İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Իրանի Հետ Հիւլէական Գործարքին Կողմերը 21 Դեկտեմբերին Նախարարներու Մակարդակով Ոչ Պաշտօնական Հանդիպում Պիտի Ունենան

Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի (ԳՄՀԾ) միացեալ յանձնախումբի վերջին նիստին նախագահը յայտարարած է 21 դեկտեմբերին ԳՄՀԾ-ի մասնակիցներու ոչ պաշտօնական հանդիպման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը:

ԳՄՀԾ-ի միացեալ յանձնախումբի համակարգող, արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան ընդհանուր քարտուղար Հելկա Մարիա Շմիտը յանձնախումբի` չորեքշաբթի օր կայացած վերջին նիստէն ետք յայտարարութիւն հրապարակած է:

ԳՄՀԾ-ի միացեալ յանձնախումբի 16 դեկտեմբերի նիստի նախագահի յայտարարութեան բնագիրին մէջ, մասնաւորաբար, կը նշուի. «Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի (ԳՄՀԾ) միացեալ յանձնախումբի նիստը տեղի ունեցած է 16 դեկտեմբերին: Համաձայն ԳՄՀԾ-ի պայմաններուն, միացեալ յանձնախումբը պատասխանատուութիւն կը կրէ համաձայնագիրի իրականացման նկատմամբ վերահսկողութեան համար: Յանձնախումբը Եւրոպական Միութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի անունով գլխաւորած է Արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան ընդհանուր քարտուղար Հելկա Մարիա Շմիտը. արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով աշխատանքին մասնակցած են Չինաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ եւ Իրանի ներկայացուցիչները»:

Կը նշուի, որ մասնակիցները քննարկած են ԳՄՀԾ-ի պահպանման ընթացիկ աշխատանքները եւ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներու լոյսին տակ բոլոր կողմերուն կողմէ համաձայնագիրի ամբողջական եւ արդիւնաւէտ կատարումը ապահովելու ուղիները:

Մասնակիցները նաեւ համաձայնած են 21 դեկտեմբերին առցանց ձեւաչափով ԳՄՀԾ-ի մասնակիցներու ոչ պաշտօնական, նախարարներու մակարդակով հանդիպում կատարել:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.