İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Սիրելի Միսաքին

Մեր կեանքի տեւողութեան զանազան առիթներով եւ պարագաներու բերումով կը ծանօթանանք մարդոց , կը բարեկամանանք, կը գործակցինք, կը մտերմանանք անոնց հետ եւ դարձեալ տարբեր պարագաներու տակ, ակամայ, կը բաժնուինք անոնցմէ: Մեզի պարտադրած անփոխարինելի կեանքի օրէնքն է ասիկա:
Այո՛, ակամայ բաժնուեցանք Միսաքէն քառասուն օրեր առաջ, այդպէս յանկարծակի, որուն բնաւ նախապատրաստուած չէինք, բաժանումի գաղափարն իսկ անմէկտեղելի էր անոր անձնաւորութեան հետ:
Աւելի քան տասը տարի տեւած մեր գործակցութիւնը Ազգային Բուժարանի երդիքին տակ վերածուեցաւ սերտ բարեկամութեան, որ կարծես շատ աւելի երկար ժամանակներէ կու գար, որովհետեւ Միսաք Ներսէսեանի մէջ տեսած էինք անկեղծ եւ սրտցաւ Մարդը, ընկերասէր եւ համբերատար ժողովականը, տագնապող եւ ընդվզող ազգայինը:
Շնորհիւ իր լաւատես բնաւորութեան անպայման գործնական լուծում մը կը գտնէր մեր առջեւ ցցուած բազում հարցերուն եւ դժուարութիւններուն, չմոռնալով ձեւով մը «կակուղցնել» պրկուած մթնոլորտը իրեն յատուկ հիւմըրով եւ զուարճախօսութեամբ:
Միսաք Ներսէսեանի նկարագիրին ամենացցուն յատկանիշներէն էր նաեւ իր մէջ արմատաւորուած արժանապատուութեան արժէքը, չէր հանդուրժեր ճղճիմ հաշիւներով փոքր շահեր ապահովելու գաղափարը մանաւանդ երբ հարցը ազգային երանգ մըն ալ ունենար: Անոր գերագոյն երազն էր բուժարանը հասցնել այնպիսի մակարդակի, որ գաղութին հպարտանքին արժանանար:
Բնաւ պիտի չմոռնամ, մեր վերջին կամ վերջընթեր ժողովն էր , եւ կարծեմ ինք առաջին ժամանողն էր եւ սրահ մտնողներուս նոյն հարցումը ուղղեց. «Ուրախացնելիք աղուոր լուր մը ունի՞ս»: Ամբողջ տարուան ընթացքին Լիբանանը պատուհասած իրերայաջորդ հարուածներէն ետք յամեցող աղուոր լուրի մը կարիքը ունէր այդ օրը նոյնիսկ լաւատես մեր սիրելի Միսաքը:
Ճիշդ է, որ բազում բարեկամներու, ընկերներու եւ ծանօթներու բանակ մը կ՛ունենանք մեր կեանքին ընթացքին , սակայն անոնցմէ բուռ մըն է, որ խորունկ տպաւորութիւն եւ յիշատակներ ձգելով կը բաժնուին մեզմէ: Անոնցմէ էր Միսաք Ներսէսեանը` իւրայատուկ անհատականութեամբ եւ արժանիքներու տէր Մարդը :
Դժուար եւ երկար պիտի ըլլայ վարժուիլ բացակայութեանդ սիրելի՛ Միսաք:
Խունկ ու աղօթք անթառամ յիշատակիդ:
ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐԴ


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.