İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Արցախահայութեան Մարդասիրական Օժանդակութիւնը` Առաջնային Հրամայական

Արցախեան պատերազմի օրերուն արցախահայութեան տեղահանումը ե՛ւ գրաւուած, ե՛ւ հայկական կողմին վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն շատ արագ կազմակերպուեցաւ:

Այս գործողութիւնը եթէ մէկ կողմէ կեանքեր խնայեց, յատկապէսգրաւուած տարածքներուն պարագային, միւս կողմէ ծառայեց թշնամիին նպատակին` սարսափի մթնոլորտ ստեղծելով պարպելու շրջանը իր հայ-բնիկ բնակչութենէն, իր տէրերէն:

Արցախի տարածքներուն նկատառելի համեմատութիւնը բռնագրաւուեցաւ: Այդ տարածքներուն բնակիչները տեղահան եղան, հաստատուեցան Հայաստան եւ իրենց ունեցած մարդկային կորուստին, զոհերուն, վիրաւորներուն կողքին, վերջնականապէս կորսնցուցին իրենց տունն ու տեղը, աշխատանքը, ապրուստի բոլոր միջոցները եւ յայտնուեցան ողբերգական վիճակի մէջ:

Ներկայիս առաջնային հրամայական է քանի մը տասնեակ հազարի հասնող, հայրենազուրկ դարձած մեր ազգի զաւակներուն` արցախահայութեան օժանդակելու հարցը:

Այդ օժանդակութիւնը ոչ թէ ժամանակաւոր, այլ նպատակային դարձնելու համար, նուիրահաւաքներու կողքին, կարելիութիւններ ստեղծուելու են անոնց Արցախի ներկայ տարածքներուն մէջ վերաբնակեցնելու համար:

Բնականաբար սա պիտի պահանջէ բնակարաններու, աշխատանքի ապահովում եւ Արցախ ապրող հայութեան ապահովութեան երաշխիքներու ամրագրում: Այդուամենայնիւ, մարդասիրական օժանդակութիւնները, ժամանակաւոր նուիրատուութիւններու կողքին, նպատակային կը դառնան, եթէ ուղղուած ըլլան արցախահայութեան իր հայրենիքին մէջ գոյատեւման շարունակականութիւնը պահելու եւ այդ նպատակին համար կարելիութիւններ ստեղծելու հեռանկարային ծրագիրներու:

Պատերազմներու աւարտին պետութիւններ, կազմակերպութիւններ, բարեսիրական հաստատութիւններ հսկայ ներդրումներ կրնան ապահովել մարդասիրական նպատակներով եւ այդ ներդրումները կրնան դարձնել երկարաժամկէտ, մինչեւ որ ապահովուին պատերազմէն տուժածներու գոյատեւման մարդկային տարրական կարիքներն ու ամրագրուին անոնց ապահով կեցութեան երաշխիքները:

Այլ հարց, որ արցախահայութեան ապահովութեան միակ երաշխիքը Արցախի միջազգային ճանաչումն է, եւ այս ուղղութեամբ յատկապէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակներուն մէջ դիւանագիտական աշխուժ եւ նպատակային աշխատանքը կրնայ յանգիլ դրական արդիւնքի: Ճանաչման նշոյլները կ՛երեւին, պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանի ոճրային-ցեղասպանական արարքներն ու ահաբեկչական խմբաւորումները տարածքին մէջ հաստատելը եւս փաստեր են, որոնք կը յուշեն, թէ Արցախը Ազրպէյճանին կցուելու պարագային, արցախահայութիւնը չի կրնար ապահով պայմաններուն մէջ գոյատեւել որպէս ազգ, ուստի իր գոյութեան երաշխիքն է նաեւ իր ինքնորոշման իրաւունքին ճանաչումը: Այս կարելիութիւնը կորսնցնելը դիւանագիտական պարտութիւն կը համարուի պարզապէս: Ա՛յս նպատակին ալ պիտի ծառայեն տեղահանուածներուն վերադարձը Արցախ եւ մարդասիրական աշխատանքներու կազմակերպ, շարունակական ջանքերը` համահայկական ճիգերով եւ միջազգային համապատասխան կառոյցներու ներգրաւումով:
«Գ.»


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.