İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Բացատրելով, Թէ Ինչո՛Ւ Արցախի Վերաբերեալ Իրանի Առաջարկին Ուշադրութիւն Չէ Դարձուած. «Ընտրութեան Իրաւունքը Եղած Է Ազրպէյճանինն Ու Հայաստանինը» Կ՛ըսէ Լաւրով

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ձեւաչափը որոշելու իրաւունքը եղած է Հայաստանինն ու Ազրպէյճանինը, ատով պայմանաւորուած է յայտարարութեան մասնակիցներուն ընտրութիւնը եւ այն, որ Իրանի առաջարկած խաղաղ լուծման ծրագիրին ուշադրութիւն չէ դարձուած: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Հիմա պէտք չէ մտածել այն մասին, թէ ո՛վ եւ ե՛րբ հասած է կամ չէ հասած աջակցիլ կարգաւորման: Անգամ մը եւս կ՛ընդգծեմ` ձեւաչափի ընտրութեան իրաւունքը եղած է Ազրպէյճանինը եւ Հայաստանինը: Ճիշդ ատով պայմանաւորուած է յայտարարութեան մասնակիցներու կազմը: Իրանի կամ Թուրքիոյ հաշուոյն որեւէ բան ընելու փորձ չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ», իրանեան լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Լաւրով:

Ան նշած է, որ հիմա կարեւոր է աւարտին հասցնել բոլոր այն համաձայնութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են, եւ շրջանը դարձնել համագործակցութեան եւ բարի դրացիութեան շրջան:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.