Նոր Տարուայ սեմին հասանք։ Մէկ տարի եւս աւելցաւ անցնող հազար ամեակներու վրայ: 2020-ը եղաւ մարդկային պատմութեան խստաշունչ ձմեռներէն մէկը, դոհ ու բոհ պատճառելով բոլոր սիրտերուն: Մենք որ չենք սիրեր ժամանակի արագընթաց վազքը եւ միշտ կը դժգոհինք տարիներու զարմանալի հապճէպէն անհետանալու ետեւ ետեւէ, այս անգամ միասիրտ աղօթեցինք որ 2020-ը անհետ կորնչի մեր կեանքէն՝ իր հետ տանելով հրէշային համաճարակը եւ անոր դժխեմ հետեւանքները: Արցախի ողբերգութեան տարին է 2020-ը, որ պիտի արձանագրուի Հայոց Պատմութեան էջերուն գորշագոյն գիրերով:
Բայց չենք կրնար վիճարկել տարիներուն հետ։ Անոնք որեւէ խոստում չունին մեզի մի՛շտ բարին ու հաճելին մատուցանելու ինչպէս ծովը միշտ հանդարտ ջուրեր չի խոստանար դիմացը անցնիլ ուզողներուն: Ամէն անհատ ու ազգ իր ապրելու վարպետութեամբ կուրծք տալու է ժամանակներու մարտահրաւէրներուն:
Եւ նաեւ իրազեկ դառնալու ենք: 2021-ը եւս ամենուս գոհ ձգելիք լիակատար տարի մը շնորհելու խոստում չունի մեզի, ալյ միայն մէկական օրերէն բաղկացեալ 365 հատ կարելիութիւններ:
«Զհաց մեր հանապազորդ տու՛ր մեզ այսօր»:
365 թիւը մէկ տարիի վերաբերեալ մեր վերացական մտայղացումն է երբեք չերաշխաւորուած: Ստիպուած ենք միայն ա՛յս օրը ապրելու եւ անոր մէջ պարուրելու անցեալի հաշուեյարդարը եւ ապագայի իղձերը բոլոր:
Այս նոր Տարիին նաեւ պիտի ջանանք իրագործել մեր մարդկութիւնը իր բոլոր երեսակներով: Յոյս ունինք եւ յոյսը չ’ամչցներ երբեք: Արդէն մեր լաւատես հայեացքով 2021-ի հորիզոնը շատոնց ներկեցինք վարդագոյն տեսիլքներով եւ երկինքի օրհնաբեր կապոյտով:
Պահը կը հրաւիրէ մեզ ակամայ աւելի խորը մտածելու մեր կեանքի մասին եւ վերագտնելու մեր ապրելու իմաստը։ Ամէն նոր տարի նմանութիւնը ունի անհատներու ծննդեան տարեդարձին: Ծննդեան տարեդարձը անհատական՝ իսկ Նոր Տարին ամէնունն է: Բացուող ամէն նոր տարի սկզբնաւորութիւն մըն է, կեանքի մէջ նոր ակօսներ բանալու եւ կեանքի կրկին սկսելու:
Նոր Տարին առիթ մըն է փորձելու, քննելու եւ հաշուեյարդարի դնելու մեր անցեալը՝ ներկային համար, ե՛ւ բաղձալի ապագային: Ժամանակն է ցուցադրելու այն բոլորը, որոնք նախորդ տարիներուն մենք չենք կրցած կատարել: Մաքրել պէտք է փոշիի տակ մնացած մեր երազները եւ լուսաւորել՝ մեր իտէալները: Ժամանակն է շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ եւ մարդոց, որոնք մեր հոգիին ու սրտին մէջ իրենց մաքուր ձեռքերով սերմեր ցանեցին եւ հարստացուցին մեր կեանքը:
Որպէսզի Նոր Տարին դառնայ իսկապէս «նոր» պէտք է մէկ կողմ դրուին ատելութիւնը, քինախնդրութիւնը, դժկամութիւնը եւ գիտակցիլ թէ ժամանակն է ներելու եւ մոռնալու թէ՛ մեր անցեալի վրիպումները եւ թէ՛ ուրիշներու բացթողումները մեր անձի նկատմամբ, ունենալով վեհանձն հոգի մը՝ միշտ պատրաստ սրբագրելու հի՛նը եւ հիմնադրելու նո՛րը՝ թարմ երազանքով:
Եթէ այս շնորհալի կեցուածքը կրնանք ցուցաբերել այս նոր տարուան ընթացքին, այդ ժամանակ է, որ մաքուր խղճով, մարդավայել զգացումով եւ անկեղծութեամբ կրնանք ըսել.
Շնորհաւոր Նոր Տարի:
Ձեր բոլորին երջանկութիւն եւ առողջութիւն երկնառաք լիակատար օրհնութեամբ:
29 Դեկտեմբեր 2020
Աղօթարար,
ՍԱՀԱԿ Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
Աղբիւր։ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔՈՅ https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/
İlk yorum yapan siz olun