İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Բաժակի Անհատական Ախոյեանութիւն. Արսէն Յարութիւնեան Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Արսէն Յարութիւնեան հանդիսացաւ աշխարհի բաժակի անհատական ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր:

Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան 57 քկ դասակարգին մէջ, Յարութիւնեան, որ աւարտականին մրցեցաւ Ռուսիան ներկայացնող Ռաւուր Ուկույեւի դէմ, կրեց 10-0 արդիւնքով պարտութիւն մը եւ հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան:

Նշենք, որ հայրենի ըմբիշը 2019-ին հանդիսացած էր Եւրոպայի ախոյեանութեան ոսկիէ մետալակիր, իսկ անկէ տարի մը առաջ` Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան ախոյեան եւ աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր:

Իսկ 70 քկ դասակարգին մէջ, Արման Անդրէասեան հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր: Նշենք, որ անոր ռուս մրցակիցը ոտքի վնասուածքի պատճառով այս ճակատումին չմասնակցեցաւ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.