
Յուսախաբուած ու պատրանաթափ հայ ժողովուրդին անհրաժեշտ է թմբիրէն զարթեցնող քայլ մը, ազգային պատասխանատու նախաձեռնութիւն մը, որ կ՛ուշանայ:

Նոր տարուան այս սեմին ապագայ դրական տեսիլքի մը շուրջ պէտք է միաւորել ազգը: Այս նպատակով, պէտք է մէկդի դրուի երկար ատենէ ի վեր գործածութեան դրուած ազգը պառակտող ժխտական ու տգեղ եզրաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ անաչառ ու տրամաբանական վերլուծման փոխարէն ամբաստանելու ու վարկաբեկելու վատ սովորութիւնը:

Շեշտը դնենք դրականին, ազգը գաղափարի շուրջ միաւորող, կորսուածը վերադարձնող ծրագիրներու կենսաւորման վրայ: Պայծառ ապագայի տեսլականով` պայքարի ջահը վառ պահելու, նորոգ կազմակերպուելու հրատապութեան վրայ:

Նոր տարի, նոր ծնունդ, նոր յոյս:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.