İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Վազգէն Մանուկեան Հանդիպում Ունեցած Է Լրատուական Կայքերու Խմբագիրներու Եւ Երիտասարդութեան Հետ

Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան երէկ` երեքշաբթի, 15 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է հայաստանեան տասնեակէ մը աւելի լրատուական կայքերու խմբագիրներուն հետ:

Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Հայրենիքի փրկութեան շարժումը:

Քննարկման առանցքը եղած է Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, յատկապէս այն խնդիրները, որոնք կ՛առնչուին պատերազմին, անոր հետեւանքներուն, երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական ճգնաժամին, շարժման հետագայ գործողութիւններուն եւ ծրագիրներուն:
Վազգէն Մանուկեան ներկայացուցած է իրավիճակին վերաբերեալ իր գնահատականներն ու խոր մտահոգութիւնները, հաւանական լուծումներն ու ժամանակաւոր կառավարութեան ձեւաւորման պարագային` յառաջիկայի ընելիքները:

Շեշտուած է մասնաւորապէս բանակի վերազինման հրատապ անհրաժեշտութիւնը, ստորագրուած եռակողմանի փաստաթուղթի իրականացման հոլովոթը յօգուտ հայկական կողմին իրագործելու կարելիութիւնները, արցախեան հարցի բանակցային հոլովոյթը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով վերականգնելու անհրաժեշտութիւնն ու կարելիութիւնները, Հայաստանի բնական դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւններու վերականգնումն ու վերաիմաստաւորումը, ակնկալուող ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը յաղթահարելու ճամբաները եւ այլ հարցեր:

Ընդգծուած է, որ շարժման յաջողութեան պարագային Հայաստանի մէջ պիտի սկսի զարգացման նոր փուլ մը, որ պիտի չկրկնէ անկախութենէն ի վեր Հայաստանի նախորդ փուլերուն արձանագրուած սխալները:

Լրատուական կայքերու խմբագիրները իրենց կարգին լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ, բարձրացուցած են զիրենք յուզող հարցերը` ներքաղաքական, անվտանգութեան, հասարակութեան բարոյահոգեբանական խնդիրներուն վերաբերեալ, ներկայացուցած են առաջարկներ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ ճգնաժամի հանգուցալուծման:

Իսկ երիտասարդութեան հետ հանդիպումին ընթացքին, 15 դեկտեմբերին Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան երիտասարդներուն ուղղած իր խօսքին մէջ դիտել տուած է, որ ներկայ կացութիւնը շատ աւելի սարսափելի է, քան ինչ որ կը թուի, որովհետեւ մենք ո՛չ միայն ունինք տարածքային եւ մարդկային կորուստներ, այլ նաեւ մենք կը կորսնցնենք վստահութիւնը երկրի ապագային նկատմամբ, մեր արժանապատուութեան զգացումը վիրաւորուած է, իսկ այս բոլորին մէջ թէեւ հարցական կը դառնայ, թէ արդեօք պիտի կարենա՞նք ոտքի կանգնիլ եւ ամէն ինչ վերակառուցել, բայց եւ այնպէս Վազգէն Մանուկեան հաստատեց, որ ինք կը հաւատայ, որ կարելի պիտի ըլլայ:

Խօսելով ազատ պետութեան կարեւոր բաղադրիչին մասին` ան նշեց, որ կարեւոր բաղադրիչ է ժողովրդավարութիւնը, որպէսզի արդար ընտրութիւններու միջոցով ձեւաւորուի իշխանութիւն:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.