İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ազրպէյճան 1,3 Միլիառ Տոլար Պիտի Յատկացնէ Արցախի Մէջ Վերակառուցման Համար

Ազրպէյճան մտադիր է 2,2 միլիառ մանաթ (1,3 միլիառ տոլար) յատկացնել Արցախի մէջ Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներու վերակառուցման համար: Ատիկա կ՛արտացոլայ Ազրպէյճանի խորհրդարանին ներկայացուած` 2021 թուականի պետական պիւտճէի օրինագիծին մէջ:

«Քաղաքները եւ գիւղերը վերականգնելու, այդ տարածքներուն մէջ ժամանակակից ենթակառոյցներ ստեղծելու (ելեկտրականութիւն, կազ, ջուր, հաղորդակցութիւն, ճամբաներ, կրթութիւն, առողջապահութիւն, մշակոյթ, բնակարանային ու պետական ծառայութեան եւ այլ անհրաժեշտ ենթակառոյցներու եւ մշակութային ու պատմական յուշարձաններու վերականգնում, բնակելի շէնքերու կառուցում եւ այլն) համար 2021 թուականի պետական պիւտճէէն կը նախատեսուի յատկացնել 2,2 միլիառ մանաթ», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.