İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

19 Տարեկան Էտկար Սեւիկեան Իր Նորամուտը Նշեց Սպանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մէջ

Ռուսահայ միջնապահ Էտկար Սեւիկեան նախորդ շաբաթավերջին իր նորամուտը նշեց Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան«Լա Լիկա»-ի մրցումներուն, երբ անոր կազմը Լեվանթէ, 12-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ հիւրընկալեց Կեթաֆէն:

19 տարեկան ֆութպոլիստը դաշտ ներկայացաւ մրցումին 83-րդ վայրկեանին:

Մրցումը աւարտեցաւ անոր կազմին յաղթանակով` 3-0 արդիւնքով:

«Այս իւրայատուկ օրը անմոռանալի է ինծի համար: Շնորհակալ եմ բոլորին, որոնք աջակցեցան ինծի: Այժմ կը մնայ շարունակել աշխատանքը եւ յաջողութիւններու հասնիլ յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն ընթացքին», ըսաւ Սեւիկեան:

Հայ ֆութպոլիստը, որ ծնած է Մոսկուայի մէջ, Լոքոմոթիւի սան է: Ան 2017-ին փոխան 225 հազար եւրոյի միացաւ Լեվանթէին:

Ան 17 տարեկան եւ 11 օրական էր, երբ մաս կազմեց Ռուսիոյ ֆութպոլի 20 տարեկանէն վար ազգային խումբին:

Ան մաս կազմած է նաեւ` 15, 16, 17, 18, 19 եւ 20 տարեկանէն վար Ռուսիոյ ազգային խումբերուն:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.