İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Տիարպեքիր – Տօներ

Հեղինակ՝ Սոնիա Թաշճեան, 27/11/20 (վերջին փոփոխութիւն՝ 27/11/20)

Հնամենի Տիարպեքիր/Տիգրանակերտ քաղաքի հայ բնակչութիւնը աւանդապաշտ է։ Դարերու խորքէն եկած տօներու արարողակարգերը  հասարակութեան համար հարազատ եւ սիրելի են.հետեւաբար հանդիսաւորապէս կը նշեն, յատկապէս եկեղեցւոյ հետ կապուած ծիսակարգերը։

Կրօնասէր եւ ջերմեռանդ ըլլալով, յաճախ տօնական օրերուն, յատկապէս հինգ տաղաւարներուն կը կազմակերպեն ընտանեկան ուխտագնացութիւններ դէպի  վանքեր ու եկեղեցիներ։ Կը կազմուին մեծ խումբեր, որոնք ուխտատեղի կ՚երթան ձիով, էշով, կառքերով եւ հետիոտն։ Ասոնք յաճախ հարսանեկան թափօրի կը նմանին, շէն, երգ ու նուագով կ՚երթան ու կը վերադառնան։ [1]

Տիարպեքիր, Տաղ Քափու. քաղաքին դռներէն մէկը (Աղբիւր՝ Hugo Grothe, Geographische Charakterbilder, Leipzig, 1909)։

Մկրտիչ Մարկոսեան իր «Մեր այդ կողմերը» ինքնակենսագրական գիրքին մէջ կը նկարագրէ դէպի Սաթի գիւղ ուխտագնացութիւնը, որուն մասնակից կ՚ըլլան մեծ թէ փոքր, կին եւ տղամարդ հաւասարապէս. յատկապէս երիտասարդներուն համար յաւելեալ առիթ է շփուելու իրենց ընտրեալներուն հետ։ Թափօրը վանք կը հասնի Շաբաթ երեկոյեան, անմիջապէս օճախները կը պատրաստեն, մատաղի միսը կը լեցնեն կաթսաներու մէջ, կը վառեն կրակը, որուն շուրջբոլորը կը ծուարին մեծահասակները, աղօթք մրմնջելով, երբեմն ալ յուշեր պատմելով։ Առաւօտեան Պատարագին կը կատարուի մատաղի օրհնութիւնը, ապա աղբիւրին մօտ կը սկսի տօնախմբութիւնը, որ կը տեւէ մինչեւ ուշ գիշեր տուն դարձի ճանապարհը։ [2]

Տիարպեքիր. քաղաքէն ընդհանուր տեսարան մը։ Վերաշխատցուած Յուշամատեանի կողմէ (Աղբիւր՝ Hugo Grothe, Geographische Charakterbilder, Leipzig, 1909)։

Լօլէի գիշեր (Նոր Տարի)

Լօլէ անուանումը տիարպեքիրցիներուն յատուկ է։ Հաւանաբար յառաջացած է  ժողովրդական լօլօարտայայտութենէն, որ կը նշանակէ ուրախութիւն։ Երբ ժողովուրդը կ՚ըսէ «այսօր լօլօ է», ի նկատի ունի երգի, պարի, տօնախմբութեան օր է։

Ինչպէս բոլոր շրջաններուն մէջ, այստեղ եւս տօնին կը սկսին նախապատրաստուիլ տակաւին շաբաթ մը առաջ, սկսելով տան մաքրութենէն ու գնումներէն։ Ամէն ընտանիք, պարտադիր նախօրոք կը պատուիրէ Այնթապի հալվա եւ փաշա լէպլէպի։

Տօնական «Լօլէի պըրկիշ» սեղանը՝ թոնիրին վրայ կը տեղադրուի, կեդրոնին՝ չաթալ մում(ճիւղաւորուած մոմեր), նուազագոյնը երեք, մինչեւ 10-12 հատ մոմ, շրջանակաձեւ շարուած, կողքերը տարատեսակ համեղ ուտեստներ. չամիչ, ընկոյզ, պաստեղ, սուճուք, քեսմէ, թուզ, արմաւ, լեպլեպի, հալվա, գաթա, թարմ եւ չոր պտուղներ, քաղցրեղէն, եւայլն։

Տիարպեքիր. Յովսէփ Նագաշ (նստած, գլխուն ֆէս) եւ իր ընտանիքը (Աղբիւր՝ Տիգրան Մկունդ, Ամիտայի արձագանգներ, [Ա. հատոր], Նիւ-Եորք, 1950)։ Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է DeOldifyի միջոցաւ եւ վերաշխատցուած է Յուշամատեանի կողմէ։ Բնատիպ պատկերը կրնաք տեսնել յօդուածին վերջաւորութեան։
ալիւրով հալվա
քընաֆա
փաշա լաւաշի

Լօլէի ընթրիքի սեղանը թէեւ պահքային է, բայց այլազան։ Ընտանիքի անդամները ընթրելէ ետք, կը հաւաքուին թոնիրի շուրջ, քուրսի կը նստին. այս հնաւանդ սովորութիւնը ընդհանրացած է նաեւ տիարպեքիրցիներուն քով։ Քուրսին փայտեայ, ցածլիկ սեղան մըն է, զոր կը դնեն թոնիրին վրայ, ծածկելով հաստ ու մեծ ծածկոցով մը. կը նստին գետնի բազմոցներուն վրայ, ոտքերը սեղանին տակ, ծածկոցը մինչեւ ուսերը քաշած։ Տան հայրը կը վառէ մոմը, տանտիկինը մեծերուն խմիչք, իսկ փոքրերուն խօշաֆ կը լեցնէ,սեղանի շուրջ կը շնորհաւորեն իրար՝ բարեմաղթանքներ հնչեցնելով. կատակներ, զրոյցներ, հեքիաթներ կըպատմեն։ Յաճախ նաեւ տան հայրը նուէրներ կը բաժնէ տնեցիներուն։ Կէս գիշերէ ետք, կը սկսին շնորհաւորական այցելութիւնները. խնամի ունեցող ընտանիքները նախ կ՚երթան իրենց հարսնացուի տուն՝ քաղցրեղէններու սինիներով ու նուէրներով։ [3]

Տիարպեքիր. գերմանական որբանոցը (Աղբիւր՝ Ferdinand Brockes, Quer durch Klein-Asien, Gütersloh, 1900)։

Տեառնընդառաջ (Մելետ)

Տիարպեքիրցիները կը հաւատան, որ որքան ալ ցուրտ ըլլայ ձմեռը, իրենց քաղաքի արագիլները Տեառնընդառաջի օրը (Փետրուար 14) կը վերադառնան իրենց բոյները։ Ժողովուրդը կը շտապէ եկեղեցի, ժամերգութենէն ըտք «Մելետի կրակ»ը տուն բերելու համար։ Այս առիթով պատանիները պատրաստածկ՚ըլլան յատուկ լապտեր, կրակը բարեյաջող տուն հասցնելու համար։ Հաւատալով անոր զօրութեանը, տան ճրագը կը մարեն, որպէսզի նորէն վառեն այս կրակով ու մինչեւ առտու ճրագը վառ կը պահեն։ [4]

Բարեկենդան (Խամիզաքարիա)

Կենսասէր տիարպեքիրցիները Բուն Բարեկենդանը շքեղ կը տօնեն։ Տեղացի երաժիշտներէն զատ, քիւրտտաւուլ-զուռնաճիներ կու գան, երբ կարիք կ՚ունենան մեծ թմբկահարներ ալ կը հրաւիրեն Խարբերդէն եւ Բալուէն։ [5]

Բարեկենդանի խնճոյքները կը սկսին նախորդող Հինգշաբթի օրը՝ Վարդանանց յիշատակութեան օրը, ինչի առիթով դպրոցականները արձակուրդի մէջ կ՚ըլլան։ Մինչ անոնք կը խաղան ու կը զուարճանան, կանայք կը պատրաստուին տօնին։ Նախ կը հաւաքեն ու կը մաքրեն սենեակը, որպէսզի հնարաւոր ընդարձակ տեղ ունենան հիւրերուն համար, ապա կը սկսին տօնական ուտեստներու նախապատրաստմանը։ Նախ կը շաղեն չօրէկի խմորը, որպէսզի յետոյ փուռ ղրկեն. կը մաքրեն ու ջուրին մէջ կը դնեն փաչան, քուֆթայի միսը կը ծեծեն, յաջորդող օրերուն ալ կը սկսին պատրաստել տօնին յատուկ միւս ճաշատեսակները. մըֆթուլ, գապուրղայ, պանիրով քընաֆայ, եւայլն։

Բրուտեան ընտանիքը, Տիարպեքիր, 1912-ի շուրջ (Աղբիւր՝ PROJECT SAVE, Armenian Photograph Archives, Watertown, MA, շնորհակալութիւններ Անդրանիկ Թարզեանի)։ Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է DeOldifyի միջոցաւ եւ վերաշխատցուած է Յուշամատեանի կողմէ։ Բնատիպ պատկերը կրնաք տեսնել յօդուածին վերջաւորութեան։

Պատահական չէ, որ տիարպեքիրցիները Բուն Բարեկենդանի Կիրակի օրը կը կոչեն Պատռըման Կիրակի՝ պատռելու, ճաթելու աստիճան շատ ուտել-խմելուն ակնարկելով։ Կատակով իրարու կ՚ըսեն, որ այդ ձեւով պիտի դիմանան Մեծ Պահքին։

Շատ յաճախ հարեւաններով կամ խնամիներով կը հաւաքուին նշելու տօնը։ Իւրայատուկ է, որ այդ օրը, ի տարբերութիւն ընդունուած սովորութեան, բոլորը միասին կը նստին սեղան՝ մեծահասակները, տարեցները, ջահելները,  պատանիները, երեխաները։ Սեղանի շուրջ միասին կը նստին տղամարդիկ եւ կանայք։ Գինին դոյլերով կը մատակարարեն։ Կատակներ, կենացներ, բարձր քրքիջ եւ ուրախ տրամադրութիւն կը տիրէ բոլոր ընտանիքներուն մէջ։

Ճաշէն յետոյ ընտանեկան խաղեր կը կազմակերպեն, պատմութիւններ կը պատմեն, մինչեւ որ երաժիշտները հասնին. մինչեւ գիշեր կը պարեն, կ՚ուրախանան սրտանց եւ անմնացորդ։ Չէ՞ որ յաջորդ օրն արդէն Պահքն է։ [6]

Հետաքրքրական սովորութիւն մը կայ, որ կը կոչեն «մանաֆշալըղ». այդ օրը  հիւր կը հրաւիրեն այդ տարուայ նորապսակ փեսաները՝ մանաֆշայով (վարդի տեսակ) թէյ խմելու։ [7]

Պահք

Տիարպեքիրցի ժողովրդական բանաստեղծ Օհան Շիրին իր «Թաքարլամայ Շիրաթի» (Մեծ Պահքի մաին) երգիծական բանաստեղծութեան մէջ կը նկարագրէ Պահքի օրերու իրավիճակը։ Գանգատելով՝ ան «սատանի կրակ» կը կոչէ պահքի շրջանը. կը յիշատակէ պահքին պատրաստուող ուտեստները, նաեւ որոշ իւրայատուկ սովորութիւններ, օրինակ այն որ կանայք ջրհորի պաղ ջուրով կը լուան ամանները, կամ «մըգպէ» կոչուող ձղօտէ կողովին տակ կը պահեստաւորեն կերակուրը։

Օհան Շիրին կամ Սիրունի աշուղ, փիլիսոփայ եւ բանաստեղծ է, որ ծնած է Տիարպեքիրի մէջ, ենթադրաբար 18-19 րդ դարերուն։ Արտաքնապէս ոչ այնքան գրաւիչ, նոյնիսկ անփոյթ հագուստներով Շիրինը ապրած, ստեղծագործած ու մահացած է Տիարպեքիրի մէջ։ Ըստ վարկածի, մասնագիտութեամբ եղած է կօշկակար, բայց երբեք չէ աշխատած իր արհեստով, նախընտրած է ապրիլ տէրվիշի կեանքով։Սիրած է օղի խմել եւ ստեղծագործել աւելի շատ թրքերէն լեզուով։ Երբեք նուագարանով չէ ձայնակցած իր երգերը, փոխարէնը ունեցած է շատ հնչեղ ձայն։ Բնակած է Չարտախլի բաղնիքին մօտ գտնուող հողաշէն փոքրիկ ու անպաճոյճ տան մը մէջ։ Գրած է տեսթաններ, սապահիներ, կազէլներ եւ տաղեր, որոնց թեման եղած է իրական կեանքի դրուագներ՝ Աստուածաշնչեան ներշնչումով։ Քաջատեղեակ էր նաեւ իսլամական կրօնի դրուագներուն։ Շիրինի եղած է անկաշառ, արդար, նոյնիսկ անողոք իր քննադատութիւններուն մէջ։Ունեցած է հեղինակութիւն բոլոր խաւերուն ու ազգերուն մէջ։ [8]

Պահքի օրերու կերակուրներէն են շահրայով բրինձը, աշպապեայով հելվան, սիսեռով քէօֆթէն, թթապուրը, պոչով ապուրը, շլապուրը, թարխանա շորպան, մախլութան, փերփերի ճաշը, ձիթապտուղը, զահթարը, թուրշիները, եւայլն։ Սովորական ձէթի փոխարէն կը գործածեն շիրիկը (շուշմայի իւղ)։ [9]

Տրապիզոնի Աւետարան, 11-րդ դար։ Այլակերպութիւն։ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ (Աղբիւր՝ Sirarpie Der Nersessian, Armenian Art, Thames and Hudson, London, 1978)։

Զատիկ

Դարձեալ յիշատակելով Օհան Շիրինի բանաստեղծութիւնը, Տիարպեքիրի մէջ սովորութիւն է Զատիկի նախօրէին խոստովանութեան կարգն անցնելէ ետք՝ Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալ։ Իսկ Զատիկի Կիրակի օրը սովորութիւն է եկեղեցիի շեմին «Քրիստոս յարեաւ» ըսելով համբուրել եկեղեցիի պատերը։ Պատարագէն ետք մանուկները գունաւոր հաւկիթներով կը մրցին իրարու հետ։

Տօնական սեղանին յատուկ է բրինձով իւղալի փիլաւը, ձուկը, խորոված միսը, ամբողջական ոչխարի փուռին մէջ խորովածը, կոլոլակով մածնապուրը, բանջարով ձուածեղը, եւայլն։ Ւսկ քաղցրեղէններէն՝քընեֆէն (թելանուշ), պանիրով քաղցր պէօրէկը, հալվան, փախլաւան։

Ինչպէս բոլոր շրջաններուն մէջ, այստեղ եւս սովորութիւն է յաջորդ օրը՝ Մեռելոցին գերեզման երթալ եւ գերեզմանները խունկով եւ մոմերով օրհնել։ Այս առիթով գերեզմանաքարերու վրայ կը ձգեն ուտելիքներ, որոնք աղքատներուն բաժինն են։

Վիճակի տօն (Համբարձում)

Կը տօնուի Զատիկէն 40 օր ետք, հինգշաբթի օր մը։ Տօնի նախօրէին, երիտասարդ աղջիկներ «Վիճակ, վիճակ, օսկի կոճակ…» երգելով, եօթ աղբիւրներէ կամ ջրհորներէ ջուր բերելով կը լեցնեն կոնքի մը մէջ. մէջըտերեւածածկ դալար ճիւղեր ու եօթը տարբեր տեսակի ծաղիկներ կը տեղադրեն։ Իւրաքանչիւր մասնակից իր իրերէն մէկը կը դնէ կոնքին մէջ, ապա կոնքը կը տեղափոխեն տանիք, բաց երկնքի տակ, ուր պիտի մնայ ամբողջ գիշերը, հաւատալով որ աստղերու կախարդանքը կ՚իջնէ կոնքի վրայ։ Կը հաւատան նաեւ որ, ծաղիկները իրարու կը փսփսան իրենց բուժիչ յատկութիւններու մասին եւ այդ շշուկները միայն արդարները կը լսեն։ [10]

Յաջորդ օրը, առաւօտեան արեւածագէն կէս ժամ առաջ, մասնակիցները համախմբուելով կոնքի շուրջ, կարպետ մը կը փռեն գետնին ու կը սկսին վիճակի արարողակարգը։ Դեռատի աղջնակ մը կ՚ընտրեն, կը հարցնեն անոր արեւածագի կողմը. եթէ չգիտնայ, ուրեմն դեռ «անմեղ երեխայ» է, կրնայ դառնալ այդ օրուայ «վիճըկի առուսը» (վիճակի հարսը)։ Աղջնակին գլուխն ու դէմքը կը ծածկեն մետաքսեայ շղարշով մը, կը յանձնարարեն, որ ձեռքը մտցնէ կոնքին մէջ, փնտռէ ու գտնէ իր մը, պահէ ափին մէջ, սպասելով որ ներկաներէն մէկը արտասանէ վիճակի քառատող մը։ Ապա իրը դուրս կը հանէ ու կը յանձնէ անոր տիրոջ։ Բացագանչութիւններ, ծափահարութիւններ, ուրախ կանչեր ու շնորհաւորանքներ իրարու կը յաջորդեն։ Կը շտապեն արեւածագէն առաջ աւարտել վիճակը։

Այնուհետեւ, մասնակիցները իրենց գրպաններէն կը հանեն օղիի փոքրիկ սրուակներ, իրարու աչքալուսանք տալով կը խմեն։ Տանտիրուհին հաց ու կարագով կը հիւրասիրէ ներկաները, մինչ կանայք կը շարունակեն երգել, զուարճանալ, քննարկել վիճակը։ [11]

Աւետարան, 13-րդ դար։ Քրիստոսի երեւումը Առաքեալներուն։ Ուաշինկթըն, Freer Gallery of Art (Աղբիւր՝ Sirarpie Der Nersessian, Armenian Art, Thames and Hudson, London, 1978).

Վարդավառ (Պայծառատեսութեան տօն)

Դաշտային տօթակէզ ամառը կը ստիպէ տիարպեքիրցիներուն նշանակալից տօնել նաեւ ջրապաշտական այս տօնը։ Շրջակայ գետերու եւ աղբիւրներուն եզրին բացօդեայ ճաշկերոյթ կը կազմակերպեն՝ ճոխ սեղաներով, նուագարկուներով ու երգիչներով։

Սակայն հին աւանդութեան համաձայն ոմանք ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպեն Գըթըրպըլայ Սուրբ Թումանի վանքը, իսկ ուրիշներ մինչեւ հեռաւոր Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը։ [12]

Տիարպեքիր քաղաքին պարիսպները (Աղբիւր՝ Lord Warkworth, Notes from a diary in Asiatic Turkey, London, 1898)։

Աստուածածնի տօն (Խաղողօրհնէք)

Բարեպաշտ տիարպեքիրցին յատուկ վերաբերմունք ունի այս տօնին (կը տօնուի Օգոստոսի կիսուն)։ Համատարած սովորութիւն է մեծ ուխտի երթալ Ալիփունարի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։ Ոմանք կընախընտրեն Արզընիի Բարձրահայեաց Սուրբ Աստուածածնայ վանքը։ Օրուայ ճաշը հարիսան է, որ իւրաքանչիւր ընտանիք կը պատրաստէ մատաղի միսով։ Սայլերու վրայ կը բարձեն նաեւ իրենց այգիներու ամենէն լաւ ողկոյզները՝ նուիրաբերելու համար եկեղեցիին։

Տօնախմբութիւնները բազմաշատ կ՚ըլլան։ Տարբեր գիւղերէ հազարաւոր ուխտաւորներ կը միահիւսուին նոյն աղօթասացութեան ու խնճոյքի սեղաններուն շուրջ։ Կը կազմակերպեն խմբապարեր ու մրցոյթներ։ [13]

Խաչվերաց

Խաչվերացի տօնին (կը տօնուի Սեպտեմբերին), նորէն նոյն ջերմեռանդութեամբ, նոյն բազմութեամբ ուխտի կ՚երթան Ակլայ Սուրբ Նշան վանքը, ուր կը մնան քանի մը օր, նոյնիսկ քանի մը շաբաթ։ Կը պատմեն ու կը հաւատան, որ այս վանքի զօրութեամբ խենթերն անգամ կը բժշկուին։ Այլ ուխտատեղի մըն է նաեւ Սաթ գիւղի Թուխ Մանուկ վանքը. հոս կ՚երթան յատկապէս աչքի առողջական խնդիրներ ունեցողները՝ բժկութիւն խնդրելու։

Տօնի առիթով իւրաքանչիւր ուխտաւոր ընտանիք իր հետ զոյգ մը աղաւնի կը տանի, ինչպէս նաեւ հնարաւորութեան համաձայն կենդանի մը կը զոհէ, հարիսայ կը պատրաստէ ու կը բաժնէ։ [14]

Տիարպեքիր. կաթսաներու մէջ բրինձի պատրաստութիւն Ս. Կիրակոս թաղին մէջ (Տիգրան Մկունդ, Ամիտայի արձագանգներու վերակոչումն, Բ. հտր, Նիւ Ճէրզի, 1953)։ Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է DeOldifyի միջոցաւ եւ վերաշխատցուած է Յուշամատեանի կողմէ։ Բնատիպ պատկերը կրնաք տեսնել յօդուածին վերջաւորութեան։
  • [1] Տիգրիս տարեգիրք, Տիգրանակերտի հայրենակցական ընկերութիւն, 1946, Հալէպ, էջ 36։
  • [2] Մկրտիչ Մարկոսեան, Մեր Այդ Կողմերը, Իսթանպուլ, 1994, էջ 13-16։
  • [3] Տիգրան Մկունդ, Ամիտայի Արձագանգներ, Ա. հատոր, Նիու Եորք, 1950, էջ 436։
  • [4] Նոյն, էջ 49։
  • [5] Տիգրիս, էջ  11։
  • [6] Տիգրան Մկունդ, Ամիտայի Արձագանգներ, էջ 425։
  • [7] Տիգրիս, էջ  32։
  • [8] Նոյն, էջ 37;  Տիգրան Մկունդ, Ամիտայի Արձագանգներ, էջ 331։
  • [9] Տիգրան Մկունդ, Ամիտայի Արձագանգներ, էջ 427-429։
  • [10] Նոր Տիգրանակերտ պարբերական, Նոյեմբեր 1939,թիւ 2, խմբ․Եղիշէ Կ․ Տէպաղեան, էջ 10։
  • [11] Տիգրան Մկունդ, Ամիտայի Արձագանգներ, էջ 421։
  • [12] Տիգրիս, էջ  35։
  • [13] Նոյն։
  • [14] Նոյն։

Լուսանկարներուն սեւ-ճերմակ բնատիպը 

https://www.houshamadyan.org/arm/mapottomanempire/vilayetdiyarbekir/cityofdiyarbekir/religion/festivals.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın